Երիտասարդութեան անկիւն

Ի՞նչպէս կրնան Երիտասարդները նպաստել Եկեղեցիին

Երիտասարդներ, որոնք կ’ուզեն եկեղեցիին մօտենալ, կրնան շատ տարբեր ձեւերով մասնակից դառնալ։ Երիտասարդներ կրնան օգտակար դառնալ կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելով, ուր փոքրիկներուն կը դասաւանդուի Քրիստոնէութեան արժէքներուն եւ ուսուցումներուն մասին, եւ ցոյց տալ ինչպէ՞ս աղօթել եւ Աստուածաշունչ կարդալ, արարողութիւնները հասկնալ, շարականները սորվիլ, եւյլն. նաեւ կը սորվին ինչպէ՞ս վարուիլ եկեղիցիին մէջ։ Ամէն տարի, եկեղեցին կ’ունենայ փոքրիկներու կիրակնօրեայ ճամբար, որպէզի կամաւորներ առիթ ունենան նոր բարեկամութիւններ մշակել, ընկերական հաճելի պահեր ապրիլ եւ աւելի ինքնավստահ դառնալ։ Երիտասարդ կամաւորներ շատ կարեւոր են եկեղեցիի մը գործունէութեան մէջ. առանց կամաւոր ծառայողներու, եկեղեցին չի կրնայ իր գործունէութիւնը յառաջ տանիլ։ Օրինակի համար, երբ եկեղեցի մը քերմէս կազմակերպէ, կամաւոր տղաք եւ աղջիկներ կը մասնակցին այդ աշխատանքին։ Երիտասարդները կրնան օգտակար ըլլալ՝ մասնակցելով եկեղեցւոյ maintenance-ի, ինչպէս նաեւ անոր մշակութային թէ բարեգործական ծրագրերուն։ Օրինակ, անոնք կրնան մասնակցիլ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն, կազմակերպել մշակութային ձեռնարկներ ինչպէս համերգներ, ցուցահանդէսներ, կամ օգնել աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն բարեգործական նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, երիտասարդները ոչ միայն նպաստ կը բերեն համայնքին, այլ նաեւ կը զարգացնեն պատասխանատուութեան իրենց գիտակցութիւնը, կազմակերպչական եւ թիմային հմտութիւնները, ինքնութիւնը, պատմութիւնը եւ կ’ամրապնդեն իրենց հոգեւոր կապը եկեղեցւոյ հետ։ Առաւել, կրնան այցելել հայ երէցներու, որոնք չեն կրնալ կեդրոն կամ եկեղեցի գալ։ Այսպէս երբ կամաւորական ծառայութիւն կը կատարէք, ձեր մէջ կը հաստատուի համայնքի ծանօթութիւն եւ կապ, ինքնավստահութիւն, հաղորդակցութիւն, յարաբերութիւն եւ համբերութեան ճարտարութիւններ. նաեւ կ’ամրանայ հաւատքը ու կապը Աստուծոյ հետ։

Երիտասարդը սիւնն է հայ եկեղեցիին:

Նիքըլըս Ֆրէնտեան