ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

Ինչո՞ւ կարեւոր է Հայերէն լեզուն գիտնալ Գանատայի մէջ

Բազմաթիւ պատճառներ կան, որ Հայերէն գիտնալը կրնայ հայ մարդու կեանքին նպաստել ու առիթներ ստեղծել։

Սփիւռքի մէջ տարբեր ազգերու փոքրամասնութիւններ եւ համայնքներ իրենց համայնքային կեդրոնները կը ստեղծեն, որպէզի կարենան իրարու հետ կապ պահեն, իրարմով զօրանան եւ իրենց մշակութային ու ազգային արժէքները պահեն ու տարածեն։

Կարեւոր է գիտնալ Հայ լեզուն, որպէսզի հայկական կեդրոններուն մէջ եւ եկեղեցիներէն ներս կազմակերպուած հաւաքներուն ու եկեղեցական արարողութիւններուն հաճոյքով ու սիրով անցընել։ Նաեւ կարեւոր է ուրիշ հայերու հետ ընկերական կապեր հաստատել եւ որպէս կապ հաստատ մնալ ու մասնակից դառնալ հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւններուն։ Հայերէն գիտնալը կ’օգնէ որ մեր աւանդութիւնները ոչ միայն պահենք, այլեւ զօրացնենք եւ ամրապնդենք։ Մեզի համար մեր մայր լեզուն գիտնալը կարեւոր է, որ մեր ընտանիքներուն հետ մեր յարաբերութիւնը չկորսուի եւ անոնց պատմութիւնները իմանանք, մեր արմատներուն կառչինք, հասկնանք մեր ընտանեկան եւ ազգային աւանդութիւնները եւ պահենք զանոնք, եւ այս ձեւով փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն, պահելով մեր մշակոյթն ու ինքնութիւնը։ Հայերէն գիտնալը կրնայ առիթներ ստեղծել որ մասնակցինք եկեղեցւոյ ու հայ կեդրոններու հաւաքներուն, ձեռնարկներուն եւ արարողութիւններուն, մեզի նոր տեսիլքներ բանայ մեր կեանքին մէջ, ինչու չէ, նաեւ գործի կարելիութիւններ ստեղծէ մեզի համար: Երբ մենք կը խօսինք մեր մայր լեզուով, կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը եւ չենք կորսուիր օտար մշակոյթներու մէջ։ Հայերէնը նաեւ բանալին է մեր պատմութեան, գրականութեան եւ երգերուն ու նաեւ մեր եկեղեւոյ շարականերուն, որ մեզի կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ քրիստոնէական արժէքներուն։ Լեզուն պահելով՝ մենք կը պահենք մեր ժողովուրդին ոգին ու արժէքները, մեր արժանապատութիւնը։ Հայերէնը կը միացնէ սփիւռքի մէջ ապրող հայերը, դարձնելով զանոնք մէկ մեծ ընտանիք։ Լեզուն կը դառնայ կամուրջ մը՝ տարբեր սերունդներու միջեւ՝ պապիկներէն մինչեւ թոռնիկներ։ Հայերէնը գիտնալը կը հեշտացնէ սորվիլ մեր նախնիներու գրականութիւնը, հասկնալ մեր պատմութիւնը։

Երբ հայերէն գրենք ու կարդանք, մեր մտածողութիւնը կը զարգանայ եւ մեր մտաւոր գիտութիւնները կը հզօրանան։ Հայ լեզուն պաշտպանելով՝ մենք կը պաշտպանենք մեր ազգային գոյութիւնը։ Հայերէնը ոչ միայն բառերու հաւաքածոյ մըն է, այլ մեր մտածելու եւ ապրելու ձեւն է։ Հայերէնը պահելով՝ կը պահենք մեր պատիւը, մեր մշակոյթը եւ մեր ժողովուրդին ու նահատակներուն յիշատակը կենդանի ու վառ։

Նիքըլըս Ֆրէնտեան