As summer comes to an end, our young people are returning to school, college, and university. The beginning of a new academic year is more than a return to classrooms, books, and examinations. It is also a time of new expectations, decisions, friendships, pressures, and uncertainties.
Young people today are growing up in a world that changes rapidly and constantly demands their attention. Academic pressure, competition, concerns about the future, and the desire to succeed can become sources of stress and anxiety. Social media can make young people compare themselves with others and sometimes leave them feeling that they are not good enough. Many quietly struggle with questions about identity, purpose, belonging, and the future. Behind a smile, a good grade, or an active social life, there may sometimes be an unseen struggle.

In facing these challenges, no young person should feel alone. Family remains one of the greatest sources of love, stability, and encouragement. Parents and grandparents can offer something that no technology can replace: a listening ear, understanding, wisdom, and unconditional love. Good friends, too, can make a great difference by offering companionship, encouragement, and support.
Our Armenian community also has an important role to play. Our churches, schools, cultural organizations, youth groups, sports and community activities give our young people opportunities to build friendships, serve others, discover their Armenian heritage, and develop a deeper sense of belonging. Taking part in community life helps remind them that they are part of something greater than themselves.
Faith, too, can give direction when life becomes confusing. The Church does not have all the easy answers, but it offers a place to pray, to reflect, to serve, to find encouragement, and to remember that God walks with us through every difficulty. Let us begin each day with prayer, seeking God’s guidance and strength.
As a new school year begins, let us encourage our youth not to fear the challenges ahead. Let them know that asking for help is not a weakness, and that failure is not the end of the road. With the support of family, friends, community, and faith, difficulties can become opportunities to grow. May this new academic year bring our youth knowledge, confidence, meaningful friendships, and above all, faith, hope, and the courage to face the future with purpose.
Կրթական նոր տարեշրջանին հետ՝
երիտասարդութեան մարտահրաւէրները
Ամառը իր վերջին օրերը կը հաշուէ, եւ մեր երիտասարդները շուտով կը վերադառնան իրենց կրթական օճախը։ Նոր ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը միայն դասարաններու, գիրքերու եւ քննութիւններու վերադարձ մը չէ։ Ան նաեւ նոր ակնկալութիւններու, որոշումներու, բարեկամութիւններու, ճնշումներու եւ անորոշութիւններու շրջան մըն է։
Այսօրուան երիտասարդները կը մեծնան արագօրէն փոփոխուող աշխարհի մը մէջ, որ շարունակ կը պահանջէ իրենց ուշադրութիւնը։ Ուսման ճնշումը, մրցակցութիւնը, ապագայի նկատմամբ մտահոգութիւնները եւ յաջողելու փափաքը կրնան վերածուիլ լարուածութեան եւ անհանգստութեան աղբիւրներու։ Ընկերային ցանցերը կրնան երիտասարդները մղել իրենք զիրենք ուրիշներու հետ բաղդատելու, եւ երբեմն անոնց մէջ ստեղծել այն զգացումը, թէ իրենք բաւարար չափով լաւ չեն։ Շատեր լուռ կերպով կը պայքարին ինքնութեան, նպատակի, պատկանելիութեան եւ ապագայի վերաբերեալ հարցումներու դէմ։ Ժպիտի մը, լաւ գնահատականի մը կամ աշխոյժ ընկերային կեանքի մը ետին երբեմն կրնայ թաքնուած պայքար մը ըլլալ։

Այս մարտահրաւէրներուն դիմաց ոչ մէկ երիտասարդ պէտք է զգայ, թէ ինք առանձին է։ Ընտանիքը կը մնայ սիրոյ, ապահովութեան եւ քաջալերանքի մեծագոյն աղբիւրներէն մէկը։ Ծնողներն ու մեծ մայրերն ու հայրերը կրնան տալ բան մը, որ ոչ մէկ արհեստագիտութիւն կրնայ փոխարինել՝ լսող ականջ, հասկացողութիւն, իմաստութիւն եւ անվերապահ սէր։ Լաւ բարեկամներն ալ կրնան մեծ տարբերութիւն ստեղծել՝ ընկերութիւն, քաջալերանք եւ աջակցութիւն տալով։
Մեր համայնքն ալ կարեւոր դեր ունի կատարելիք։ Մեր եկեղեցիները, վարժարանները, մշակութային կազմակերպութիւնները, երիտասարդական խումբերը եւ մարզական եւ համայնքային ձեռնարկները մեր երիտասարդներուն առիթ կու տան բարեկամութիւններ հաստատելու, ուրիշներուն ծառայելու, իրենց հայկական ժառանգութիւնը ճանչնալու եւ պատկանելիութեան աւելի խոր զգացում մը զարգացնելու։ Եկեղեցական-Համայնքային կեանքին մասնակցութիւնը կը յիշեցնէ անոնց, թէ իրենք իրենցմէ աւելի մեծ ամբողջութեան մը մասն են։
Եկեղեցին ալ կրնայ ուղղութիւն տալ, երբ կեանքը կը դառնայ խառնաշփոթ։ Եկեղեցին դիւրին պատասխանները չունի բոլոր հարցերուն, սակայն ան կը ներկայացնէ աղօթելու եւ խորհրդածելու վայր մը, ուր կարելի է քաջալերութիւն գտնել եւ յիշել, թէ Աստուած մեր կողքին է մեր բոլոր դժուարութիւններուն մէջ։ Թող ամէն օր աղօթքով սկսինք՝ Աստուծմէ առաջնորդութիւն եւ զօրութիւն խնդրելով։
Նոր ուսումնական տարեշրջանի մը սկիզբը, քաջալերենք մեր երիտասարդները, որպէսզի չվախնան իրենց առջեւ գտնուող մարտահրաւէրներէն։ Թող անոնք հասկնան, թէ օգնութիւն խնդրելը տկարութիւն չէ, եւ ձախողութիւնը ճամբուն վերջը չէ։ Ընտանիքի, բարեկամներու, համայնքի եւ հաւատքի աջակցութեամբ՝ դժուարութիւնները կրնան վերածուիլ աճելու եւ հասուննալու առիթներու։ Թող այս նոր ուսումնական տարեշրջանը մեր հայ երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն բերէ գիտելիք, ինքնավստահութիւն եւ իմաստալից բարեկամութիւններ, եւ ամէնէն աւելի՝ հաւատք, յոյս եւ ապագան նպատակասլաց կերպով դիմագրաւելու քաջութիւն։
Թ.