Հ.Օ.Մ.-ի Ամառնային Ճամբարի 2025 տարեշրջանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 9 Յուլիսին, ներկայութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հայրերուն: Խօսքերու բաժնի աւարտին, հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հոգեւոր տեսուչ՝ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով։