3. ՀԱՒԱՏԱՑԵԼՈՑ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հաւատացելոց Պատարագը Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի կատարումն է ու բաշխումը:

         Երախայից Պատարագի լրումին դպիրները կը սկսին երգել «Մարմին Տէրունական» երգը: Այն ատեն կը սկսի Հաւատացելոց Պատարագը՝ Ընծայի (Հացին ու Գինիին) վերաբերումով:

         Մինչ քահանան Ս. Սեղանին առջեւ բազկատարած ցած ձայնով կը սկսի աղօթել սրբուելու եւ մաքրուելու համար իր մեղքերէն՝ արժանի ըլլալու համար Ս. Ընծան մատուցանելու, սարկաւագը խորանին աջակողմեան խորհրդանոցէն կ’առնէ Ընծան եւ Սկիհը վեր բարձրացնելով՝ Ս. Սեղանին ետեւէն կը դառնայ ու հանդիսաւորապէս կը բերէ Սեղանին առջեւ, ուր սաղմոս կ’արտասանեն ինք եւ քահանան, ապա կը յանձնէ սկիհը քահանային, որ իր կարգին Սկիհով կ’օրհնէ ժողովուրդը եւ կը դառնայ դէպի Խորան:

         Ս. Եկեղեցին կը հաւատայ, թէ Ընծայի վերաբերումէն ետք Քրիստոս աներեւութաբար կը բազմի Ս. Սեղանին վրայ՝ հրեշտակներով շրջապատուած: Ուստի սարկաւագը կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որ հաւատքով, սրբութեամբ եւ ուղիղ վարքով կանգնին Աստուծոյ Ս. Սեղանին առջեւ, որպէսզի արժանի ըլլան Տիրոջ ողորմութեան: Այս միջոցին քահանան դարձեալ կ’աղօթէ ծածկաբար եւ Հօր Աստուծմէ կը խնդրէ, որ ընդունի նուիրուող Ընծան, ու ճաշակողներուն համար ալ զայն պարգեւէ իբրեւ դեղ՝ մեղքերու թողութեան:

         Կը հասնի Ողջոյնի պահը, որ Քրիստոսի աներեւութաբար Սեղան իջնելուն եւ յայտնուելուն աւետիսն է: Սարկաւագը համբուրելով քահանային ձեռքն ու խորանը կը ստանայ ողջոյնը, կ’իջնէ Խորանէն եւ կը յանձնէ դասին մէջ կանգնած աւագ եկեղեցականին, որ իր կարգին կը փոխանցէ ժողովուրդին եւ անոնք ալ՝ իրարու մէջ: Ողջոյն փոխանցողը կ’ըսէ, «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», իսկ ընդունողը կը պատասխանէ «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»:

         Ողջոյնին կը յաջորդէ Ընծաներու մատուցման պահը, երբ դպիրներ կ’երգեն «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ» շարականը: Այդ միջոցին քահանան ծածուկ կ’աղօթէ, ապա Ընծային ծածկոցը վերցնելով, կ’առնէ հացը, վեր կը բարձրացնէ զայն ժողովուրդին աչքին առջեւ ու բարձր ձայնով կը կրկնէ Վերջին Ընթրիքի ժամանակ Յիսուսի արտասանած խօսքը. «Առէք, կերէք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի եւ շատերուն համար կը բաշխուի որպէս քաւութիւն եւ մեղքերու թողութիւն»:

         Այս միջոցին ժողովուրդը ոտքի կանգնած կ’ըլլայ եւ երկիւղածութեամբ կը խոնարհի ու կը խաչակնքէ, իսկ դպիրները կ’երգեն «Ամէն», որ կը նշանակէ եղիցի, թող ըլլայ:

         Քահանան վեր կը բարձրացնէ նաեւ գինիին բաժակը՝ Սկիհը եւ կը շարունակէ կրկնել. «Ամենքդ խմեցէք ասկէ, այս է նոր ուխտի իմ արիւնս, որ ձեզի եւ շատերուն համար կը թափուի՝ որպէս քաւութիւն եւ մեղքերու թողութիւն»: Ասոր կը յաջորդէ «Հայր երկնաւոր», «Որդի Աստուծոյ», եւ «Հոգի Աստուծոյ» շարականները դպիրներու երգեցողութեամբ, մինչ այդ քահանան ծածուկ կ’աղօթէ, կը խնկարկէ եւ կ’օրհնէ Ընծան: Կ’աղօթէ բոլոր մարդկութեան բարօրութեան եւ առողջութեան համար:

         Սուրբ Եկեղեցին կը հաւատայ եւ կ’ընդունի «Որդի Աստուծոյ» շարականին երգեցողութեան ընթացքին, պատարագիչ քահանային աղօթքէն ետք Ս. Հոգին կը ներգործէ մատուցուող հացին ու գինիին եւ անոնք իրենց մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը ընդունելով, կը գոյափոխուին Անոր մարմնոյն եւ արեան: Հետեւաբար, Սուրբ Սեղանին վրայ նուիրուող Ընծան, զոհը կամ պատարագը Աստուծոյ Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոսն է: Ուստի պատարագիչը Հօր Աստուծոյ ընծայուող «պատարագուող» Յիսուս Քրիստոսի անունովը համարձակութիւն կ’ունենայ իր եւ իր ժողովուրդին մեղքերուն համար թողութիւն խնդրելու եւ նաեւ այլ շնորհներ եւս: Դարձեալ ծածուկ աղօթքներ կ’արտասանէ աշխարհի խաղաղութեան, ննջեցեալներու եւ ապրողներու համար, ապա կ’երգուի Տէրունական աղօթքը:

         Տէրունական աղօթքը երգելով հաւատացեալներ Աստուծոյ կը յայտնեն իրենց որդիական սէրը, հաւատարմութիւնն ու հրճուանքը, Զայն կը դաւանին իբրեւ Երկնաւոր Հայր, Թագաւոր եւ Փրկիչ: Կը յայտնեն նաեւ իրենց հպատակութիւնը եւ քաղաքացիութիւնը Երկինքի Արքայութեան: Եւ առ այդ կը խնդրեն Տիրոջ ողորմութիւնն ու շնորհները եւ երկնքի թագաւորութեան տարածումը մարդոց սրտերէն ներս:

         Պատարագը կը շարունակուի, քահանան ծածուկ աղօթքներով կը թաթխէ նշխարը գինիին մէջ, ապա կը դառնայ ժողովուրդին եւ կ’օրհնէ. վարագոյրը կը գոցուի, որմէ ետք պատարագիչը կ’ամփոփուի, յատուկ աղօթքներով կը հաղորդուի: Վարագոյրը բացուելով ժողովուրդն ալ  խոստովանելէն ետք կը հաղորդուի:

         Դարձեալ վարագոյրը կը գոցուի, մինչ այդ քահանան Սկիհը կը լուայ, կը պատրաստուի Խորանէն վար իջնելու: Այդ միջոցին դպիրները կ’երգեն «Լցաք» եւ «Գոհանամք» շարականները: Այս երգերով հաւատացեալները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Տիրոջ, որ կերակրեց զիրենք անմահական սեղանէն, բաշխելով Իր մարմինն ու արիւն իբրեւ փրկութիւն աշխարհի եւ կեանք՝ մեր անձերուն համար:

4. ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՁԱԿՈՒՄ.

         Դպիրներու գոհաբանական երգեցողութեան ընթացքին, քահանան ալ իր կարգին ծածկաբար կ’աղօթէ եւ գոհութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ: Ապա սաղաւարտը կը դնէ գլուխը, հողաթափները կը հագնի ու Աւետարանը ձեռքը կ’առնէ: Վարագոյրը կը բացուի. կը սկսի կարդալ օրհնութեան վերջին աղօթքները, ապա երկրպագելով եւ համբուրելով սուրբ Սեղանը, սարկաւագին առաջնորդութեամբ կ’իջնէ Խորանէն: Բարձրաձայն աղօթք մը կ’արտասանէ, որմէ ետք կը կարդայ վերջին Աւետարանը, ապա Պահպանիչ աղօթքով իր օրհնութիւնը կու տայ ժողովուրդին: Դպիրները կ’երգեն «Օրհնեցից զՏէր» երգը, որմէ ետք քահանան կ’արձակէ ժողովուրդը՝ օրհնելով Ս. Խաչով կամ Աւետարանով:

         Այս արձակման աղօթքէն ետք հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ կը մօտենան ու կը համբուրեն պատարագիչին բռնած Ս. Աւետարանը եւ գոհունակ սրտով կը մեկնին:

         Եկեղեցիէն դուրս ելլելու ատեն ժողովուրդին կը բաշխուի մաս (օրհնուած հաց), որ յիշատակ մնացած է առաջին դարերու սիրոյ ճաշի սեղանէն:

Դ. Շարունակելի

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան