Այս պատգամը՝ «Քու ստեղծիչդ՝ երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէ», Աստուածաշունչի Ժողովողի գիրքէն առնուած է։ Ան մեզ կը հրաւիրէ մեր կեանքի որոշ հանգրուանին չմոռնալ Տէրը եւ յիշել։
Ինչո՞ւ յատկապէս երիտասարդութեան օրերուն.
Երիտասարդութիւնը մեր կեանքի այն շրջանն է, երբ հոգեկան եւ մարմնական առատ ուժ եւ զօրութիւն կ’ունենանք. այսինքն՝ մեր կեանքի լաւագոյն օրերն են։ Երիտասարդութիւնը մեր կեանքի ամենալաւ պտուղն է, եւ Տէրը զանոնք կ’ընդունի անուշաբոյց խունկի պէս։
Ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդութեան մէջ Տիրոջ նուիրուիլ.
- Աղօթքով եւ եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցութեամբ.
Սուրբ Գիրքերուն մէջ գրուած է. « Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ» (Ղկ 19.46)։ Իսկապէս կ’ապրի՞նք այս խօսքը։ Շատերու համար եկեղեցին վերածուած է ընկերային հանդիպումներու եւ ծանօթութիւններու վայր։ Եկեղեցի կու գանք որոշ առիթներու կամ ժամերու։ Սակայն, մեր գլխաւոր նպատակը պէտք է աղօթք եւ պատարագի մասնակցութիւն ըլլայ Աստուծոյ տան մէջ։ Նկատելի է ամէնուրեք, որ շատեր եկեղեցի կու գան, բայց եկեղեցի չեն մտներ. կը նախընտրեն փակին մէջ ժամանակ անցընել, քան նոյն ժամանակը՝ խորանին առջեւ՝ Աստուծոյ հետ։ Ժամեր կը տրամադրենք ծիծաղելու, կատակելու կամ անիմաստ զրոյցներով ունենալու, սակայն ոչ մէկ ատեն կը մտածենք մտնել եկեղեցի, օգտուելու պատարագէն եւ լսելու Անոր խօսքը՝ Իր ըսելիքները մեզի։
- Օրէ օր լայն տարածում կը գտնէ երիտասարդներուն մօտ, նմանիլ աշխարհի իրենց իտէալներուն եւ նախասիրած անձերուն, իրենց հագուստներով, մազերու ձեւաւորումով կամ այլապէս։ Երիտասարդութեան մէջ Տէրը յիշել կը նշանակէ ջանալ Տիրոջ նմանիլ. Այս ծիրէն ներս, Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք» (Հռ 12.2)։ Յիսուս ալ կ’ուզէ, որ մենք բոլորս, մանաւանդ երիտասարդները, Իրեն նմանինք. անոր համար ալ ըսաւ. «ինձմէ սորվեցէք» (Մտ 11.29)։ Քրիստոսի նմանիլ եւ մեր վարմունքով ցոյց տալ որ մենք Անոր որդիներն ենք Աստուծոյ սպասումն է, որուն մասին երբ Պօղոս առաքեալ կը խօսի, կ’ըսէ. «Նայեցէք որ Քրիստոսի Աւետարանին վայել ձեւով ապրիք» (Փիլ 1.27)։
- Մէկ այլ կարեւոր բան մը որ ընդհանրացած է այսօր մեր մէջ, առանց հասկնալու անոր լրջութիւնը մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, այս աշխարհի մարդոց նման խօսիլը կամ լեզուն գործածելն է։ Որքա՜ն երիտասարդներ հպարտ են իրենց գործածած բառապաշարին համար։ Յակոբոս առաքեալ լեզուի գործածութեան մասին լրջօրէն կ’անդրադառնայ (Յկ 3.8-9) եւ կ’ըսէ. «մարդ չի կրնար նոյն լեզուով Տէրը պաշտել եւ նոյն լեզուով հայհոյել»։ Այսօր, երիտասարդներ պէտք է յիշեն, որ ուժեղ է այն անձը, որ կրնայ մերժել սխալն ու մեղքի առաջնորդող ազդակները եւ ընտրել Տէրը, նոյնիսկ ամենէն փոքր կեանքի պահերուն։
Այս բոլորէն ետք, կարելի է ըսել, որ երիտասարդ մը Տիրոջ կը յիշէ երբ եկեղեցւոյ տեղը հասկնայ իր կեանքին մէջ, որ կ’առաջնորդէ դէպի Քրիստոսանմանութիւն, եւ աշխարհի մէջ մարդը Անոր դեսպանը կը վերածէ իր կեանքի օրինակով եւ խօսքերու օրինակելիութեամբ, որ ի վերջոյ մեզ Պօղոս առաքեալին մէջ ըսել կու տայ. «մենք Քրիստոսի կողմէ պատգամաւորութիւն կ’ընենք, այնպէս՝ որ կարծես Աստուած ինք մեր միջոցաւ կը խօսի ձեզի» (Բ. Կր 5.20)։
Բոլորս ալ ինքնաքննութեան պահ մը պէտք ունինք, որպէսզի ուղղենք որեւէ անպատշաճ վարքագիծ, որ Քրիստոնեայ անուն կրող անհատի մը չի սազիր, որպէսզի «ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 5.16)։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան