ՔԱՐԸ, ՈՐ ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՇԱՐԺԵԼ

Քրիստոսի Յարութեան պատմութիւնը Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը սկսի շատ պարզ պատկերով․ երեք կիներ, արեւածագին, կ’երթան գերեզման՝ օծելու իրենց սիրելի Տիրոջ մարմինը։ Անոնց այս քայլը վերջին սիրոյ արտայայտութիւնն էր՝ նուիրուածութիւն մը այն Անձին հանդէպ, որ իրենց կեանքը փոխած էր։

Ճամբուն ընթացքին անոնց մտքերը կը ծանրաբեռնուէին միայն մէկ հարցով․ «Ո՞վ պիտի գլորէ մեզի համար քարը»։ Քարը մեծ էր, եւ իրենք՝ անկարող։ Զարմանալի է, որ անոնք չէին մտահոգուեր ո՛չ պահապաններով, ո՛չ ձերբակալութեան վտանգով, ո՛չ ալ այն ցաւոտ իրականութեամբ, թէ իրենց Տէրը մեռած էր։ Անոնց միակ հոգը այն արգելքն էր, մեծ քարը, որ կը կանգնէր իրենց եւ Յիսուսի միջեւ։

Այս պատկերը Զատկուայ խոր իմաստ մը կը բացայայտէ։ Մենք ընդհանրապէս կ’ըսենք, թէ Յարութիւնը մահուան յաղթանակն է, յաւիտենական կեանքի խոստումը եւ հաւատացեալին յոյսը։ Այս բոլորը ճշմարիտ են։ Բայց գերեզմանին առջեւ գտնուող մեծ քարը նաեւ ուրիշ բան մը կը յիշեցնէ․ կը յուշէ, թէ Աստուած կը գործէ մեր կեանքին մէջ՝ հեռացնելու այն «քարերը», երբ ուզենք իրեն հանդիպիլ։

Կիները երբ հասան գերեզման, տեսան, որ քարը արդէն գլորուած էր։ Անոնք անհանգստացած էին մէկ բանով, որ Աստուած արդէն լուծած էր։ Որքա՜ն յաճախ նոյնը կը պատահի մեզի հետ։ Մենք կը ծանրանանք մեր կեանքի խնդիրներով, կը վախնանք մեր սահմանափակումներէն եւ կը կեդրոնանանք այն արգելքներուն վրայ, որոնք անշարժ ու անհաղթահարելի կը թուին։ Սակայն Յարութեան պատգամը պարզ է․ Աստուած մեզմէ առաջ կ’երթայ եւ կը գործէ այնտեղ, ուր մենք անկարող ենք։

Նոյն բանը կը տեսնենք առաքեալներուն հետ, որոնք փակուած վերնատան մէջ, վախի  եւ անորոշութեան մէջ էին իրենց Տիրոջ մահով։ Անոնց վախը իրենց «քարը» դարձած էր, որ իրենք դրած էին իրենց կեանքին վրայ։

Յարուցեալ Քրիստոսը մտաւ նաեւ այդ փակ դռան ետեւը, ազատեց աշակերտները իրենց վախէն եւ փոխեց զանոնք մէկական վկաներու եւ անոնք, որոնք կը դողային, դարձան աւետարանի քարոզիչներ։

Այսպիսով, Զատիկը մեզ կը հրաւիրէ հարց տալու․ ի՞նչ քարեր կան մեր կեանքին մէջ։ Գուցէ վախ, մեղք, յուսահատութիւն, կամ անտարբերութիւն։ Գուցէ այնպիսի ներքին վիճակներ, որոնք մեզ կը պահեն հեռու Աստուծմէ եւ կը խանգարեն ապրելու այն կեանքը, որուն կանչուած ենք։

Կիներուն օրինակը մեզի կարեւոր դաս մը կու տայ․ կը սորվեցնէ, որ հաւատքը քայլ մըն է դէպի Աստուած եւ Աստուած՝ Իր հերթին կը գործէ։

Մարկոսի աւետարանը նաեւ կը փոխանցէ, թէ երբ կիները ճերմակ հագած երիտասարդէ մը լսեցին թէ Յիսուս Յարութիւն առած է, եւ թելադրութիւն ստացան երթալու եւ աշակերտները տեղեակ պահելու այդ մասին, անոնք վախցան եւ մէկուն բան մը չըսին։ Աւետարանը մարդկային տկարութիւնը կը ներկայացնէ, յիշեցնելով մեզի, թէ նոյնիսկ երբ հանդիպինք Աստուծոյ գործին, կրնանք տակաւին տատանիլ։ Բայց պատմութիւնը հոն չի վերջանար։ Մենք գիտենք, որ այդ վախը կիներուն մէջ վերջապէս յաղթահարուեցաւ, եւ լռութիւնը փոխուեցաւ վկայութեան դարձեալ մեր Տիրոջ շնորհքով։

Ահա Զատկուան լրիւ պատգամը․ Աստուծոյ համար անշարժ քար գոյութիւն չունի։ Ան կը գլորէ ոչ միայն ֆիզիքական արգելքները, այլ նաեւ մեր սրտին մէջ գտնուող ծանրութիւնները։ Ան կը ներխուժէ մեր փակուած կեանքերուն մէջ եւ մեզ կը կոչէ նոր կեանքի։

Յարուցեալ Քրիստոսը այսօր ալ կը գործէ, կը կանչէ մեզ եւ կ’ազատէ։ Մեզմէ կը պահանջուի միայն մէկ բան՝ քայլ առնել դէպի Իր լոյսը։

Վստահինք Աստուծոյ, որ մեզմէ առաջ կը գործէ եւ կը փոխէ ինչ որ անկարելի կը թուի մեզի համար։

Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց։

Օրհնեա՜լ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան