Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեամբ եւ փառաւոր յարութեամբ, Խաչը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ քրիստոնեաներուն համար: Խաչը եղաւ ապաւէն եւ զօրութիւն ընդդէմ խաւարին եւ չարին:
Խաչի տօները չորս են՝ Երեւումն Ս. Խաչի, Գիւտ Խաչի, Վերացումն Ս. Խաչի եւ Վարագայ Ս. Խաչի:
Առաջին երեք տօները հասարակաց են բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ, մինչ վերջինը՝ Վարագայ Խաչի տօնը մեզի՝ հայերուս սեփական տօնն է, եւ կը համարուի ազգային պատմութեան պանծալի յիշատակ մը:
Աւանդութեան համաձայն, Ս. Հռիփսիմէ իր քրիստոնեայ կոյս ընկերուհիներուն հետ, խուսափելով Հռոմի կայսեր հալածանքներէն, կու գան Հայաստան եւ կ’ապաստանին Վարագայ լերան վրայ: Սակայն կոյսերու թաքստոցը շուտով կը բացայայտուի: Փախուստի դիմելէն առաջ Ս. Հռիփսիմէն Խաչափայտէն մասունք մը, զոր միշտ կը կրէր իր պարանոցին վրայ, զայն կը պահէ լերան ստորոտը գտնուող քարայրներէն մէկուն մէջ: Ժամանակի ընթացքին մասունքին տեղը կ’անհետանայ: Երկար տարիներ մասունքն ու վայրը անյայտ կը մնան: Եօթներորդ դարուն, Վարագայ լերան վրայ քարայրներէն մէկուն մէջ կ’ապրէին Թոդիկ ճգնաւորն եւ իր աշակերտը Յովել: Անոնք շարունակ Աստուծոյ կ’աղօթէին՝ խնդրելով որ ցոյոց տայ Քրիստոսի Խաչափայտի մասուքին վայրը: 660 թուականին Թոդիկ տեսիլք մը կը տեսնէ, ուր երկնակամարին վրայ կը յայտնուի լուսեղէն Խաչ մը եւ անոր շուրջը լոյսի 12 սիւներ: Վարագայ լերը Ս. Խաչի լոյսով ամբողջութեամբ կը լուսաւորուի: Խաչաձեւ լոյսը կը մտնէ մօտակայ եկեղեցին: Երկու ճգնաւորները կը շտապեն եկեղեցի եւ Սուրբ Սեղանին վրայ կը գտնեն անյետացած մասունքը: Լուրը կը հասնի հայոց Ներսէս Գ. Կաթողիկոսին եւ սպարապետ՝Վարդ Ռշտունիին եւ Պատրիկ իշխանին: Անոնք մեծ ցնծութեամբ կու գան Վարագայ լեռ եւ մեծ տօնախմբութիւն կը կազմակերպեն: Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եկեղեցւոյ տօներուն կարգին կ’աւելցնեն Վարագայ Ս. Խաչի տօնը՝ ի յիշատակ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքին յայտնաբերման: Այս տօնին առիթով Հայոց Հայրապետը Ներսէս Գ. Կաթողիկոս շարական մը կը յօրինէ: Իսկ այն տեղը, որ տասներկու լոյսէ սիւներ երեւցած էին, եկեղեցի մը կը կառուցուի եւ կը կոչուի Ս. Նշան:
Յիշարժան է նշել, թէ յայտնուած մասուքը կը մնայ Վարագայ վանքի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 1651: Սակայն մոնկոլներու եւ թաթարներու արշաւանքներու ընթացքին Վարագայ վանքը կողոպուտի կ’ենթակուի, Խաչի մասունքը կրկին կ’անհետանայ: Կողոպտիչները չար վախճան կ’ունենան: Անոնց յաջորդները տեսնելով, որ մասունքը իրենց դժբախտութեան պատճառ պիտի ըլլայ, զայն կը յանձնեն «Հոգւոց» վանքի վանահայր՝ Պետրոս եպիսկոպոսին, ուր կը պահուի մինչեւ 1915 թուական:
Վարագայ Խաչի տօնը կը նշուի Սեպտեմբեր 28ի մերձաւոր կիրակի օրը:
Վարագայ Ս. Խաչի տօնը հայ ազգային եւ կրօնական մեծագոյն տօներէն մին է:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան