Այս տօնը քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ հաստատուած կերպով կը նշուի Նոյեմբերի 21ին: Այս տօնին իմաստը, այն է թէ, Ս. Կոյս Մարիամ ուխտի զաւակ էր, անոր ծնողքը՝ Յովակիմ եւ Աննա, երեք տարեկանին Տաճարին կը նուիրեն զինք: Ըստ աւանդութեան, ժամանակ մը կը մնայ հոն, եօթը տարեկանին կը միանայ Տաճարի կոյսերու խումբին եւ կը նուիրուի աղօթքի եւ բարեպաշտ կեանքի: Տաճարին մէջ զինք կը խնամէ ու կը դաստիարակէ Աննա մարգարէուհին: Եօթը տարի եւս հոն մնալէ վերջ, խօսեցեալը կը դառնայ հիւսն Յովսէփի:
ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ ՍՈՒՐԲԵՐ՝ ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ

Սուրբ Գրիգոր սքանչելագործ եղած է մեծահռչակ սուրբ մը, զորս յարգուած է, թէ արեւելքի եւ թէ արեւմուտքի մէջ: Ծնած է երրորդ դարու վերջերը, Պոնտոսի Նոր Կեսարիա քաղաքը: Հեթանոս ծնողքի զաւակ էր, բայց շնորհիւ Կեսարիոյ Փերմիլիանոս արքեպիսկոպոսին կը ստանայ քրիստոնէական կրթութիւն, եւ ուսումնասիրելէ ետք Հին եւ Նոր Կտակարանները կը մկրտուի ու քրիստոնեայ կը դառնայ: Ան աշակերտած է նաեւ Որոգինէսին: Մեկնելով Աղեքսատրիա կը հետեւի իմաստասիրական եւ արտաքին գիտութիւններու, եւ կը ճանչցուի որպէս եզակի ուսանող շնորհիւ իր հմտութեան եւ պայծառամտութեան: 240 թ.ին, եկեղեցական կը ձեռնադրուի եւ իր շրջանին Եպիսկոպոսը կը դառնայ: Ան կը մասնակցի Անտիոքի տեղական ժողովին: Այդ շրջանին Նոր Կեսարիոյ մէջ փոքր թիւով քրիստոնեաներ կը գտնուէին: Ս. Գրիգորի օրով քրիստոնէութեան թիւը աճ կ’ունենայ, շրջանի կռապաշտները դարձի կը բերէ եւ քրիստոնեայ կը մկրտէ զանոնք: Տիրոջ հանդէպ իր ունեցած հաւատքին շնորհիւ՝դեւերը կը սարսափին իրմէ: Ան կը կոչուի Սքանչելագործ՝ աստուածային զօրութեամբ իր կատարած բազմաթիւ եւ բազմապիսի հրաշքներուն համար: Ս. Գրիգոր Կեսարիոյ մէջ կառուցել կու տայ եկեղեցի մը որ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի: Ան գրած է բազմաթիւ ճառեր ուղղափառ հաւատքի եւ սուրբ վարքի մասին, ինչպէս՝ «Ի Ծնունդն Քրիստոսի», «Յաւետիս Աստուածածնի», «Ներբողեան ի Ս. Ստեփանոսի», «Երկոտասան Գլուխք Նզովից»:
Իր աստուածահաճոյ գործունէութեամբ կը կարողանայ քրիստոնէութիւնը տարածել եւ հեթանոսներու թիւը նուազեցնել Նոր Կեսարիոյ մէջ: Ան իր կեանքի վերջին վայրկեաններուն իսկ կ’աղօթէ ա՛յն սակաւաթիւ հեթանոսներուն համար, որպէսզի անոնք եւս դարձի գան: Սուրբը աւանդելով իր հոգին կը վախճանի 270 թուին:

Ս. Նիկողայոս (Սանթագլոզ) զաւակն էր բարեպաշտ ծնողներու՝ Եպիփանի եւ Նունէի: Մանուկ հասակէն յայտնի կը դառնայ իր հրաշագործութիւններով: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի իր մօրեղբօր համանուն, Նիկողայոսի ձեռամբ: Կը մասնակցի Նիկիոյ Ս. Ժողովին: Մանուկներու հանդէպ ունեցած իր մեծ սիրոյն՝ կը նկատուի մանուկներու պաշտպան Սուրբը: Ան ծանօթ է իբրեւ նաւակոծեալներուն ազատարար եւ Սքանչելագործ պաշտպան Սուրբը:
Վախճանած է չորորդ դարուն: Իր աճիւնները փոխադրուած են Իտալիոյ Պառի քաղաքը, որու վրայ տաճար մը կառուցուած է, զորս կը կրէ իր անունը: Այսօր, մեզմէ կը պահանջուի վերադառնալ մեր արմատներուն, հետեւելով սուրբերու օրինակին, որպէսզի ըլլանք «Լոյսի որդիներ» լուսաւորելով մեր շրջապատը:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան