ՏՕՆ ՍՐԲՈՒՀՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ Ի ՅԱՆՆԱՅԷ

Մարիամի ծնողներն էին Յովակիմ եւ Աննա: Աննա ամուլ էր եւ ուխտ կատարելով կը յղանայ Մարիամը, աւանդութեան համաձայն, երեք տարեկանին  Մարիամը կը նուիրեն Երուսաղէմի տաճարին  եւ եօթը տարեկանին կը միանայ կոյսերէ բաղկացած այն խումբին, որոնք կ’ապրէին Տաճարին մէջ: Ժամանակ մը Տաճարին մէջ Աննա մարգարէուհիին դաստիարակութեան եւ հսկողութեան ներքեւ մնալէ ետք, Մարիամ կը վերադառնայ իր ծնողաց մօտ, ապա կը նշանուի Յովսէփ անունով արդար մարդու մը հետ, Գաբրիէլ հրեշտակապետէ աւետումը ստանալէ ետք, կը ծնի աշխարհի փրկիչը եւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը:

Ս. Կոյս փոքր տարիքէն իր հասակակիցներէն աւելի ուշիմ եւ իմաստութեամբ ու շնորհքներով օժտուած էր: Ան  ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ Փրկագործութեան ծրագիրին ըսելով. «Աստուծոյ աղախին եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38):

Ս. Կոյս Մարիամ, Աստուծոյ կողմէ արժանացաւ «Աստուծոյ Որդիին» ծնող ըլլալու պատիւին: Ան Աստուածամայր ըլլալով մնաց իր խոնարհութեան եւ հեզութեան մէջ, միշտ աղօթեց համայն մարդկութեան եւ ծառայեց բոլորին, եւ եղաւ մեր մայրը ու իր Որդիին միջոցաւ հաշտութիւն հաստատուեցաւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան