ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ՝ ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԵՒ ԱՆԴՐԷԻ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (9.44-50)
 

Մինչ ժողովուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ.
 

-Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը:
 

Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան: Միւս կողմէ ալ՝ կը վախնային հարցնելու այս մասին:

Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտենալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ:

-Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՝ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը:
 

Յովհաննէս ըսաւ.

Վարդապե՛տ , մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր:
 

Յիսուս ըսաւ.
 

Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է:
 

Աւետարանական այս հատուածը, մանաւանդ Ղուկաս աւետարանիչի 9.46 համարը ցոյց կու տայ աշակերտներուն վէճը, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իրենց մէջ մեծը: Այս երեւոյթը կը հաստատէ, թէ իրենք տակաւին չէին հասած հոգեւոր հասունութեան, էապէս հասկանալու համար աստուածային խորհուրդները: Մարդ արարածը իր ազատ կամքով միշտ ալ իր նմաններէն մեծ ըլլալու մարմաջը ունեցած է եւ այդ պատճառով ալ յաճախ մեղանչած է: Մեծ ըլլալու ձգտումը ահա կը շարունակուի առաքեալներուն մէջ ինչու չէ նաեւ մինչեւ այսօր ալ գոյութիւն ունի, մեր առօրեային մէջ:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յաճախ իր առաքեալներուն կը յիշեցնէր իր չարչարանքներուն, մատնութեան եւ մեկնումի մասին ըսելով թէ. «Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկայ. Մարդու որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը» (Ղկ 9.44): Սակայն առաքեալները չէին հասկցած այս խօսքերուն իմաստը որովհետեւ. «Աստուած իրենցմէ ծածկած էր» (Ղկ 9.45): Առաջին հարցադրումը որ կը ծագի մեր մտքին թէ Աստուած ինչո՞ւ ծածկած էր անոնցմէ: Պօղոս Առաքեալ Գաղատացիներուն գրած նամակին մէջ յստակօրէն կ’ըսէ. «Ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է` տարբերութիւն չունի ծառայէ մը» (Գղ 4.1-2):
 

Հետեւաբար առաքեալներն ալ տակաւին անչափահաս էին, չէին հասկցած Քրիստոսի խօսքերը: Քրիստոս անմիչապէս մանուկ մը կը կանգնեցնէ անոնց մէջ ու կ’ըսէ. «Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ, եւ ով որ զիս կ’ընդունի՛ ընդունած կ’ըլլայ զիս ղրկողը» (Ղկ 9.48): Այլ առիթով ալ ըսած էր.«Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս խոնարհեցնէ՛ անիկա է մեծը երկնքի արքայութեան մէջ» (Մտ 18.3-4): Քրիստոսի համար մեծ ըլլալ,կը նշանակէ ծառայել, խոնահութեամբ, համեստութեամբ եւ առաքինութեամբ: Մեծ է այն մարդը, որ իր կեանքը կ’ընծայէ Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան:
 

Հատուածի աւարտին առաքեալները կը մօտենան Յիսուսի եւ կ’ըսեն. «Վարդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէ եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որով մեզի հետ չի շրջիր» (Ղկ 9.49): Մինչ Յիսուս կը թելադրէ ըսելով. «Արգելք մի ըլլաք իրեն, որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է» (Ղկ 9.50): Յիսուս բնականաբար իր անունին համար չէ որ կ’ըսէ «արգելք մի ըլլաք իրեն». մինչ այլ առիթով մը Յիսուս ըսած էր. «Ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՝ իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վստահ եղէք որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մտ 10.42):

ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ՝ ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԵՒ ԱՆԴՐԷԻ
 

Ս. Ստեփանոս նախավկային գլխաւոր գործակիցներէն մէկն էր Ս. Փիլպպոս, որուն կարեւորագոյն գործը կ’ըլլայ սամարացիներուն դարձը հեթանոսութենէ քրիստոնէութիւն: Ան իր քարոզներով եւ Աստուծոյ զօրութեամբ յաճախ բազմաթիւ հրաշքներ կը գործէր՝ բանալով կոյրերուն աչքերը եւ այսահարներ բժշկելով: Իր քարոզութեամբ շատ մը մարդիկ քրիստոնեայ կը դառնան: Այդ օրերուն մեծ համբաւ ունէր Սիմոն անունով մոգ մը, որ կախարդութեամբ կը զբաղէր: Վերջինս ազդուելով Փիլիպպոսի քարոզութիւններէն փափաք կը յայտնէ մկրտուելու եւ քրիստոնեայ ըլլալու: Զինք կ’առաջնորդէ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն, որոնք զինք կը մկրտեն: Ապա Ս.Փիլիպպոս կ’նցնի այլ շրջաններ քարոզչութիւն կատարելու: Ճանապարհին կը հանդիպի Եթովպիոյ Կանդակ Թագուհիի ներքինապետին զայն եւս քրիստոնեայ կը մկրտէ: Որմէ ետք կը հաստատուի իր ծննդավայրը Կեսարիա:
 

Ղուկաս աւետարանիչի վկայութեամբ, Ս.Փիլիպպոս ունէր չորս դուստրեր, որոնք կուսակրօնուհիներ դարձած էին:
 

Ս.Փիլիպպոսի վախճանը անյայտ կը մնայ մեզի. ոմանց համաձայն, ան նահատակուած է, իսկ ուրիշներու վկայութեամբ՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուելով քրիստոնէութեան քարոզիչ դարձած է, ան կը թաղուի Կեսարիոյ մէջ, հետագային ալ իր դուստրը՝ իր կողքին:
 

Ս. Անդրէաս կը ծառայէր հռոմէական բանակին մէջ իբրեւ զօրագունդի հրամանատար, Անտիոքոս սպարապետի հրամանին տակ: Ս.Անդրէաս գաղտնաբար քրիստոնեայ դառնալով իր զինուորները եւս քրիստոնեայ կը դարձնէ եւ զանոնք կը մկրտէ, Տարսոնի Պետրոս եւ Բերիոյ Նունոս եպիսկոպոսներու ձեռամբ: Սակայն Անտիոքոս երբ կ’իմանայ զայրացած զինք կ’աքսորէ եւ իր ամբողջ բանակով կը սկսի հալածել քրիստոնեաները: Անտիոքոսի դրդումով Կիլիկիոյ Սեւկիոս կը յարձակի Ս. Անդրէասի եւ իր բանակին վրայ եւ անհաւասար կռիւի դաշտին վրայ դաւադրաբար կը հաւաքէ զանոնք կիրճի մը խորը, ուր բոլորը հերոսաբար կը նահատակուին:
 

Աղօթենք որ Սուրբ Առաքեալներուն առաքինի կենցաղը մղէ մեզմէ իւրաքանչիւրս հաւատարմութեամբ ապրելու մեր քրիստոնէական կեանքը

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան