ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ համայնքը 27 Յուլիս 2025-ին, մեծահանդէս ցնծութեամբ տօնախմբեց՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը։ Արդարեւ,  Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց, եկեղեցւոյս  Զարեհ Ազնաւորեան Դպրաց Դասը, ղեկավարութեամբ՝  Անուշ Գալստեանի, իսկ խորանին սպասարկեցին Սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը:

Պատարագի աւարտին  Եկեղեցական թափօրով  անդաստանի արարղութիւն կատարուեցաւ, Հայր Սուրբին, Տէր Հօր եւ Սարկաւագաց դասուն մասնակցութեամբ, վարդի ջուրով  եւ խաչով Օրհնուեցան հաւատացեալները: