Կիրակի, 27 Յուլիս 2025-ին, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեց՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջուրի եւ խունկի օրհնութիւն, որմէ ետք օրհնուած ջուրով ցօղեց հաւատացեալները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ