ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 7.14-24:

Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել:

Հրեաները կը զարմանային եւ կ’ըսէին.

-Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք:

Յիսուս պատասխանեց անոնց.

-Ինչ որ ձեզի կ’ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց: Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ: Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ:

Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին: Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել:

Ժողովուրդը պատասխանեց.

-Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել:

Յիսուս պատասխանեց.

-Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք: Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները- թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը – եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, Ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով: Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կ’ուսուցանէր իմաստութեամբ, եւ Աստուծոյ զօրութեամբ, նույնիսկ հակառակորդները կը վկայէին իր մասին. «Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ» (Յհ 3.2): Քրիստոսի փոխանցած ուսուցումները Աստուծոյ կամքին համաձայն էին, այլ խօսքով՝ Յիսուսի արտասանած իւրաքանչիւր գաղափար աստուածային վարդապետութիւն է:

Այս ճշմարտութիւնը գիտենալով հանդերձ,անհաճոյ կը թուէր հրեայ ղեկաւարներուն,որոնք Յիսուսը ամբաստանելու պատեհ առիթի մը կը սպասէին:

Տաղաւարահարաց տօնին,երբ Յիսուս տաճարին մէջ կ’ուսուցանէր,հրեաներ զարմանքով կ’արտայայտուէին ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ Գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք» (Յհ 7.15):

Քրիստոս համարձակօրէն ցոյց կու տայ թերահաւատ հրեաներուն թէ իր վարդապետութիւնը Աստուծմէ է եւ ոչ՝ մարդոցմէ:

Քրիստոս աշխարհ եկած էր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ Անոր փառքը արտացոլացնելու ինչպէս որ առաքեալը կ’ըսէ. «Մենք տեսանք անոր փառքը,փառքը Միածինին,որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յհ 2.14):

Աստուծոյ խօսքին յաւիտենական եւ ճշմարիտ ըլլալը կը հաստատուի.

ա- Մարգարէական գիրքերէն, եւ Աստուածաշունչի մասնագէտներու վկայութիւններէն:

բ-Աստուծոյ խօսքին այժմէականութենէն,որ մշտանորոգ է,եւ բոլոր ժամանակներու համար ըսուած:

Ասոր համար Եսայի մարգարէ կ’ըսէ. «Խոտը կը չորնայ եւ ծաղիկը կը թափի, բայց Տիրոջ խօսքը յաւիտեան կը մնայ» (Ես 40.6-8): Քրիստոս ալ կը հաստատէ ըսելով. «Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան» (Մտ 24.35):

Եթէ երբեք մարդկային հեղինակութեան արդիւնք ըլլային Քրիստոսի վարդապետութիւնը, յաւիտենական արժէք պիտի չունենային, որովհետեւ Յիսուսի վեհ եւ մնայուն արժէքներ մարմնաւորող ուսուցումները սերտ առնչութիւն ունին մարդկային կեանքը ազնուացնելու, գեղեցկացնելու եւ դէպի մնայունին ձգտելու գաղափարներուն:

Հրեաներուն միտքը խաւարած էր,անոնք չուզեցին տեսնել Քրիստոսի անձէն ճառագայթող ճշմարիտ լոյսը,որ կեանքի կ’առաջնորդէ, որովհետեւ ծայրայեղութիւնն ու այլամեժութիւնը կուրցուցած էր զիրենք:

Ներկայիս ալ բազմաթիւ են նման գաղափարի տէր մարդիկ, որոնք կը փորձեն մշուշապատել ճշմարտութիւնը,պղտորելու մարդոց հոգիի աչքերը,որպէսզի զրկուին Քրիստոսի լոյսէն,այդպիսիներուն համար մեր Տէրը ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկնքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ.դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոմց՝ որ կ’ուզեն մտնել» (Մտ 23.13): Իսկ երանելի է ան որ իր կեանքի ընթացքին կ’ընդունի Քրիստոսը որպէս Տէր եւ փրկիչ.«Որ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է: Ամէն:» (Հռ 9.5):

ՏՕՆ ԵՐԵՒՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած ունի չորս տօներ.

ա-Երեւումն Ս. Խաչի:

բ-Գիւտ Խաչի:

գ-Վերացման Ս. Խաչի:

դ-Վարագայ Ս. Խաչի:

Շաբթուան հիմնական տօնը Երեւումն Ս.Խաչին է, որ հայերս կը տօնենք Ս. Յարութեան տօնին հինգերորդ կիրակին, իսկ յոյներ՝ Մայիսի 7 ին: Այս տօնը յատուկ է միայն հայերուն եւ յոյներուն:

Յիշեալ տօնը յիշատակութիւնն է Երուսաղէմի մէջ Ս. Խաչի նշանին երեւման:

351 թուին Մայիսի 7ին,Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի օրով, Ս. Խաչը օր ցերեկով կ’երեւի, Երուսաղէմի գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լերան երկնակամարը ծածկելով:

Լուսաճաճանչ Ս. Խաչի նշանը բացայայտօրէն կ’երեւի թէ՝ քրիստոնեաներուն եւ թէ ոչ քրիստոնեայ օտարներուն, ուստի բոլորը եկեղեցի մտնելով կը փառաբանեն զԱստուած իրենց շնորհուած այս հրաշալի դէպքին համար:

Կիւրեղ Երուսաղիմացի Հայրապետ այս սքանչելի դէպքը կը նկարագրէ նամակով մը,եւ զայն կ’ուղղէ Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսրին,որուն մէջ նաեւ կը գրէ անոր հաւատքը ամրապնդող խօսքեր: Կիւրեղ հայրապետի այս գրութիւնը թարգմանուած է հայերէնի եւ կ’ընթերցուի Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ:

Հայ հաւատացեալներ մինչեւ այսօր ջերմերանդութեամբ կը յիշատակեն Ս. Խաչի Երեւման տօնը,որպէսզի Աստուած միշտ առաջնորդէ զիրենք Ս.Խաչի լուսապայծառ ճանապարհով:

Մեջբերում մը կը կատարենք,Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի նամակէն.

«Աստուած, քու թագաւորութիւնդ սիրելով,քու օրով հրաշալի երեւոյթ մը կատարեց: Քանզի աստուածասէր եւ երջանկայիշատակ հօրդ Կոստանդիանոսի ժամանակ Աստուծոյ շնորհքով փրկական Սուրբ Խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ,իսկ քու օրովդ, տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր, ոչ թէ երկրի վրայ այլ երկնքի երեսին զարմանալի գործեր տեղի ունեցան: Որովհետեւ,մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքն՝ երանելի Խաչը, լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վրայ»:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան