ՏՕՆ ԳԻՒՏ ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Հոգեգալուստէն ետք հինգերորդ Կիրակին, Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ «ԳԻՒՏ  ՏՓՈՅ» Ս. Աստուածածնի տօնը:

Հայ եկեղեցին, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի նուիրուած եօթը տօներ ունի։ Անոնցմէ մէկն է Ս. Աստուածածնի տուփի գտնուելու տօնը։

Աստուածամօր մարմնական մասունքներու չգոյութիւնը հաւատացեալներու երկիւղածութիւնը ուղղեց դէպի անոր սեփական իրերուն։ Անոնցմէ մէկն այն տուփն էր, որ մէջը կը գտնուէր Ս. Կոյսի գլխաշորը եւ կարգ մը  անձնական իրերը:

Ըստ աւանդութեան, Կ.Պոլսեցի երկու յոյն ազնուական եղբայրներ Գալբիաս եւ Կանտիտաս, Երուսաղէմ ուխտի կ’երթան, հոն կը լսեն  Գալիլիայի  գիւղերէն մէկուն մէջ հրեայ կնոջ մը տունը հրաշքներ կը կատարուին: Հետաքրքրուելով, կը մտնեն տուն եւ կը տեսնեն տուփ մը, որ կը պատկանի Աստուածամօր: Վերադառնալով Երուսաղէմ`պատրաստել կու տան  նոյնանման ուրիշ տուփ մը  վերադարձին, կրկին մտնելով հրեայ կնոջ տունը, աննկատօրէն կը փոխեն տուփերը։ Իսկականը կը տանին Կ. Պոլիս եւ կը յանձնեն օրուայ պատրիարքին: Բիւզանդացի Լեւոն կայսեր օրով (454-474թթ.) մեծ թափօրով ու պատիւով զայն կը զետեղեն Կ.Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,  այնուհետեւ կը հաստատուի «ՏՕՆ` ԳԻՒՏ  ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ» յիշատակութիւնը:

Այս տօնը հաստատուն կերպով մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցի մէջ կը մտնէ 18-րդ դարուն Սիմէոն Երևանցի կաթողիկոսի կարգադրութեամբ:

Այս Տօնը կը յիշատակեն Յոյն եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիները:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան