Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Կր 1.18-24)
«Խաչի մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա.Կր 1.18):
Ս. Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, խոր ցաւով իմացաւ, որ Կորնթոսի մէջ իր հիմնած եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ զանազան պառակտումներ յառաջացած են, որոնք կը պայքարին իրարու դէմ:
Այդ բոլոր խռովութիւններուն առաջքն առնելու համար՝ անոնց կը գրէ երկարաշունչ նամակ մը, ուր ցոյց կու տայ, որ քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութիւն մը չէ, հիմնուած՝ աշխարհի իմաստութեան վրայ, այլ Աստուծոյ իմաստութիւնը, եթէ ոչ հաստատ հաւատք մը՝ Քրիստոսի փրկարար խաչելութեան վրայ եւ սիրոյ համերաշխ կեանք մը, որ աշխարհի իմաստութիւնը չկրցաւ հասկնալ:
Քրիստոնէութիւնը խաչին մէջ կը տեսնէ փրկագործութեան խորհուրդը, սակայն «Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար»:
Կորստեան ճամբուն մէջ գտնուողները հետեալներն են.
1-Մեղաւորները, որոնք կը քալեն մեղքի ճամբայէն, որուն վախճանը դատապարտութիւնն է, այսինքն՝ յաւիտենական կորուստը:
2-Աշխարհի իմաստութեամբ հպարտացողները, որոնք մարդկային միտքն ու տրամաբանութիւնը գերիվեր կը նկատեն աստուածային իմաստութենէն ու շնորհքէն: Անոնց համաձայն, խաչին մասին խօսիլը անըմբռնելի եւ անարգական է, որովհետեւ անիկա աւազակներու եւ ոճրագործներու մահուան գործիքն է, իսկ փրկագործութեան խորհուրդը խաչին վրայ հաստատելը՝ յիմարութիւն է:
Այս պատճառով Քրիստոսի խաչելութիւնը աշխարհի իմաստութեան համաձայն տկարութիւն, անարգանք եւ յիմարութիւն նկատուեցաւ: «Մինչ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է»:
Փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողները հետեւեալներն են.
1-Աստուծոյ շնորհքին եւ իմաստութեան մէջ ապրողները, որոնք աստուածային շնորհքի զօրութեամբ եւ բարի կեանք մը ապրելու յարատեւ ջանքերով՝ արժանի պիտի ըլլան փրկութեան:
2-Խաչի խորհուրդին հաւատացողները, որոնք կը նային խաչին, որպէս փրկութեան խորհուրդ: Անոնք կը հաւատան, որ Քրիստոս անոր վրայ Իր արիւնը թափելով՝ յաղթեց մեղքի իշխանութեան եւ արքայութեան դռները բացաւ զԻնք դաւանողներուն բարի հոգիներուն առջեւ:
Ուստի, Աստուծոյ իմաստութեամբ ապրողներուն համար, Քրիստոսի խաչը դարձաւ Աստուծոյ զօրութեան մեծագոյն ապացոյցը:
Քրիստոս Իր աստուածային անհասանելի զօրութիւնը յայտնեց խաչի խորհուրդով, ոչ միայն քաջաբար եւ կամաւորապէս Իր արիւնը թափելով անոր վրայ, այլ նաեւ անձին զոհագործութեան ընդմէջէն՝ իր աստուածային սէրը ցոյց տալով մարդկութեան հանդէպ:
Հաւատացեալին համար խաչը՝ զօրութեան, փրկութեան, սիրոյ եւ իմաստութեան անսպառ աղբիւր է, որմէ առատօրէն կ’ըմպէ՝ յագեցնելու եւ զովացնելու համար իր ծարաւած հոգին:
Քրիստոսի խաչը սիրոյ արեգակն է, որ կը ջերմացնէ հաւատացեալներու հոգիները եւ իմաստուն կը դարձնէ զիրենք, նոյնիսկ եթէ զրկուած են աշխարհի տուած ուսումէն ու գիտութենէն:
Չէ՞ որ առաքեալին իսկ բառերով. «Աստուած այս աշխարհի տգէտները ընտրեց, ամչցնելու համար գիտունները, եւ տկարները ընտրեց՝ ամչցնելու հզօրները» (Ա.Կր 1.27):
Խաչին նայելով՝ իմաստուն դառնանք եւ ըմբռնենք, թէ քրիստոնէութիւնը քարոզչութիւն եւ աստուածաբանութիւն չէ, այլ քրիստոնէական սիրոյ խոնարհ կեանք եւ համբերատար խաչակրութիւն, որուն պիտի յաջորդէ յաւիտենական կեանքը՝ երկինքի արքայութեան մէջ:
ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (24.27-36)

Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք: Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ:
Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկնքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին: Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդիին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝զօրութեամբ եւ մեծ փառքով:
Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ: Վսատահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
Աւետարանական այս հատուածը իր ամբողջութեամբ կը բացատրէ Մարդու Որդիին երկրորդ Գալուստը, այսինքն Քրիստոսի կրկին յայտնուիլը:
Իսկ Մարդու Որդի բացատրութիւնը գործածուած է մեր Տիրոջ Յիսուսի անձին համար:
Մարդու Որդիին Առաջին Գալուստը եղաւ խոնարհութեամբ ու զոհողութեամբ՝ փրկագործութեան խորհուրդը կատարելու եւ մարդկութիւնը երկրայինէն դէպի երկնային կեանքի առաջնորդելու: Յիսուսի երկրորդ գալուստը պիտի ըլլայ արդարները արքայութեան արժանացնելու, իսկ անհնազանդները, անհաւատները եւ չարերը յաւիտենական պատիժի ենթարկելու:
Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալստեան մասին, 10-րդ դարուն ծնունդ առած «Հազարամեայ Վարդապետութիւն» կոչուած շարժումը քրիստոնեաներուն սխալ կ’ուսուցանէր, որ հազար թուականին պիտի իրականանար Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը:
Իսկոյն մարդիկ պատրաստուեցան Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալուստը դիմաւորելու: Անցաւ հազար թուականը եւ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը տեղի չունեցաւ: Այսպէս, դժբախտաբար, մարդիկ տարբեր ժամանակներով կը ճշդէին Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալուստի թուականը: Բայց ո՞վ տուած է այդ իրաւունքը մարդ արարարածին ճշդելու Քրիստոսի երկրորդ Գալուստի թուականը եւ տարին, երբ աւետարանին մէջ յստակ Յիսուս կ’ըսէ. «Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. Ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը» (Մտ 24.36): Արդեօք մահկանացու մարդ արարածը իրաւունք ունի՞ ժամանակ սահմանելու, անժամանակին, մարդկային մտքի տարողութենէն վեր եղող, ինչպէս պիտի ըսէր՝ աստուածայայտնութեան շարականագիրը.« Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի: Ան Որ անբաւելի է երկնքի եւ երկրի մէջ, խանձարուրին մէջ բազմեցաւ»: Աւետարաններու ամբողջ ոգին մեզի կ’ուսուցանէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կայանայ, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ սիրոյ սկզբունքներու վրայ, զորս Յիսուս զանոնք իրականացուց իր առաջին գալուստով, Իր գործերուն եւ խօսքերուն միջոցաւ:
«Աստուծոյ Թագաւորութեան» Գալուստը ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ, որ Յիսուս մօտալուտ ըլլալը յայտնեց մեզի: Քաջատեղեակ պէտք է ըլլանք, որ «Աստուծոյ Թագաւորութիւն»ը մենք է որ պիտի փնտռենք, ամէն բանէ առաջ եւ վեր: Ամբողջ մարդկութեան գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ միջոցներ որոնել, Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ ետքը սպասելու, «Աստուծոյ Թագաւորութեան» Գալուստին: Աստուծոյ կամքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ. արդարութիւն, սրբութիւն եւ բարեգործութիւն: Սակայն ցաւօք սրտի հակառակը կը տեսնուի, անկարգութիւններու եւ անիրաւութիւններու հետեւանքով մարդիկ կը տառապին, այդ պատճառաւ ալ մարդոց մէջ կ’արմատանայ եսասիրութիւնը, անկարգութիւնը եւ այլամերժութիւնը: Եթէ իւրաքանչիւրս փոխանակ մեր կամքը իրագործելու, աշխատինք Աստուծոյ կամքը կատարել, այն ատեն աշխարհի վրայ ամէն ինչ հիմնովին բարեփոխուած կ’ըլլայ: Այսօրուան աւետարանական հատուածը մեզ կը հրաւիրէ «Աստուծոյ Թագաւորութեան» բնակիչը ըլլալու եւ հոն սպասելու Յիսուսի «Երկրորդ Գալուստը»: Հետեւաբար աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելով, սպասենք մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին, որ մեզի պիտի ըսէ. «Ապրիս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի փոքր բաներու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզի աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան» (Մտ25.21):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան