ՏՕՆ ԳԻՒՏ ԳՕՏՒՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն. Բ.Կր 1.1-12

«Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ» (Բ. Կր 1.3):

Առաքելական նամակի այս հատուածը կը խօսի գթասէր եւ մխիթարող Հօր Աստուծոյ մասին: Ոմանք կը կարծեն, թէ Աստուծոյ մխիթարութիւնը վերջնականապէս վերջակէտ դնել է բոլոր դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն: Սակայն Աստուծոյ մխիթարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ զօրութիւն ստանալ, յոյսով ապրիլ եւ ինչու չէ քաջալերուիլ դիմակայելու ամէն տեսակի նեղութիւն ու դժուարութիւն, հաստատ գիտնալով թէ «որքան շատ բաժնեկից կ’ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի» (Բ.Կր 1.5):

Անկասկած փորձութիւնները անպակաս են, բայց եւ այնպէս անոնք մեզ կը սորվեցնեն վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ հանդէպ: Պօղոս առաքեալ իր գործունէութեան ընթացքին, հալածանքներու եւ ընդիմադրութիւններու ենթարկուեցաւ, սակայն, միշտ ալ վստահեցաւ Տիրոջ հաւատարմութեան: Առաքեալը կը քաջալերէ մեզ ապրիլ  յոյսով ու հաւատքով, յիշեցնելով թէ «Արդարեւ, գիտենք թէ հողեղէն այս տունը, որ մեր մարմինն է եւ որուն մէջ կը բնակինք, պիտի քայքայուի. Բայց երկինքի մէջ ունինք Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած անձեռագործ  եւ յաւիտենական մարմին մը՝ իբրեւ տուն» (Բ.Կր5.1):

Հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յոյսը առիթ կու տայ մեզի հաւատարմութեամբ շարունակելու մեր ընթացքը, մինչեւ յաղթանակով պսակուելու:

Պօղոս առաքեալ նմանօրինակ արտայայտութիւն մը  կ’ունենայ նաեւ եփեսացիներուն նամակին մէջ, ըսելով. «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ» (Եփ 1.3):

Հոգեւոր օրհնութիւնները՝ փրկութեան շնորհքը Սուրբ Հոգիին պարգեւները, Աստուծոյ կամքը կատարելու կարողութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու յոյս են:

Վերոյիշեալ օրհնութիւնները կրնանք վայելել, երբ կ’ամրապնդենք մեր յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ:

Պետրոս առաքեալ նաեւ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ, փրկութեան յոյսին համար գոհութիւն կը յայտնէ ըսելով. «Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի  Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկնքի մէջ պահուած է ձեզի համար» (Ա. Պտ 1.3-4): Վերստին ծնիլը հոգեւոր ծնունդ է՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ քրիստոնէավայել ապրելու:

Առաքեալին խօսքը դժուարութեան ժամանակ ուրախութեան եւ յոյսի ներշնչում է եւ հրաւէր մը՝ վստահելու քրիստոսի:

Յիսուս փրկութեան ճշմարտութիւնը բացատրեց Նիկոդեմոսին, որ եբրայեցի իշխան եւ ուսուցիչ մըն էր, ըսելով. «Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը» (Յհ 3):

Նիկոդեմոս Աստուծոյ թագաւորութեան մասին Սուրբ Գիրքերէն սորված էր: Յիսուս յստակեցուց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը պատկանի համայն մարդկութեան, այսինքն՝ բոլոր անոնց , որոնք կը հաւատան եւ կը դաւանին Քրիստոսը: Բայց ոչ ոք կրնայ արքայութիւն մտնել, եթէ չապաշխարէ եւ վերստին չծնի հոգեւոր ծնունդով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան