ՏՕՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ, ՀՆՈՑ ԵՒ ՆՈՐՈՑ, ՅԱՅՏԻՑ ԵՒ ԱՆՅԱՅՏԻՑ

Սուրբ կը նշանակէ արդար եւ աստուածահաճոյ: Սուրբերը այն անձերն են, որոնք սուրբ հռչակուած են Եկեղեցւոյ կողմէ: Եկեղեցին սուրբ կ’անուանէ առաքինի, ազնիւ քրիստոնէական հաւատքին իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մեծ ծառայութիւններ մատուցած անձերը:

Սուրբ ըլլալ կը նշանակէ մաքրակրօն ըլլալ, յատկացուած եւ բաժնուած ըլլալ աշխարհային ապրելակերպէն եւ մտածելակերպէն:

Սրբութիւն կը նշանակէ անձնուրացութիւն, նուիրում եւ Քրիստոսով փոխակերպուած կեանք մը ապրիլ:

Սրբութիւնը ընթացք մըն է, որ կը սկսի այս երկրէն եւ կը շարունակուի մինչեւ յաւիտենականութիւն:

Հայ Եկեղեցին ամէն տարի կ’ոգեկոչէ սուրբերու անմար յիշատակը: Մեր Եկեղեցւոյ մէջ կան տօնելի եւ յիշատակելի սուրբեր: Տօնելի սուրբերը անոնք են, որոնք ժամերգութեան եւ պատարագի միջոցին կը յիշատակուին, իսկ յիշատակելիներուն կեանքի եւ մահուան պատմութիւնը կը կարդացուի միայն առօրեայ (Յայսմաւուրք)ի միջոցով: Կան անշուշտ սուրբեր, որոնք անծանօթ են մեզի, այդ պատճառով հաստատուած է  «Ամենայն Սրբոց, Հնոց եւ Նորոց, Յայտից եւ Անյայտից»տօնը, որ կ’ընդգրկէ Քրիստոնէական Ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար սուրբեր:

Այս առթիւ սուրբգրային պատգամը կ’ըսէ. «Պատուական է Տիրոջ աչքին իր սուրբերուն նահատակութիւնը»:

Այս տօնը իր մէջ կը պարփակէ յիշատակը այն սուրբերուն, որոնց մահուան  թուականը անյայտ են մեզի եւ որոնք մարտիրոսաց տօներու եւ պահքի յատկացուած օրեր չունին: Սուրբերու նահատակութեան կամ մահուան յիշատակէն անկախ կը տօնախմբուին նաեւ անոնց կեանքին կամ յիշատակին կապուած որեւէ իրողութիւն, որ քրիստոնէութեան համար ունի իր յատուկ կարեւորութիւնը:

Մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, նաե՛ւ կը յիշատակուին օտար սուրբեր, որոնց մասին մեզի տեղեկութիւններ փոխանցուած են այն ժամանակաշրջանէն, երբ տակաւին ընդհանրական եկեղեցին չէր բաժնուած, այսինքն մինչեւ հինգերորդ դար: Այս մէկը կ’ապացուցէ, թէ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր ջերմ քրիստոնէական եւ եղբայրական սիրոյ հոգիով կը  շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Սակայն արեւմտեան  ցամաքամասերու վրայ, հակական եւ քրիստոնէական գեղեցիկ սովորութիւններ այլափոխուած են, հեթանոսական ու սատանայապաշտական սովորութիւններ առաւել արժէւորուած եւ մտած են  տուներէն եւ հաստատութիւններէն ներս: Հայկական եւ քրիստոնէական խորհրդանիշներ փոխուած են սնամէջ դդումով՝ եւ  երեխաները փոխանակ հրեշտակներու նմանցնելու, զանոնք կը զգեստաւորեն վհուկներու եւ ոճրագործ մարդակերներու հագուստներով:

Սիրելի ժողովուրդ հայոց, այսօր մենք 21րդ դարուն մէջ ենք. չբաւարարուինք հպարտանալ մեր փառաւոր անցեալով, եւ իյնալ օտարամոլութեան ճահիճին մէջ, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի կորուստ, այլ տէր կանգնինք մեր արժէքներուն եւ տոգորուինք հայկական եւ քրիստոնէական առաքինի շնորհներով:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան