ՏՕՆ՝ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՒԱՐԻ

ՏՕՆ՝ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՒԱՐԻ
 

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ 24.30-36:
 

Մարդու Որդիին գալուստը.
 

Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին:
 

Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան երբ տեսնեն Մարդու Որդիին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով:

Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները աշխարհ պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը:
 

Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ: Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ’արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է: Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին: Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
 

Աւետարանական այս հատուածը կը վերաբերի Մարդու Որդիին Երկրորդ Գալուստին: Բոլորին յայտնի է, թէ Մարդու Որդի եզրը Քրիստոսին համար ըսուած է:
 

Մարդու Որդիին առաջին գալուստը տեղի ունեցաւ Յիսուսի ծնունդով. «Եւ բանը Մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յհ 1.14): Քրիստոսի մկրտութեան օրը, երկնաւոր Հօր վկայութենէն ետք, Իր հրապարակային կեանքին սկսաւ հրաշագործութիւններու եւ քարոզախօսութիւններու ճամբով: Երբ Աստուածաշունչին մէջ իր մասին գրուածները Իրագործուելով իրենց լրումին հասան, Ան իր երկնաւոր Հօրը կամքը կատարեց՝ խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ, երկինք համբարձաւ ու խոստացաւ Երկրորդ անգամ գալ ամբողջ մարդկութեան դատաստանը կատարելու:
 

Քրիստոս իր առաջին գալուստով, որպէս խաղաղութեան իշխան յայտնուեցաւ, սակայն Աւետարանէն կ’իմանանք, թէ առաջին գալուստին նման պիտի չըլլայ Իր Երկրորդ գալուստը. «Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկնքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան» (Մտ 24.30): Անոնք, որոնք երկրաւոր կեանքի ընթացքին անօրէնութեամբ մեղաւոր կեանք մը ապրած են, պիտի ողբան:
 

Քրիստոսի երկրորդ գալուստը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ երեւոյթներէն ետք՝ արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի դադրի լուսաւորելէ, աստղերը երկինքէն վար պիտի թափին, երկիրը պիտի շարժի եւ սասանի, ապա պիտի երեւի Մարդու Որդիի նշանը՝ (Խաչ)ը: Քրիստոս պիտի հրամայէ իր հրեշտակներուն, որ աշխարհի չորս կողմերը երթան, փողեր հնչեցնեն եւ հաւաքէն ընտրեալները, որպէսզի փութան Մարդու Որդիին հրաւէրին եւ ժառանգեն խոստացուած յաւիտենական երջանիկ կեանքը (Մտ 24.31):
 

Քրիստոս թզենիի ծառը որպէս օրինակ կը բերէ, ինչպէս գիտենք թզենիին ճիւղերը երբ կանաչնան, զայն տեսնողները շուտով կ’իմանան, թէ մօտ է ամառը: Նոյնպէս վերոյիշեալ նշանները երբ տեսնուին, կը նշանակէ թէ մօտալուտ է Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Ուրեմն, եթէ մեր հոգիները կապուած են յաւիտենական եւ երկնային ճշմարտութիւններուն, յուսախաբ պիտի չըլլանք, երբ հրեշտակներու փողը հնչուի, որովհետեւ Քրիստոսով հարստացած պիտի ըլլանք: Այն ատեն երանելի պիտի կոչուինք, որովհետեւ ընտրեալներու կարգին դասուած պիտի ըլլանք:

ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ
 

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչելութեամբ եւ փառաւոր յարութեամբ, Խաչը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ քրիստոնեաներուն համար: Խաչը եղաւ ապաւէն եւ զօրութիւն ընդդէմ խաւարին եւ չարին:
 

Խաչի տօները չորս են՝ Երեւումն Ս. Խաչի, Գիւտ Խաչի, Վերացումն Ս. Խաչի եւ Վարագայ Ս. Խաչի:
 

Առաջին երեք տօները հասարակաց են բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ, մինչ վերջինը՝ Վարագայ Խաչի տօնը մեզի՝ հայերուս սեփական տօնն է, եւ կը համարուի ազգային պատմութեան պանծալի յիշատակ մը:
 

Աւանդութեան համաձայն, Ս. Հռիփսիմէ իր քրիստոնեայ կոյս ընկերուհիներուն հետ, խուսափելով Հռոմի կայսեր հալածանքներէն, կու գան Հայաստան եւ կ’ապաստանին Վարագայ լերան վրայ: Սակայն կոյսերու թաքստոցը շուտով կը բացայայտուի: Փախուստի դիմելէն առաջ Ս. Հռիփսիմէն Խաչափայտէն մասունք մը, զոր միշտ կը կրէր իր պարանոցին վրայ, զայն կը պահէ լերան ստորոտը գտնւող քարայրներէն մէկու մէջ: Ժամանակի ընթացքին մասունքին տեղը կ’անյետանայ: Երկար տարիներ մասունքն ու վայրը անյայտ կը մնան: Եօթներորդ դարուն Վարագայ լերան վրայ քարայրներուն մէկուն մէջ կ’պրէին Թոդիկ ճգնաւորն եւ իր աշակերտը Յովել: Անոնք շարունակ Աստուծոյ կ’աղօթէին՝ խնդրելով որ ցոյց տայ Քրիստոսի Խաչափայտի մասուքին վայրը: 660 թուականին Թոդիկ տեսիլք մը կը տեսնէ, ուր երկնակամարին վրայ կը յայտնուի լուսեղէն Խաչ մը եւ անոր շուրջը լոյսի 12 սիւներ: Վարագայ լերը Ս. Խաչի լոյսով ամբողջութեամբ կը լուսաւորուի: Խաչաձեւ լոյսը կը մտնէ մօտակայ եկեղեցին: Երկու ճգնաւորները կը շտապեն եկեղեցի եւ Սուրբ Սեղանին վրայ կը գտնեն անյետացած մասունքը: Լուրը կը հասնի հայոց Ներսէս Գ.Կաթողիկոսին եւ սպարապետ՝ Վարդ Ռշտունիին եւ Պատրիկ իշխանին: Անոնք մեծ ցնծութեամբ կու գան Վարագայ լեռ եւ մեծ տօնախմբութիւն կը կազմակերպեն: Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եկեղեցւոյ տօներուն կարգին կ’աւելցնեն Վարագայ Ս. Խաչի տօնը՝ ի յիշատակ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքին յայտնաբերման:

Այս տօնին առթիւ Հայոց Հայրապետը Ներսէս Գ.Կաթողիկոս շարական մը կը յօրինէ: Իսկ այն տեղը, որ տասներկու լոյսէ սիւներ երեւցած էին, եկեղեցի մը կը կառուցուի եւ կը կոչուի Ս. Նշան:
 

Յիշարժան է նշել, թէ յայտնուած մասուքը կը մնայ Վարագայ վանքի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 1651: Սակայն մոնկոլներու եւ թաթարներու արշաւանքներու ընթացքին Վարագայ վանքը կողոպուտի կ’ենթակուի, Խաչի մասունքը կրկին կ’անյետանայ: Կողոպտիչները չար վախճան կ’ունենան: Անոնց յաջորդները տեսնելով, որ մասունքը իրենց դժբախտութեան պատճառ պիտի ըլլայ, զայն կը յանձնեն «Հոգւոց» վանքի վանահայր՝ Պետրոս եպիսկոպոսին, ուր կը պահուի մինչեւ 1915 թուական:
 

Վարագայ Խաչի տօնը կը նշուի Սեպտեմբեր 28ի մերձաւոր կիրակի օրը: Վարագայ Ս.Խաչի տօնը հայ ազգային եւ կրօնական մեծագոյն տօներէն մին է:

ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՒԱՐ

Մարտիրոսները անոնք են, որոնք նահատակուած են վկայելով Քրիստոսի հանդէպ իրենց հաւատքն ու յուսադրումը ամբողջ աշխարհին: Այսպիսի համաքրիստոնէական մարտիրոսներէն է սուրբ Գէորգ Զօրաւար: Ան ծնած է երրորդ դարուն, իր նահատակութեամբ երկրային կեանքը պսակեց ի սէր Քրիստոսի եւ յաւիտենական երանութեան: Քաջարի զօրաւարը Կապադովկիոյ բարեպաշտ ծնողներու զաւակ էր: Ան քաջ զինուոր էր, չնայած իր երեսնամեայ տարիքին արդէն ունէր հազարապետի աստիճան:
 

Դիոկղետիանոս կայսեր օրով քրիստոնեաներու դէմ շղթայազերծուած հալածանքներու ժամանակ, արհամարհելով մահուան սպառնալիքը, սուրբ Գէորգ արիաբար բազմաթիւ տանջանքներու ենթարկուեցաւ, առանց խախտելու իր հաւատքը:
 

Սուրբ Գէորգ օր մը, Նիկոմիտիոյ հրապարակին մէջ տեսաւ, որ քրիստոնեաներուն դէմ հրովարտակ մը կախուած է, այս մէկը անարգանք համարելով պատռեց զայն: Այս արարքը խստիւ զայրույթ պատճառեց կայսեր մօտ: Ան հրամայեց, նոյն հրապարակին մէջ, կախել զինք եւ գեղարդով դուրս թափել անոր աղիքները: Ահաւոր տանջանքներու ընթացքին, սուրբին մարմինը ամբողջութեամբ արիւնլուայ վիճակի մատնուեցաւ, իսկ գեղարդը՝ հարուածէն ծռաւ: Այս եղածին ի տես կայսրը հրամայեց բանտարկել սուրբը եւ թելադրեց հսկայ սրապատ անիւ մը պատրաստել՝ սուրբ Գէորգի մարմինը ճզմելու: Նոյն պահուն, երկինքէն ձայն մը լսուելով, գօտեպնդեց դաժան տանջանքներու մատնուած սուրբը, իսկոյն Փրկիչին զօրութեամբ ազատեցաւ:
 

Սուրբ Գէորգ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ բազում հրաշքներ կատարեց, նպաստելով մարդոց հոգիներու փրկութեան:
 

Ալեքսանտրէ թագուհին լսելով սուրբ Գէորգի հրաշագործութիւններուն մասին կը հաւատայ Քրիստոսի եւ սուրբին հետ միասին կը դատապարտուի մահուան: Թագուհին մահապատիժի վայրը հասնելով տանջահար կ’աւանդէ հոգին: Իսկ սուրբ Գէորգ նախ կ’աղօթէ զինք տանջող հեթանոսներուն, որպէսզի ճանչնան ճշմարիտ լոյսը եւ դաւանին Աստուած, ապա գլխատուելով կը նահատակուի 303 թուականին:
 

Ըստ աւանդութեան կը պատմուի թէ քաջարի զինուորը՝ սուրբ Գէորգ վիշապ մը սպաննած է փրկելու համար աղջիկ մը, որ իբրեւ կեր յանձնուած էր վիշապին: Այս կը խորհրդանշէ սուրբին յաղթանակը չարին՝ Դիոկղետիանոս կայսեր դէմ, որ անդնդային վիշապ կը կոչուէր եւ որուն սուրբ Գէորգ իր անխախտ հաւատքով յաղթեց:
 

Ոչ մէկ կրօնքի մէջ Սատանային եւ չարին մասին լուսաբանութիւն տրուած է, որքան քրիստոնէութեան. պատճառը յստակ է, Քրիստոսի լոյսն է, որ ներթափանցելով մարդկային հոգիներուն մէջ կը վանէ խաւարը եւ էապէս կը բացայայտէ չարին հնարքները եւ խաբէութիւնները:
 

Աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի սուրբ Գէորգի հաւատքը եւ օրինակը զարդարէ մեր հոգիները աստուածային շնորհքներով, եւ մեր կեանքի ընթացքը ուղղէ դէպի յաւերժութիւն:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան