Հայ գրերու գիւտը արդիւնք էր Ս. Գիրքը հայերէն թարգմանելու անհրաժեշտութեան, որպէսզի հայ ժողովուրդը կարենար իր մայրենի լեզուով կարդալ եւ հասկնալ Աստուծոյ խօսքը՝ իբրեւ հոգեւոր սնունդ: Այդ անյետաձգելի գործը կատարեց Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ՝ տարիներու տքնաջան հսկումով ու աղօթքով երկնելով, հայ գիրը 404-406 թուականին:
Երբեմն հարց կը տրուի, ի՞նչ է Ս. Գիրքը (Աստուածաշունչ)ը: Քրիստոնէական կրօնի հիմքն է, Աստուծոյ գոյութեան եւ կեանքի Մատեանն է, Աստուծոյ խօսքն է եւ մեր հաւատքի խարիսխը: Ան մարդկութեան հոգեւոր սնունդի անսպառ շտեմարանն է, ոսկեղէն խօսքերու եւ թանկագին ադամանդներու գանձարան: Կեանքի փրկութեան ոսկեմատեանն է ան: Ամբողջ աշխարհը այս գիրքը Սուրբ Գիրք կ’անուանէ. իսկ մենք հայերս, Աստուածաշունչ կը կոչենք, օգտագործելով մեր անմահ Թարգմանիչներուն իմաստութեամբ ու մեծավայելչութեամբ գործածած այս գոհար բառը: Աստուածաշունչի Հին Կտակարանը կը բաղկանայ 48 գրքերէ իսկ Նոր Կտակարանը՝ 27: Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Թարգմանիչ հայրեր, Աստուածաշունչի առաջին Թարգմանութիւնը կատարեցին ասորերէն (Պեշիթա) կոչուած ասորական թարգմանութենէն, որ կը նշանակէ (ռամիկ, պարզ, հասարակ): Այնուհետեւ օգտուած են Եօթանասնից կոչուած թարգմանութենէն, որ կատարուած է եբրայերէն բնագիրէն: 434 թուականին Թարգմանիչ Վարդապետներ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի հետ, սրբագրած են Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, եւ իր լրումին հասցուցած: Այսօր Աստուածաշունչը արդի հայերէնի թարգմանուած ըլլալու կողքին նաեւ ձեռնտու դարձած է համակարգչային համաբարբառի գործածութիւնը, այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ թէ հայ եկեղեցին ժամանակի հետ քայլ կը պահէ եւ ինքզինք կը նորոգէ:
Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ ԵՒ ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայոց գիրը՝ «Այբուբենը» ստեղծեց 404-406 թուականին, ճշմարտութիւն մը, որ յայտնի է իւրաքանչիւր հայու: «Այբուբեն» բառը կազմուած է առաջին երկու տառերու անուններէն՝ Ա-այբ, Բ-բեն: Գիրերու գիւտի արդիւնքը այն եղաւ, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ամբողջ ընթացքին տառերը եղան ինքնատիպ սուր՝ բազմադարեան թշնամիներուն դէմ: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց կատարեց հայրենանուէր այնպիսի գործ, որ հրաշքի նման էր: Սակայն արդեօք դիւրի՞ն էր գրերու գիւտը: Հայագիր հնագոյն մատեաններուն համաձայն, Ս. Մեսրոպի աշակերտներուն գործերուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ, գիտնականներ եկած են այն եզրակացութեան, որ հայ գիրերը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծած է հանգրուանային կերպով:
Ա- Հայաստանի տարբեր գաւառները այցելելով՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց ուսումնասիրած է այդ շրջաններու բարբառներու հնչիւնական արտասանական իւրայատկութիւնները, համեմատած եւ գտած է ընդհանուր ու հասարակաց հնչոյն, եւ տառերը ստեղծած է այդ ընդհանուրին համապատասխան:
Բ- Յաջորդ կարեւոր խնդիրը գրութեան ուղղութիւնն է, կային ձախէն-աջ, աջէն-ձախ, վերէն վար գրութիւններ: Գիրի զարգացման բարձր աստիճանը աջընթաց ուղղութիւնն է, որ դարձեալ ճիշդ ընտրուեցաւ Ս. Մեսրոպի կողմէ:
Գ- Կարգ մը այբուբեններու մէջ նոյն տառը երբեմն տարբեր ձեւով կ’արտասանուի: Ս. Մեսրոպ ընտրեց ճիշդ սկզբունք մէկ հնչիւնին՝ մէկ գիր տառ:
Դ- Հին ժամանակի ամէնէն յայտնի եւ գործնական լեզուներէն երկուքը՝ ասորերէն եւ պահլաւերէն բառերուն մէջ ձայնաւորները չէին գրուեր, որմէ դժուարութիւններ եւ թիւրիմացութիւններ կը յառաջանային: Ս. Մեսրոպ տառեր յօրինեց նաեւ ձայնաւորներուն համար:
Տառերը յօրինելէ ետք, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պէտք էր զանոնք դասաւորէր, եւ տառերուն անուններ տար, ինչպէս նաեւ՝ թուային արժէք, որպէսզի վերջնականապէս ձեւաւորուէր այբուբենը: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց նաեւ գիրերու գործածութեան կանոններ սահմանեց, աւարտելէ ետք թարգմանական գործի սկսաւ:
«Օ» եւ «Ֆ» տառերը Մաշտոցեան այբուբենին մաս չեն կազմեր, աւելցուած են 12-րդ դարուն, իսկ 17-րդ դարուն նաեւ «Եւ» շաղկապը: Միջնադարուն հայոց գիրերը նաեւ նկարազարդուեցան եւ ծաղկազարդուեցան «Թռչնագիր» «Ծաղկագիր» հայ գծագրիչներու կողմէ, գեղեցիկ խորհրդանիշներով:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան