Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Ա.Թս 4. 1-11)
«Միթէ Աստուած մեր պղծալից կեանքը շարունակելո՞ւ հրաւիրեց մեզ, թէ՝ սրբութեամբ ապրելու» (Ա. Թս 4.7):
Առաքեալը թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր առաջին նամակով կը յիշեցնէ հաւատացեալին, որ մարդու կեանքին դիմաց կան երկու հիմնական հարցեր, որոնք պատճառ կ’ըլլան գլորման եւ սայթաքման: Անոնք են՝
ա- Մարմնական պղծութիւններ.
բ- Աշխարհիկ ցանկութիւններ.
ա. Մեղաւորը, թէեւ գիտէ որ մարմինը հողէ ստեղծուած եւ մահկանացու է, իսկ հոգին Աստուծոյ պատկերն է եւ անմահ, բայց եւ այնպէս իր մարմինը կը սիրէ հոգիէն աւելի: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ձեր մարմինները տաճարն են Ս. Հոգիին» (Ա.Կր 3.16):
Աստուած օր մը հոգին պիտի առնէ, իսկ մարմինը պիտի անշնչանայ ու հողին վերադառնայ: Հետեւաբար, հարց տանք մենք մեզի թէ յիմարութիւն չէ՞, ձգել անմահական կեանքը եւ հետեւիլ մահկանացու մարմինին, մոռնալ Աստուծոյ պատկերը ու կառչիլ հողեղէն անօթին:
Առաքեալը կը զգուշացնէ մեզ մարմնական ցանկութեան եւ պղծութեան կրակէն, որ մահուան օրը երբ հասնի պիտի մարի, բայց անոր պիտի յաջորդէ դժոխքի յաւիտենական կրակը: Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ ըսելով. «Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր անձը կ’անտեսէ այս աշխարհի վրայ՝ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ’ըլլայ» (Յհ 12.25):
Մարդոց երջանկութիւն կարծուած մարմնական ցանկութիւնները, կը նմանին ձկնորսին կարթով հրամցուած ուտելիքին, որ ժամանակաւոր երջանկութիւն կը պատճառէ ձուկին, հազիւ համը առած հաճոյքին, ահա սուր եւ մահկանացու երկաթին ծայրը կը կալանաւորէ զինք: Այս ճշմարտութիւնը ակնյայտօրէն կը դրսեւորուի Սողոմոն իմաստունին անձնական փորձերով ու ապացոյցերով: Ան իր կեանքի ընթացքին ինքզինք որեւէ բանէ չզրկեց, մարմնական հաճոյքներու անձնատուր եղաւ, բայց այդ բոլորին մէջ չգտաւ իր երջանկութիւնը, ապա եզրակացուց ըսելով. «Ունայնութիւն ունայնութեանց, ամէն ինչ ունայնութիւն է» (Ժղ 1.2):
բ- Ընդհանրապէս մեղաւոր մարդուն մտածումները, խօսքերն ու գործերը կեդրոնացած կ’ըլլան երեք մոլութիւններու շուրջ՝ դրամի, փառքի եւ մարմնական ցանկութեան: Այս իղձերը ձեռք բերելու համար անդադար կ’աշխատի, ասոնց մէջ տեսնելով կեանքի երջանկութիւնը:
Ագահը առաջինին մէջ կը տեսնէ ինքզինք, փառասէրը՝ երկրորդին, իսկ պղծասէր մարմնապաշտը՝ երրորդին: Այս երեք միջոցներով մարդիկ կը փորձեն իրենց ցանկութիւններուն պապակը յագեցնել, առանց անդրադառնալու թէ աւելի եւս կը բորբոքեն զանոնք: Սակայն շատ ուշ կ’անդրադառնան իրենց չարաչար սխալած ըլլալուն եւ յաճախ՝ անկարելի կ’ըլլայ դարմանել անոնց ողբերգական վիճակը: Մեղաւորը պէտք է գիտակցի թէ, մարմնական եւ աշխարհիկ պիղծ ցանկութիւնները մինչեւ ո՛ւր կրնան հասցնել զինք: Մահը ոչ միայն մեր ունեցուածքներէն, մերձաւորներէն ու բարեկամներէն կը զրկէ մեզ, այլ նաեւ կը բացայայտէ ցանկութիւններու եւ կիրքերու կորստաբեր ինքնութիւնը: Սխալ է ուրեմն մեր յոյսերը ունայն եւ կարճատեւ հաճոյքներու վրայ հաստատելը, որովհետեւ անոնք պատճառ կը դառնան կորսնցնելու յաւիտենական կեանքը: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Ինչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ» (Մտ 16.26):
Հետեւաբար, եթէ մեր մարմնական կարիքներուն եւ ապագային համար այնքան մտահոգուած ենք, որքան աւելի պէտք է մեր հոգիներու փրկութեան համար մտահոգուինք: Ուրեմն՝ մեր երկրաւոր կեանքը պէտք է ծառայեցնենք յաւիտենական կեանքը ապահովելու եւ Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգելու:
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (13.1-9)

Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին:
Յիսուս անոնց ըսաւ.
-Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան: Ո՜չ: Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք: Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք: Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները: Ո՜չ: Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք:
Անոնց հետեւեալ առակը պատմեց.
-Մարդ մը կար, որ իր այգիին մէջ թզենի մը տնկած էր: Թուզ քաղելու գնաց, բայց թզենիին վրայ պտուղ չգտաւ: Այգեպանին ըսաւ. «Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ՜ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ»: Այգեպանը պատասխանեց. «Տէ՜ր, թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ: Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ. ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն»:
Աւետարանական այս հատուածը, մեզի կը յուշէ՜ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկսելէ կարճ ժամանակ առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է» (Մտ2.3):
Քրիստոս կը շեշտէ, ապաշխարութեան անհրաժեշտութիւնը եւ զայն կը նկատէ փրկութեան միակ եւ ճշմարիտ երաշխաւորը, որ կ’ապահովէ մեր մուտքը երկնքի արքայութենէն ներս: Ապաշխարութեան գաղափարը նախաքրիստոնէական շրջանէն Հին Կտակարանեան հասկացողութեան մէջ ալ գոյութիւն ունէր: Յովէլ մարգարէն կը գրէ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Վերադարձէք ինծի ձեր ամբողջ սիրտով՝ ծոմապահութեամբ, լացով ու կոծով» (Յվլ 2.12): Ապաշխարութիւն կը նշանակէ դարձի գալ Աստուծոյ եւ արցունքով մաքրել մեր հոգին պղծող եւ ծանրացնող մեղքերէն: «Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին» (Ղկ 13.1): Ուշագրաւ են Քրիստոսի մէջբերած օրինակները. «Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան» (Ղկ 13.2): «Կամ ինչ կը մտածէք այն տասնըութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք: Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները» (Ղկ 13.4): Յիսուս ըսել կ’ուզէ թէ բոլոր անոնք, որոնք մեղաւոր ընթացքի մէջ են, պատիժի պիտի արժանանան. «Եթէ չապաշխարէք՝ դուք ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղկ 13.3):
Յովհաննէս Մկրտիչ աւելի խիստ ոճով կը պատասխանէ անոնց, որոնք մեղաւոր են բայց՝ իրենք զիրենք արդար կը նկատեն, պարզապէս Աբրահամի որդիները ըլլալով ու կ’ըսէ. «Ասկէ ետք գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք: Մի կրկնէք դուք ձեզի՝ ըսելով. «Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»: Կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուած քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել» (Ղկ 3.8): Ապաշխարութեան մասին խօսած ատեն Յովհաննէս Մկրտիչ կ’ըսէ. «Ահաւասիկ կացինը ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու պատրաստ է: Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար՝ պիտի կտրուի եւ կրակը նետուի» (Ղկ 3.9): Աստուածահաճոյ գործերն են որոնք կը խորհրդանշեն այն բարի պտուղները, որոնց մասին կը խօսի Քրիստոս ըսելով. «Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք» (Յհ 15.8): Անպտուղ թզենիին առակին մէջ այգիին տէրը կ’ըսէ. «Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ» (Ղկ 13.7): Այսինքն ըսել կ’ուզէ թէ երեք տարի համբերած է: Աստուած ալ կը համբերէ եւ կը սպասէ որ մեր հոգիները ծաղկին բարի գործերով: Օր պիտի գայ, երբ Աստուած զայրանալով պիտի պատժէ մեզ մեր չարագործութիւններուն համար: Ապաշխարութիւնը մարդու կեանքի տեւողութեան գործընթաց մըն է , որ իր աւարտին կը հասնի միայն այս աշխարհէն մեկնած ժամանակ: Ապաշխարութեան խորհուրդը շարունակական է, մարդ որքան ապրի, այնքան մեղանչելու հակամէտ է, հետեւաբար ապաշխարութիւնը մէկ անգամուայ կատարուելիք արարք մը չէ: Ապաշխարութեամբ է որ մարդ անդրադարձ կ’ունենայ իր սխալներուն, կը զղջայ իր գործած մեղքերուն, խոստովանելով եւ սրբագրելով զանոնք, կը դառնայ դէպի Աստուած եւ կը սկսի նոր կեանք մը Քրիստոսով: Մեր բարի գթարատ Հայրը Աստուած, որ տուիչն է բոլոր շնորհքներուն եւ պարգեւներուն, ամէն օր մեզի հնարաւորութիւն տուած է ապաշխարելու: Հետեւաբար արժէւորենք ամէն օր, որ կ’ապրինք, ժամանակը չվատնենք վաղանցուկ բաներով: Հետեւաբար, զգաստանանք եւ մեր հոգիները զարդարենք աստուածահաճոյ գործերով:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան