
Երեքշաբթի 25 Օգստ. 2026-ի կէսօրին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի այցելեցին եկեղեցւոյս հիմնադիր Կնքահայրերէն եւ երկարամեայ Երեսփոխան եւ Հոգաբարձու՝ Տիար Գրիգոր Հոթոյեան, ընկերակցութեամբ իր դուստրին՝ Անի Հոթոյեան Ժոլիին: Հիւրերը դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի, եկեղեցւոյ անձնակազմին՝ Արմիկ Սաֆարի, Խաչիկ Տէտէեանի եւ Սարկաւագ Յակոբ Կիրակոսեանի կողմէ: Հուզումնախառն հանդիպումի ընթացքին, Տիար Հոթոյեան յիշեց թէ ինչպիսի մարտահրաուէրներու դիմաց գտնուեցան երբ Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ վարժարանի եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան որոշումները առնուեցան օրուան պատասխանատուներուն կողմէ: Սակայն իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց, որ սկսուած գործը լաւագոյնս կը շարունակուի: Իր կարգին, Տէր Տաթեւ առողջութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթեց մտաւորական ազգային գործիչին:
