ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՅԻՍՈՒՍԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ» ԾՐԱԳԻՐԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագիրը։ Այս անգամ հաւաքը նուիրուած էր «Սրբոց Թարգմանչաց» տօնին՝ այն մեծ առիթին, որ հայ ժողովուրդին պարգեւեց իր սրբազան այբուբենն ու հոգեւոր լուսաւորութիւնը։

Փոքրիկները սիրով ու հետաքրքրութեամբ լսեցին գիրերու գիւտի եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան պատմութիւնը, ծանօթացան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոր աշակերտներուն, շնորհիւ Օրդ. Լուսի Ապաճեանի ջերմ ներկայացումին, որ նաեւ սորվեցուց թէ մեր այբուբենը Աստուծոյ պարգեւն է մեր ինքնութեան։

Հաւաքը աւարտեցաւ երգով եւ ձեռային աշխատանքով։

Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։ Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր փոքրիկները միանալու այս գեղեցիկ ժամանցին։