Եկեղեցւոյ Արեւմտեան կողմը գաւիթին կամ բանկալին վրայ կառուցուած բաժինը, ուր հաւատացեալներ երկրորդ յարկի բարձրութեամբ կը հետեւին եկեղեցական արարողութեանց կը կոչուի վերնատուն:
Անցեալին, վերնատունը յատկացուած կ’ըլլար կիներուն, եւ յաճախ մասնաւոր փայտեայ ճիւղերով վանդակապատուած՝ կիներ անջատուած իրենց մասնայատուկ բաժինը կ’ունենային, աղօթելու համար:
ՀԵտագային, երբ կենցաղային պայմաններն ու մարդկային ըմբռնողութիւնը փոխուեցաւ, եկեղեցւոյ աջակողմը յատկացուեցաւ կիներուն, իսկ ձախակողմը այր մարդոց:
Այսօր, ընդհանրապէս վերնատուները յատկացուած են դպրաց դասերուն, Պատարագի քառաձայն երգեցողութեան համար, ուր դրուած կ’ըլլայ նաեւ երգեհոնը:
ՎԷՄՔԱՐ

Վէմքարը, Սրբալոյս ՄԻւռոնով օծուած այն մարմարեայ քարն է, որ եկեղեցւոյ չգոյութեան պարագային, կարելի է զայն սրահի մը մէջ, սեղանի մը վրայ դնել եւ Ս. Պատարագը մատուցանել:
Վէմքարին վրայ պէտք է քանդակուած ըլլայ Ս. Խաչը:
Վէմքարի գործածութիւնը յատկապէս ընդհանրացած էր գաղթականութեան օրերուն, երբ պարզ հաւաքատեղիներուն մէջ կը կատարուէին Ս. Պատարագները:
Իսկ այսօր, գրեթէ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ օխեալ եկեղեցիներ ունինք, օծեալ Ս. Սեղաններով:
Այսուամենայնիւ, առաջնորդարաններ եւ եկեղեցիներ իրենց տրամադրութեան տակ պէտք է ունենան վէմքար մը, անակնկալ պարագաներուն գործածելու համար:
Այստեղ պէտք է արձանագրել, որ երբ եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը տախտակաշէն է, վէմքարը անպայմանօրէն անոր կեդրոնը պէտք է դրուած ըլլայ, որպէսզի պատարագիչ եկեղեցականը Ս. Սկիհը անոր վրայ հանգչեցնելով կատարէ Ս. Պատարագը: