ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ

Մատթէոսի Աւետարան (6.1-21)

Մեծ Պահքը ապաշխարութեան եւ ինքնազրկումի ընթացք մըն է: Յատկանշական է, որ կը սկսի երջանկութեան գաղափարի յիշատակութեամբ: Պահքի ընթացքին, եկեղեցական արարողութեամբ, հաւատացեալներուն կը բացատրուի, թէ մարդը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցած է եդեմական դրախտի երջանկութիւնը եւ ինչպէ՞ս կրնայ վերատիրանալ անոր:

Մեծ Պահոց նախընթաց օրը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան: Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք, բարի-կենդանութիւն, երջանիկ կեանք կամ ուրախ կեանք:

Բուն Բարեկենդանը յիշատակն է Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքին՝ մարդկային առաջին երջանկութեան, որ կը նկարագրուի «Ծննդոց» գրքի առաջին էջերուն մէջ: Կիրակի օրուան շարականը իր առաջին պատկերին մէջ կը նկարագրէ եւ կը հաստատէ օրուան իմաստն ու նկարագիրը: «Աստուած մարդուն հողեղէն բնութեան մէջ իր պատկերը խառնեց ու զայն փառքով զարդարելէ ետք դրաւ դրախտին մէջ, ուր հրճուանքով կը ցնծար տխրութիւն չճանչցող խնդութեամբ»:

Թէ՝ Աստուածաշնչական ընթերցումին եւ թէ օրուն շարականին մէջ կ’ըսուի, անոնք գոհ էին եւ զուարթ հոգեվիճակի մէջ:

Օրուան աւետարանական հատուածը առնուած է Մատթէոսի. (6.1-21) համարները: Դարձեալ կը խօսի պահեցողութեան մասին, այս անգամ զայն յարաբերութեան մէջ դնելով աղօթքի, ողորմութեան եւ բարեգործութիւն կատարելու կարեւորութեան մէջ: Քրիստոս պահքի մասին հետեւեալը կը թելադրէ. «Երբ պահք կը պահես, կ’աղօթես եւ կամ ողորմութիւն կ’ընես,գաղտնօրէն կատարէ այդ բոլորը եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս պիտի հատուցանէ» (Մտ 6.18)

Բուն Բարեկենդանի հիմնական նպատակն է, պահեցողութեամբ եւ աղօթքի ճամբով փրկութեան արժանանալ:

Մեծ Պահցողութեան շրջանը Աստուծոյ շունչը, Աստուծոյ պատկերը եւ յաւիտենական երջանկութիւնը՝ հոգեւոր կեանքը վերագտնելու եւ վերահաստատելու ժամանակն է: Եկեղեցին Աստուծոյ Նոր պարտէզն է հաստատուած երկրի վրայ, եւ այդ հոգեւոր պարտէզին մէջտեղ կայ Քրիստոս, որ կեանքի եւ «Անմահութեան ծառը», եւ պարտէզէն բղխող եւ հաւատացեալներուն հոգեւոր ծարաւը հագեցնող կենդարար գետն է:

Եկեղեցին կը շեշտէ պահեցողութեան կարեւորութիւնը, որ հոգեկան ներաշխարհին առողջ պահպանման հրամաեականն է:Ինչպէս Քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցին, Հայ եկեղեցին եւս պահեցողութիւնը չի բաժներ աղօթքէն ու ողորմածութենէն:

Պահեցողութիւն, աղօթք, Քրիստոնէական սէր, կամեցողութիւն, ողորմածութիւն եւ բարեգործութիւն հասկացողութիւնները առանցքը կը կազմեն Մեծ Պահքի ճշմարիտ ըմբռնումին: Աղօթելն ու բարեգործութիւնը մեր պարտականութիւնն է: Բայց անոնք որոնք մոռցած են մարդկային այս հիմնական առաքինութիւնները, Մեծ Պահքը առիթ է անոնց, որպէսզի աղօթքի եւ բարեգործութեան ճամբով օգտակար ըլլան բոլոր անոնց որոնք կարիքաւոր են:

Պահեցողութիւնը Քրիստոնեային համար կեանքի ձեւ մըն է, տուեալ ժամանակի մէջ ապրելու եւ գոյատեւելու իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեայ: Մեծ Պահքի նպատակն է մեղաւոր մարդուն դարձը դէպի Աստուած, հոգեպէս մաքրուելու եւ ապաշխարութեամբ հասնելու փրկութեան:

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Տեառնընդառաջի տօնը համաձայն աւետարանական հատուածին, Յովսէփ եւ Մարիամ քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկը Տաճար կը տանին Աստուծոյ ընծայելու, Մովսիսական օրէնքի թելադրութեամբ: Ղուկասու Աւետարանը կ’ըսէ. «Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը Երուսաղէմ տարին՝ Յիսուս Մանուկը, Տիրոջ ընծայելու համար» (Ղկ.2.22-31): Այդ օրերուն Սիմէոն անունով արդար եւ աստուածավախ մարդ մը կար, Սուրբ Հոգին իրեն յայտնուած էր ըսելով. «Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնի»: Այդ օր Սուրբ Հոգին զինք առաջնորդած էր տաճար: Երբ ծնողքը Յիսուս Մանուկը տաճար բերին, որպէսզի օրէնքի թելադրութիւնը կատարեն, Սիմէոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ,ըսելով. «Այժմ ո՜վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ արձակէ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի,որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը,որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն՝ որպէս լոյս հեթանոսներուն լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու»:

Տեառնընդառաջի տօնը մեզի համար քրիստոնեաներուս կը խորհրդանշէ Քրիստոս, որպէս լոյսն աշխարհի, ինչպէս Սիմէոն Ծերունին կ’ըսէ. «Աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու» (ՂԿ 2.30-32): Քրիստոս Ի՛նքն է Ճշմարիտ Լոյսը: Հետեւաբար, Տեառնընդառաջի տօնին միշտ նկատի պէտք է ունենաք, որ օրուայ տօնակատարութեան շեշտը եւ իմաստը դրուի Քրիստոսէ ճառագայթող լոյսին վրայ: Տօնին նախօրեակին՝ Փետրուարի 13 ին, երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ժամերգութեան կը կատարուի նախատօնակ, ինչպէս նաեւ հրավառութիւն: Մայրեր իրենց նորածին զաւակները կը բերեն Եկեղեցի, որպէսզի զանոնք եկեղեցւոյ խորանին ընծայեն: Իսկ աւարտին շրջաբակին մէջ խարոյկ կը վառէն Խորանէն վառուած կանթեղի մոմով: Տեառնընդառաջին «Սիմէոն եւ Ծերուն»անուն կրողներու անուանակոչութեան տօնը կը նշուի:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ

Արշակունեաց հարստութեան անկումէն ետք, հայոց աշխարհին կը տիրէ պարսից Սասանեան ցեղը, որ կ’առաջնորդուէր մոգերու կողմէ եւ շատ յաճախ կռիւ կը մղէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը մերժէին ընդունիլ կրապաշտութիւնը:

Պարսիկներու թագաւորն էր Յազկերտ՝ նկարագրով չար, կռուասէր ու հպարտ անձնաւորութիւն մը: Ան կ’ուզէր որ հայեր մերժէն քրիստոնէութիւնը եւ կրապաշտ դառնան:

Հայաստան թագաւոր չունէր, սակայն կար հայոց սպարապետը՝ Վարդան Մամիկոնեանը, որ մեծ հօր՝ Ս. Սահակ Պարթեւի, ինչպէս նաեւ Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով տոգորուած եւ աշակերտած անոնց: Հայոց բանակին մէջ կար նաեւ Վասակ Սիւնի անունով փառասէր իշխան մը:

Պարսից Յազկերտ թագաւորը, ազդարարելով կը տեղեկացնէ հայոց իշխաններուն եւ եկեղեցականներուն, որպէսզի հրաժարին քրիստոնէական կրօնքէն եւ ընդունին կրապաշտութիւնը: Այս սարսափազդու լուրը երբ կը հասնի Հայաստան, իսկոյն հայոց արքունիքէն ներս ժողով մը կը գումարուի, ներկայութեամբ հայոց Յովսէփ Կաթողիկոսին, Ղեւոնդ քաջ քահանային, Վասակ Սիւնիին, Վարդան Մամիկոնեանին եւ բազմաթիւ այլ եպիսկոպոսներու եւ իշխաններու: Բոլորն ալ միաձայնութեամբ կը մերժեն կրապաշտ դառնալ եւ միասնաբար կը պատասխանեն ըսելով. «Մենք չենք ուրանար մեր սուրբ հաւատքը, եթէ բռնի կ’ուզէք մեզ կրապաշտ դարձնել, այն ատեն ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը»:

Յազկերտ սաստիկ կը զայրանայ եւ կը հրամայէ, որ հայ նախարարները իր մօտ գան:Նախարարները կ’ուխտեն հաւատարիմ մնալն իրենց հաւատքին եւ ապա կը մեկնին Տիզբոն: Յազկերտ նախ կ’ըսպառնայ. «Եթէ չուրանաք ձեր հաւատքը, ձեզ հոս կը բանտարկեմ, իսկ ձեր կիներն ու զաւակները կը սպաննեմ»: Վարդան Մամիկոնեան կը համարձակի ըսելու. «Դուք շատ լաւ գիտէք թէ որքան հաւատարմութեամբ ծառայած ենք ձեզի, նոյնիսկ այժմ պատրաստ ենք ծառայելու: Բայց մենք երբեք չենք կրնար ուրանալ մեր պապերու հաւատքը, լաւ է որ մեռնինք,քան ուրանալ մեր հաւատքը»:

Նախարարները ժամանակ կը խնդրեն մտածելու: Կ’առանձնանան եւ կ’որոշեն. «առերես» ուրանալ՝ ապա Հայաստան վերադառնլէ ետք ապստամբիլ պարսիկներու դէմ: Յազկերտ կ’ուրախանայ, նախարարներուն մոգեր կը տրամադրէ, որպէսզի կրապաշտական կրօնքը սորվեցնեն: Հազիւ թէ անոնք մոգերու ընկերակցութեամբ ճամբայ կ’ելլեն,իսկոյն լուր կը հասնի Հայաստան, թէ նախարարները ուրացած են քրիստոնէութիւնը:Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ ժողովուրդը դէմ կը դնէ մոգերուն եւ երկրէն կը փախցնէ զանոնք, իսկ իշխանները կը յայտնեն, թէ «առերես» միայն ուրացած էին իրենց հաւատքը:

Յազկերտ երբ կ’իմանայ եղելութիւնը,հսկայ բանակ մը կը տրամադրէ եւ կը ղրկէ Հայաստան՝ հայերը բնաջմջելու եւ բռնի կրապաշտութեան դարձնելու, սակայն Վարդան Մամիկոնեան ընտիր բանակով մը յառաջ կ’երթայ ինքնապաշտպանութեան: Պատերազմի նախօրեակին,հայոց բանակը կը հաղորդուի, ապա առւօտ կանուխ կը սկսի կռիւը: Երկու կողմերն ալ բուռն կերպով կը պատերազմին:Կորովի Վարդան եւ իր նիզակակիցները երկոյեան կը նահատակուին եւ արժանի կ’ըլլան փառաց պսակին: Հայ նահատակներուն թիւը կը հասնի 1036 վկաներու,իսկ պարսիկ սպաննուածներուն թիւը՝ անհամար:

Պատերազմի ընթացքին Վասակ Սիւնի դաւաճանելով իր հայրենիքը,իր գունդով կ’անցնի պարսից կողմը,որովհետեւ իրեն թագաւորական մական խոստացուած էր: Թէեւ Պատերազմը վերջ կը գտնէ հայերու պարտութեամբ, սակայն անոնք չեն ուրանար իրենց հաւատքը:

Վարդանաց հերոսամարտը իր իւրայատուկ տեղը ունի այսօր մեզի համար: Ան կը թելադրէ.

ա-Ազգային նուիրական սրբութիւններու անաղարտ պահպանում:

բ-Մարդկային, ընկերային, անհատական կեանքի բարոյականութեան բարձրացում եւ որակի հարստացում:

գ-Անզիջող կեցուածք՝ կրօնական, ազգային արժէքներու եւ հայեցի դաստիարակութեան ուսուցումներուն ու սկզբունքներուն հանդէպ:

ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաները Աւարայրի ճակատամարտին սրբացած քաջ եկեղեցականներ են: Անոնք անձնուրաց քալեցին հայոց բանակին առջեւէն եւ իրենց բոցաշունչ խօսքերով քաջալերեցին, ոգի եւ ոյժ փոխանցեցին, Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ հայ ինքնութեան, Պարսից զորքերու դէմ ոտքի ելած հայոց քաջամարտիկ բանակին:

Վարդանանք պատերազմէն ետք,անոնք ձերբակալուեցան, Հազկերտ Բ.ի հրամանով եւ տարուեցան, Ապատ աշխարհի Նոյուշապուհ բերդը: Այնտեղ անոնց առաջարկուեցաւ ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ մազդէական կրօնը՝ իրենց կեանքերը փրկելու:

Ղեւոնդեանք մերժեցին առաջարկը եւ նահատակուեցան. «Վասն հաւատոյ եւ վասն Հայրենեաց իւրեանց»:

Պատմութիւնը կը յիշէ անոնց անունները,անոնց հաստատուն հաւատքին եւ սկզբունքներուն շնորհիւ է, որ հայ ազգը պարտութեան եւ կամ յաղթանակի պարագաներուն, միշտ եւ բոլոր ժամանակներուն ալ բարոյական յաղթանակ գտնելու անհրաժեշտութեան հետ դէմ յանդիման կը գտնուի:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան