ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆ ԵՒ ԲԵՐՔԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2025-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ անմահ Պատարագով հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ ժողովուրդին յատուկ Վարագայ Սուրբ Խաչի Տօնը։ Պատարագիչն ու քարոզիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, որ իր ոգեշունչ քարոզին մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները՝ խաչին մէջէն տեսնել Քրիստոսի սէրը, ներկայութիւնը եւ փրկութիւնը։
Յաւարտ Պատարագին, Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասերուն առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ ու կատարուեցաւ մեր դարաւոր աւանդութիւններէն՝ «Բերքի Օրհնութեան» աղօթքը։