Ս. ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 13.24-30:

Որոմի առակը.
 

Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
 

-Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ: Գիշեր մը երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց: Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր.«Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. Ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»:
 

Անիկա պատասխանեց.«Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»: Ծառաները ըսին. «Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»: «Ոչ», – պատասխանեց տէրը, -«Որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք: Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ. Այն ատեն հնձուորներուն կ’ըսեմ. Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»:

Ահաւասիկ ճիշդ ասոր կը նմանի երկնքի արքայութիւնը:
 

Այսօրուան ճաշու Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ, Քրիստոսի տնօրինական առաքելութեան ընթացքին պատմած «Որոմին առակը»:
 

Քրիստոս այս առակով, վերջին դատաստանին նախապատկերն է, որ մեզի կը ներկայացնէ: Անխուսափելի ճշմարտութիւն մըն է վերջին դատաստանը, որուն ականատեսները պիտի ըլլանք բոլորս: Անխուսափելի է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը խումբի մը մաս պիտի կազմէ: Այսօրուան առակին բացատրութեամբ, թէ մէկը ընտիր ցորենին խումբին, իսկ միւսը՝ որոմին:
 

Հողատէր մը իր արտին մէջ ընտիր եւ բարի սերմեր ցանեց, այնպէս ինչպէս Աստուած աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ ամէն ինչ ընտիր եւ բարի ստեղծեց: Բայց չարը եկաւ եւ որոմ ցանեց: Որոմն ու ընտիր սերմերը միասին աճեցան այնպէս ինչպէս որ չարերն ու բարիները միասին կ’ապրին այս աշխարհին մէջ: Տանտիրոջ ծառաները կ’ուզեն աճապարել եւ շուտով որոմը զատել ցորենէն, բայց տէրը չարտօնէր, այն մտավախութեամբ, որ կրնան բարի ցորեններուն վնաս պատճառել (Մտ 13.29):
 

Ինչպէս ցորենին ու որոմին, այնպէս ալ բարիներուն ու չարերուն հունձք մը կը սպասէ հարկաւ, այսինքն՝ վերջին դատաստանը: Աստուած կրնայ շուտով պատժել, բայց կը սպասէ, չուզեր չարերը պատժած միջոցին բարիներուն վնաս հասցնել:
 

Աստուածային համբերատարութիւնն ու ներողամտութիւնը արտայատող ցայտուն օրինակներէն մէկն է, որ Աստուածաշունչին մէջ յաճախ կը կարդանք, երբ Աստուած պիտի պատժէր Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչները իրենց ամբարիշտ կենցաղին համար: Աբրահամ համարձակութիւնը կ’ունենայ Աստուծոյ ըսելու. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես»: Աստուած կ’ըսէ. «Եթէ տասը արդարներ ըլլան այդտեղ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ» (Ծն 18.16-33): Այնպէս ինչպէս որ հողատէրը չուզէր վնաս հասցնել արդարներուն եւ պիտի չուզէ նաեւ վնաս հասցնել այսօրուան արդարներուն:

Բայց ամէն բան իր ժամանակին պիտի իրականանայ, երբ հունձքի ժամանակը գայ, որմէ բնաւ փախուստ չկայ: Այն ատեն ամէն մարդ հաշիւ պիտի տայ իր կատարած գործերուն եւ ապրած կեանքին համար: Ինչպէս տանուտէրը պիտի ըսէր իր ծառաներուն.«Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»(Մտ 13.30): Նոյնպէս Աստուած դատաստանի օրը, պիտի ղրկէ իր հրեշտակները եւ անոնք պիտի զատեն մարդիկը, չարերը դէպի յաւիտենական տանջանք, իսկ բարիները՝ յաւիտենական երջանկութիւն:


Աստուած որպէս համբերատար եւ բարի հայր,չ’ուզեր իր զաւակներուն կորուստը,
 

բայց չի նշանակեր որ մենք պիտի շահագործենք Աստուծոյ բարութիւնն ու երկայնամտութիւնը, որովհետեւ Աստուած պայմանաժամ ճշդած է՝ վերջին դատաստանը, ուր արդարները պիտի վարձատրուին յաւիտենականութեան երանական բարիքներով, իսկ չարերը յաւիտենական գեհենի տանջանքներով:

Ս. ՏՐԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՒ Ս. ԱՇԽԷՆ ԹԱԳՈՒՀԻ

Տրդատ թագաւոր, Խոսրով Ա.ի որդին է արշակունիներու ցեղէն: Անակ Պարթեւ, երբ նենգաբար կը սպաննէ Խոսրով թագաւորին, Արտաւազդ Մանդակունի նախարարը, արքունական ընտանիքը կորուստէ փրկելու համար Տրդատը կը փախցնէ Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքը: Ան պատանեկութեան շրջանը անցնելէ ետք կ’անցնի Հռոմ, ուր ինքզինք կը բաստէ իբրեւ հզօր, քաջ եւ անպարտելի զինուորական անձնաւորութիւն մը: Տրդատ Հռոմէն հրաժեշտ առնելով կը վերադառնայ Հայաստան եւ արժանաւորապէս թագաւոր պսակուելով կը թագաւորէ Հայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ: Կ’ամուսնանայ ալաններու թագաւորի դուստրին՝ Աշխէնի հետ:
 

Տրդատ իր հայրենական աստուածները մոլեռանդօրէն կը պաշտէր, այս պատճառով ալ, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչին, որ հաստատ մնաց իր քրիստոնէական հաւատքին վրայ, չարչարել տալէ ետք խոր վիրապ նետել կու տայ: Տասներեք տարիներ ետք Հռիփսիմեանց կոյսերը եկած էին Հայաստան եւ արքունական տան մէջ սկսած էին քարոզել քրիստոնէութիւնը: Տրդատ զնոնք սպանել կու տայ Վաղարշապատի մօտերը: Անմեղ կոյսերը, սպաննած ըլալուն պատճառաւ Տրդատ կը խղճայարուի եւ խոզի կերպարանք առնելով կը սկսի թափառիլ անտառներուն մէջ: Տրդատի քոյրը՝ առաքինի Խոսրովիդուխտ տեսիլք մը կ’ունենայ, ուր իրեն կը յայտնուի թէ Ս. Գրիգոր միայն կրնայ Տրդատը բժշկել: Աշխէն թագուհին եւ Օտա Ամատունի իշխանին օժանդակութեամբ, Ս. Գրիգոր դուրս կը բերուի խոր վիրապէն, ուր կը բժշկէ թագաւորը:
 

301 թուկանին, Տրդատ թագաւոր կը մկրտուի եւ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք կը հռչակէ, կնոջը եւ քրոջը հետ Ս.Գրիգորի առաջարկով Հռիփսիմեանց կոյսերու մարմինները հաւաքելով, յատուկ վկայարաններ պատրաստելու աշխատանքին կ’աջակցի, նաեւ կը մասնակցի Ս. Էջմիածին Մայր Տաճարի շինարարական աշխատանքներուն, ամէն կերպ կ’օժանդակէ Ս.Գրիգորին, որպէսզի կազմակերպուի եւ պայծառանայ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, նույնիսկ կը պատմուի թէ անձամբ կ’երթայ Մասիս սարէն քար փոխադրելու տաճարի շինութեան:
 

Ագաթանգեղոս պատմագիր, որպէս ականատես եւ Տրդատ թագաւորին քարտուղարը կը վկայէ. «Աստուածասէր Տրդատիոս թագաւորը բարեպաշտութեամբ կը սպասաւորէ՝ առաքեալներուն նման, եւ ամբողջ երկրին բարի օրինակ կ’ըլլայ: Ընդունելով երկնաւոր պարգեւներու շնորհը, այնուհետեւ մերկացաւ հեթանոսական ցանկութիւններէ եւ զգեցաւ ամենակեցոյց Խաչեալը»: Հայոց պատմահայր Մովսէս Խորէնացին նաեւ կը վկայէ ըսելով. «Տրդատ քրիստոնէութեան տարածման մէջ իր բաժինը կատարելէ ետք, կ’ընտրէ ճգնաւորական կեանքը, 56 տարի թագաւորելէ ետք, իր հակառակորդները մահացու դեղ խմցնելով իրեն, 90 տարեկանին կը մահանայ»: Կը թաղուի Թորդան, Ս. Գրիգորի դամբարանին մէջ»:
 

Կը պատմուի թէ Տրդատ թագաւորէն առաջ մահացած էր Աշխէն թագուհին, որ կրկին ճգնողական կեանք սկսած էր ապրիլ Գառնի ամրոցին մէջ, Խոսրովիդուխտ կոյսին հետ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան