Տրդատ թագաւոր, Խոսրով Ա.ի որդին է արշակունիներու ցեղէն: Անակ Պարթեւ, երբ նենգաբար կը սպաննէ Խոսրով թագաւորին, Արտաւազդ Մանդակունի նախարարը, արքունական ընտանիքը կորուստէ փրկելու համար Տրդատը կը փախցնէ Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքը: Ան պատանեկութեան շրջանը անցնելէ ետք կ’անցնի Հռոմ, ուր ինքզինք կը փաստէ իբրեւ հզօր, քաջ եւ անպարտելի զինուորական անձնաւորութիւն մը: Տրդատ Հռոմէն հրաժեշտ առնելով կը վերադառնայ Հայաստան եւ արժանաւորապէս թագաւոր պսակուելով կը թագաւորէ Հայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ: Կ’ամուսնանայ ալաններու թագաւորի դուստրին՝ Աշխէնի հետ:
Տրդատ իր հայրենական աստուածները մոլեռանդօրէն կը պաշտէր, այս պատճառով ալ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, որ հաստատ մնաց իր քրիստոնէական հաւատքին վրայ, չարչարել տալէ ետք խոր վիրապ նետել կու տայ: Տասներեք տարիներ ետք Հռիփսիմեանց կոյսերը եկած էին Հայաստան եւ արքունական տան մէջ սկսած էին քարոզել քրիստոնէութիւնը: Տրդատ զանոնք սպաննել կու տայ Վաղարշապատի մօտերը: Անմեղ կոյսերը, սպաննած ըլալուն պատճառաւ Տրդատ կը խղճահարուի եւ խոզի կերպարանք առնելով կը սկսի թափառիլ անտառներուն մէջ: Տրդատի քոյրը՝ առաքինի Խոսրովիդուխտ տեսիլք մը կ’ունենայ, ուր իրեն կը յայտնուի թէ Ս. Գրիգոր միայն կրնայ Տրդատը բժշկել: Աշխէն թագուհին եւ Օտա Ամատունի իշխանին օժանդակութեամբ, Ս. Գրիգոր դուրս կը բերուի խոր վիրապէն, ուր կը բժշկէ թագաւորը:
301 թուկանին, Տրդատ թագաւոր կը մկրտուի եւ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք կը հռչակէ, կնոջը եւ քրոջը հետ Ս.Գրիգորի առաջարկով Հռիփսիմեանց կոյսերու մարմինները հաւաքելով, յատուկ վկայարաններ պատրաստելու աշխատանքին կ’աջակցի, նաեւ կը մասնակցի Ս. Էջմիածին Մայր Տաճարի շինարարական աշխատանքներուն, ամէն կերպ կ’օժանդակէ Ս. Գրիգորին, որպէսզի կազմակերպուի եւ պայծառանայ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, նույնիսկ կը պատմուի թէ անձամբ կ’երթայ Մասիս սարէն քար փոխադրելու տաճարի շինութեան:
Ագաթանգեղոս պատմագիր, որպէս ականատես եւ Տրդատ թագաւորին քարտուղարը կը վկայէ. «Աստուածասէր Տրդատիոս թագաւորը բարեպաշտ-ութեամբ կը սպասաւորէ՝ առաքեալներուն նման, եւ ամբողջ երկրին բարի օրինակ կ’ըլլայ: Ընդունելով երկնաւոր պարգեւներու շնորհը, այնուհետեւ մերկացաւ հեթանոսական ցանկութիւններէ եւ զգեցաւ ամենակեցոյց Խաչեալը»: Հայոց պատմահայր Մովսէս Խորէնացին նաեւ կը վկայէ ըսելով. «Տրդատ քրիստոնէութեան տարածման մէջ իր բաժինը կատարելէ ետք, կ’ընտրէ ճգնաւորական կեանքը, 56 տարի թագաւորելէ ետք, իր հակառակորդները մահացու դեղ խմցնելով իրեն, 90 տարեկանին կը մահանայ»: Կը թաղուի Թորդան, Ս. Գրիգորի դամբարանին մէջ»:
Կը պատմուի թէ Տրդատ թագաւորէն առաջ մահացած էր Աշխէն թագուհին, որ կրկին ճգնողական կեանք սկսած էր ապրիլ Գառնի ամրոցին մէջ, Խոսրովիդուխտ կոյսին հետ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան