Ս. Պօղոս առաքեալ, երբեմն կոչուած է Սօղոս կամ Սաւղոս (որ կը նշանակէ փոքր), Բենիամինի ցեղէն էր, ծնած Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքը, նաեւ Հռոմի քաղաքացի: Հայրը թունդ փարիսեցի, աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը, կը մասնագիտանայ, իմաստասիրութեան, ճարտասանութեան եւ գրականութեան ճիւղերու մէջ, ապա կ’ուղարկուի Երուսաղէմ հմտանալու Մովսիսական կրօնքի մէջ: Ան Երուսաղէմի մէջ կ’աշակերտէ Գամաղիէլ անուն օրէնուսոյց մեծ վարդապետին: Սօղոսի մէջ կը յայտնուի նախանձախնդիր եբրայեցիի մը ընթացքը, 26 տարեկանին կը դառնայ հրեական սինոտի անդամ: Սօղոս նորադարձ քրիստոնեաները հալածելու եւ ձերբակալելու արտօնութիւն կը ստանայ: Դամասկոսի քրիստոնեաները ձերբակալել երթալու, ճամբու ընթացքին յանկարծ սաստիկ լոյս մը կը փայլատակէ իր աչքերուն եւ գետին կը զգետնէ զինք, ձայն մը կը լսուի որ կ’ըսէ. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես». Սաւուղ կը հարցնէ. «Ո՞վ ես, Տէ՛ր», եւ ձայնը կը պատասխանէ. «Ես այն Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես» եւ ձայնը կը շարունակէ ըսելով. «Հիմայ ե՛լ, ոտքի՝ կանգնէ, որովհետեւ քեզի երեւցայ՝ որպէսզի քեզ ինծի օգնական դարձնեմ: Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, զանոնք խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանայի իշխանութենէն դէպի Աստուած դարձնես» (Գրծ 26.14-18): Այս դէպքէն վերջ Սօղոս կը դառնայ Քրիստոսի 13-րդ առաքեալը, քրիստոնէական հաւատքի ախոյեաններէն եւ եկեղեցւոյ պանծալի դէմքերէն:
Իր կոչումը երկինքէն ստացած Ս. Պօղոս առաքեալ կը քարոզէ աւելի քան վաթսուն եւ հինգ քաղաքներու մէջ: Ան որպէս քրիստոնէութեան հալածիչ Քրիստոսի հանդիպելէ ետք, վերստին կը ծնի եւ կը դառնայ՝ քրիստոնէութեան տարածիչ, զանազան չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք հռոմայեցի ըլլալուն համար խաչի մահուան չի դատապարտուիր, այլ՝ սուրով կը գլխատուի Հռոմի մէջ:
Անոր սրբազան նշխարները կը գտնուին Հռոմ իր անուան կառուցուած եկեղեցիներուն մէջ, իսկ մասամբ մըն ալ, սփռուած են աշխարհի տարածքին:
Ս. Պօղոս առաքեալ, իր քարոզութեան ընթացքին ունեցած է, գլխաւոր երեք ճամբորդութիւններ, եւ գրած՝ 14 նամակներ իր հաստատած եկեղեցիներուն:
Ս. Պօղոս առաքեալին դերը մեծ է քրիստոնէութեան ծաւալման մէջ, որովհետեւ ինք առաջին գաղափարը յղացողն էր, թէ քրիստոնէութիւնը հեթանոսներուն ալ պէտք է քարոզուի, եւ գործով ապացուցեց զայն աստուածային տնօրէնութեամբ յանձն առնելով այդ ծանր պաշտօնը՝ Աւետարանի քարոզութիւնը հեթանոսներուն:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան