Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Ուրբաթ 11, Շաբաթ 12 եւ Կիրակի 13 Յուլիսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցին մասնակից եղաւ տարեկան ամառնային փառատօնին, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին: Երեք օրերու ընթացքին եկեղեցւոյ կրպակը այցելեցին հազարաւոր ազգայիններ եւ օգտուեցան հոն տեղադրուած հոգեւոր-եկեղեցական գրքերէն ու իրեղէններէն: Եկեղեցւոյ կամաւորները ժրաջան աշխատեցան յաջողցնելու սոյն նախաձեռ-նութիւնը եւ ներկայացնելու մեր եկեղեցին: Վարձքը կատար բոլորին:

Իր կարգին, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան մէկ-մէկ այցելեց կրպակները եւ քաջալերեց հայորդիները: