ՍՐԲՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ՝ ԻԳՆԱՏԻՈՍԻ, ԱԴԴԷԻ ԵՒ ՄԱՐՈՒԹԱՅԻ

Սուրբ Իգնատիոս Աստուածազգեաց Հայրապետ եղած է Անտիոքի եպիսկոպոս։ Ան Պետրոս առաքեալի յաջորդին՝ Եւոտիոսի յաջորդն է,  Անտիոքի երրորդ եպիսկոպոսը՝ մին՝ ամենէն նշանաւոր, յայտնի առաքելական հայրերէն։ Ան ծնած է շուրջ 25 թուականին։ Ան «Աստուածազգեաց» կոչուած է, աւանդութեան մը համաձայն՝ թէ ինքը մին է այն մանուկներէն՝ որոնք գրկեց Յիսուս զանոնք օրհնելով։ Կը կարծուի Յովհաննէս Աւետարանիչին աշակերտած է, Պողիկարպոսի հետ։ Սուրբ Իգնատիոս, մարտիրոսութեան պսակին կ’արժանանայ 114 թուականին՝ Տրայիանոսի օրով, երբ նոյն կայսրը Պարթեւաց վրայ արշաւած միջոցին Անտիոքէն անցնելով՝ կը տեսնէ զինք, եւ ստուգելով Հելլէնները քրիստոնէութեան դարձնելու անոր մասին եղած ամբաստանութիւնները, կը հրամայէ որ Հռովմ տանին զինք՝ կրկէսի գազաններուն առջեւ նետելու համար։ Երբ իրենները միջոցներ կը փնտռէին զինք ազատելու համար, ան կը գրէ անոնց եւ բացարձակ կերպով կ’արգիլէ որ զինք ազատեն. «Աստուծոյ ցորեան (հացահատիկ)ն եմ ես, կ՚ըսէ. «պէտք է աղացուիմ (=ալիւրի վերածուիմ, մանրուիմ) գազաններու ժանիքներէն, որպէսզի սուրբ հաց ըլլամ»։ Եւ արդարեւ, այդպէս կնքեց ան իր կեանքը՝ գազաններու առջեւ։

Եկեղեցւոյ մատենագրութեան մէջ նշանաւոր են Սուրբ Իգնատիոս Հայրապետի եօթը նամակները՝ որոնք կը պարունակեն վարդապետական եւ հոգեկրթական հարցերու վերաբերեալ թանկագին տեսութիւններ եւ յորդորներ։ Այս նամակները մեծաւ մասամբ հայերէնի թարգմանուած են Ե. դարուն։ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Իգնատիոս Հայրապետի յիշատակը կը տօնէ դեկտեմբերի 17-ին, նոյն օրը կը յիշէ նաեւ Ադդէ Հայրապետը եւ Մարութա Եպիսկոպոսը։

Ադդէ Հայրապետ, ըստ աւանդութեան, եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, Թադէոս առաքեալի ձեռամբ, Եդեսիայէն մեկնելէն առաջ, իբրեւ փոխանորդ իրեն։ Եդեսիոյ Աբգար թագաւորի մահէն ետք, իր որդին, հեթանոսութիւնը կը վերահստատէ, կը հրամայէ որ Ադդէ իրեն ալ թագաւորական խոյր մը պատրաստէ, ինչպէս կը պատրաստէր իր հօրը, (Ադդէ նախքան եպիսկոպոս ձեռնադրուիլը մետաքսագործ էր արհեստով), ան կը մերժէ, ըսելով թէ՝ «իր ձեռքերը հեթանոս գլուխներու համար չեն գործեր»: Ան Աստուծոյ խօսքը քարոզած պահուն թագաւորին կողմէ ղրկուած դահիճի սուրով կը  նահատակուի։

Մարութա Եպիսկոպոս, ազգութեամբ ասորի հօր կողմէ իսկ մօր կողմէ հայազգի, նշանաւոր եղած է Դ. դարուն վերջերը՝ իր առաքինի կեանքին եւ հրաշագործութիւններուն պատճառով մեծ զմայլանքով կը խօսէին իր լուսաւոր վարդապետութեան  մասին։ Ներկայ գտնուած է Կ.Պոլսոյ Ժողովին որ կայացաւ ընդդէմ Մակեդոնի մոլար վարդապետութեան։ Ասորական մատենագրութեան մէջ սուրբ հռչակուած է իր անունը։ Ան գրած է պատարագամատոյց մը, Սուրբ Գիրքի մեկնաբանութիւններ եւ աղօթքներ։ Մարութա Եպիսկոպոս վախճանած է 420 թուականին:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան