Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Եբր 1.1-14)
«Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն» (Եբր 1.14):
Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ «Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց որպէս պատգամաւոր հոգիներ, եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոցի պէս» (Եբր 1.7):
Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերը, հիմնուելով Ծննդոց գիրքի մէջ արձանագրուած արարչագործութեան դրուագին, կը հաստատեն, թէ առաջին օրուան Աստուծոյ ստեղծած «Լոյս»ը նաեւ հրեշտակներն են, որոնք կոչուած են «հրեղէն էակներ»:
Աստուածաշունչը հրեշտակները կը ներկայացնէ իբրեւ երկնայիններ, իսկ մարդ արարածը՝ «հողեղէն էակ», որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն:
Մատթէոս Աւետարանիչ կ’ըսէ, թէ երբ իւղաբեր կիներ Յիսուսի գերեզմանը այցելեցին, յանկարծ «Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ նստաւ անոր վրայ: Անոր տեսքը փայլակի կը նմանէր, եւ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ էին» (Մտ 28.2-3):
Հրեշտակներուն համար գործածուած «փայլակի կը նմանէր» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ անոնց լուսեղէն եւ հրեղէն էութիւնը: Այս իրողութիւնը կ’ապացուցէ անոնց աներեւակայելի արագութեամբ տեղափովուիլը:
Աստուած զանազան ձեւերով կը յայտնուի մարդոց, իսկ հրեշտակները թեւաւոր կերպարանքով կը նկարագրուին: Անոնք Աստուծոյ կամքը կը յայտնեն, իրենց պաշտօնն ու ծառայութիւնը կատարելով, մեծ դերակատարութիւն կ’ունենան մարդոց փրկութեան համար:
Ծննդոց 18-ին մէջ կը կարդանք, որ «երեք մարդիկ» կու գան Աբրահամի մօտ: Անոնցմէ մէկը Տէրը ինքն էր, իսկ միւս երկուքը հրեշտակներ էին: Այս երեքը ոչ միայն կ’երեւէին Աբրահամին, այլ նաեւ միասին կը ճաշէին: Այս իրողութիւնը յստակ մէկ բան ցոյց կու տայ, որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, մարդոց կը փոխանցեն Աստուծոյ կամքն ու պատգամները:
Դանիէլի մարգարէութեան մէջ կը տեսնենք, որ երբ Նաբուգոթոնոսոր թագաւորը առիւծներու գուբէն հանել կու տայ Դանիէլը, անոր վրայ ոչ մէկ վէրքի հետք կը գտնէ: Դանիէլ կը պատասխանէ արքային. «Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց եւ առիւծներուն երախը գոցեց, ու ինծի չվնասեցին. արդարեւ անոր առջեւ իմ վրաս անմեղութիւն գտնուեցաւ….» (Դն 6.22):
Հրեշտակներուն համար կ’ըսուի, թէ «Բազմաչեայ են» (Եզ 1.18): Այս հաստատումը կը պարզէ, որ հրեշտակները ճշմարտութիւնը տեսնելու համար օժտուած են իւրայատուկ եւ խորաթափանց տեսողութեամբ: Անոնք, նաեւ միջնորդ են մեր փրկութեան: Ս. Կոյս Մարիամ, հրեշտակէն իմացաւ մեր Փրկիչին մայր ըլլալու աւետիսը: Հրեշտակները ոչ թէ միայն մեզի կ’օգնեն, այլ նաեւ կ’ուրախանան մեր փրկութեան համար: Այս մասին Յիսուս մեզի կ’իմացնէ. «Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ’ապաշխարէ» (Ղկ 15.10):
Այս բոլոր ճշմարտութիւնները ցոյց կու տան, որ հրեշտակներուն էական պարտականութիւնն է մարդոց հոգիներու փրկութեան վերաբերող աստուածային տնօրինումը իրագործել երկրի վրայ:
Հետեւաբար, բոլորս Շնորհալի Հայրապետի հետ միասին աղօթենք ըսելով. «Բարերար Տէր, զիս բարի հրեշտակի մը յանձնէ, որպէսզի բարութեամբ աւանդեմ հոգիս եւ զայն անխռով անցընեմ դեւերու չարութեան մէջէն, որոնք երկինքի ներքեւ կը գտնուին. Եւ ողորմէ՝ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»: (Ս.Ն.Շ. Հաւատով խ. 20):
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ղկ 17.1-10)

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
-Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլայ, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր: Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք: Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն: Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն:
Առաքեալները ըսին Տիրոջ.
-Աւելցուր մեր հաւատքը:
Տէրը ըսաւ.
-Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին.
«Արամատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ» պիտի հնազանդի ձեզի:
-Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը ծառայ մը ունի, որ հողագործ է կամ հովիւ: Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ’ըսէ՞ .«Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»: Բնականաբար ո՛չ: Ընդհակառակը, անոր կ’ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապէ սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»: Կը կարծէ՞ք որ Տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար: Չեմ կարծեր: Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:
«Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան» (Ղկ 17.1):
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, Իր տնօրինական կեանքի ընթացքին քարոզեց, բժշկեց, հրաշքներ գործեց, առաքեալներ պատրաստեց եւ առաքեց, մարդկութեան փրկութեան համար Ինքզինք զոհագործեց իբրեւ յաւիտենական քահանայապետ:
Ան եկաւ Օրէնքն ու մարգարէութիւնը կատարելագործելու. «Որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Յհ 1.17):
Օրէնքը կը խօսէր թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեղաւորը դատապարտել եւ պատժել, մինչ Յիսուս եկաւ սորվեցնելու թէ ինչպէս պէտք է փրկել մեղաւորը:
Այս աշխարհի վրայ ամէն մարդ հակամէտ է գայթակղելու եւ մեղանչելու, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ չարը սատանան միշտ պատրաստ է մեզ գայթակղեցնելու, որուն դատապարտութիւնը շատ խիստ ու յաւիտենական պիտի ըլլայ:
Սաղմոսերգու Դաւիթ Մարգարէն մարդկութիւնը կը բնութագրէ ըսելով. «Բոլո՛րը խոտորեցան, միասին անպիտան եղան. ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ» (Սղ 14.3): Մարդիկ իրենց մարդկային բնութեամբ, միշտ ենթակայ են սատանային գայթակղութեան եւ այդ պատճառաւ հակամէտ են մեղանչելու, հետեւաբար անկէ պաշտպանուելու համար պէտք է հաւատքով սպառազինուիլ:
Մեր Տէ՛րը Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի» (Ղկ 17.6):
Հաւատքով եւ աղօթքով կարելի է պաշտպանուիլ եւ դիմադրել չարին բոլոր մոլորեցնող յարձակումները: Սրբազան Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ ըսելով. «Հաւատքը ծնունդ կ’առնէ քարոզութիւնը լսելէ. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ’արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին» (Հռ 10.17):
Բոլոր անոնք որոնք Աստուծմէ եւ Աստուածաշունչէն տարբեր աղբիւրներէ ստացան գիտութիւնը՝ մեղանչեցին, սկսեալ Ադամէն՝ մինչեւ օրերս մոլորեցնող վարդապետութիւնները:
Հաւատքը բարի կեանքով եւ գործերով կ’արտայայտուի. Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Հաւատքը առանց գործի մեռած է» (Յկ 2.26):
Յիսուսի ակնարկած «Անպիտան ծառան», կենդանի օրինակն է այն մարդուն, որ իր ընթացքով եւ կեցուածքով հաւատք կ’արտայայտէ եւ մեղքէն ու գայթակղութենէն հեռու կը մնայ, առաքեալը կ’ըսէ. «Սուրբ Հոգիով առաջնորդուեցէք, փոխանակ մեղանչական բնութեան յատուկ ցանկութիւնները կատարելու» (Գղ 5.16):
Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ հայորդի, այսօրուան աշխարհի մոլորեցնող եւ գայթակղեցնող, աղմկարար ձայներուն եւ հոսանքներուն հակազդելով, լսենք Տիրոջ ձայնը, հաւատանք, հետեւինք եւ գործադրենք Անոր պատուիրանները, որպէսզի փրկուինք եւ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան