Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ խաչափայտին վրայ իր արիւնը թափելով մարդկութեան մեղքերը ջնջեց, մահը խափանեց ու խորտակեց եւ մեզի կեանք պարգեւեց: Սուրբ Խաչը ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի շօշափելի խորհրդանիշը եղաւ, այլեւ՝ աստուածային զօրութեան աղբիւր եւ Քրիստոսի պատկանելիութեան ցուցանիշ: Ս. Խաչը նաեւ կը կոչուի. «Կենաց Փայտ» եւ «Սուրբ Նշան»:
Ս. Խաչը հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքին մէջ եւս ներկայ է յատկապէս՝ Խաչքարերու արուեստով, իսկ ժողովրդային իմաստով, զայն կ’անմահացնեն նաեւ անուանակոչութեամբ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Քրիստոսի Ս. Խաչը կը պատուէ ու կը փառաւորէ տարուայ ընթացքին չորս առիթներով.
ա. Երեւումն Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Ս. Զատիկէն ետք հինգերորդ կիրակին:
բ. Վերացման Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Սեպտեմբեր ամսուան 14-ի մօտակայ կիրակին:
գ. Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, որ կը նշուի Սեպտեմբեր ամսուայ 25-էն հոկտեմբերի 1-ի միջեւ կիրակին:
դ. Գիւտ Խաչի տօնը, որ կը նշուի Հոկտեմբեր 25-ի մօտակայ կիրակին:
Sourp Khatch – The Feast of the Exaltation of the Holy Cross

In mid-September, the Armenian Church celebrates Sourp Khatch, the Feast of the Exaltation of the Holy Cross, one of the five major feasts of the liturgical year. For Armenians, the Cross is not simply a reminder of suffering, but a radiant sign of Christ’s triumph over death and a source of hope and protection for the faithful throughout the centuries.
The origins of this feast go back to the 4th century, when St. Helena, mother of Emperor Constantine, discovered the True Cross in Jerusalem. In gratitude, the Cross was solemnly lifted and exalted before the faithful, establishing a tradition that spread throughout the Christian world. For Armenians, this feast also carries a special national dimension. Our people, who were the first to adopt Christianity as a state religion, always held deep reverence for the Cross. Countless monasteries and churches in Armenia and Cilicia bear the name Sourp Khatch (Holy Cross), among them the famous Varagavank Monastery near Van, which preserved a relic of the True Cross for centuries and became a great center of pilgrimage.
Traditionally, the feast was celebrated with festive Divine Liturgy, processions of the Cross, and the blessing of the four corners of the world, symbolizing God’s peace and protection upon all creation. Families and communities also observed the day with pilgrimages, sacred hymns, and joyful meals that strengthened bonds of faith and unity.
Even today, Sourp Khatch continues to hold profound meaning for Armenians everywhere. It reminds us that the Cross is the banner of our identity, the source of our endurance as a Christian nation, and the path that leads to resurrection. Through the Cross we find renewal, courage, and the assurance that God’s light will always overcome the darkness.
May the sign of the Holy Cross guard our homes, bless our families, and protect our people with faith and peace.
ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ

Խաչվերացի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է: Յիշատակն է Քրիստոսի Խաչափայտի գերեդարձին եւ վերացման: Խոսրով Պարսից թագաւորը՝ յունաց դէմ իր պատերազմին մէջ, 610-ին, յաղթելով Հերակլ կայսեր, Երուսաղէմն ալ գրաւելով գերի կը տանի Քրիստոսի Խաչափայտը Պարսկաստան: Հերակլ զօրաժողով մը գումարելով մեծ բանակ մը կը կազմէ ու կը քալէ Պարսիկներու վրայ: Քրիստոնէական բանակին նաեւ մաս կը կազմէ հայկական զօրագունդ մը, Մժէժ Գնունի սպարապետի գլխաւորութեամբ: Խոսրով կը սպաննուի իր Կաւատ Շիրոյ որդիէն, որ նոյնպէս յաջորդ տարին մեռնելով, իրեն կը յաջորդէ իր փեսան՝ Խոռեամ, Հերակլի կազմած բանակին շնորհիւ Խաչափայտը կ’ազատագրուի 629-ին: Պարսկաստանէն Կարին, Կարինէն Կ. Պոլիս, ապա Երուսաղէմ մեծ ոգեւորութեամբ կը հասնի ազատագրուած Խաչափայտը: Տօնը կը նշուի Սեպտ.14-ի մօտակայ կիրակի օրը, որուն կը կանխէ մէկ շաբթուան պահք եւ նաւակատիք: Այս տօնը կը յատկանշուի նոյն օրուան երեկոյեան Ս. Խաչի թափօրով եւ անդաստանով: Ս. Խաչը զարդարուած կ’ըլլայ բուրումնաւէտ ռեհանի տերեւներով, որոնք յետ արարողութեան հաւատացեալները իրենց տուները կը տանին, որպէս օրհնութիւն եւ հիւանդներու ցաւերը փարատող դարման: Տօնին կը յաջորդէ յիշատակ մեռելոց: Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոս կարգաւորած է տօնին արարողութիւնը եւ գրած շարականներ, որոնք կը կրեն. «Սա պահեսցէ զմեզ յամեանայն փորձութենէ» խորհուրդը:
Ս. Խաչին նուիրուած տօներուն ընդմէջէն մենք հրաւիրուած ենք աշխարհիկ եւ անհեթեթ ցանկութիւններէն հրաժարելու եւ քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելու եւ արժանանալու Տիրոջ ներկայութեան: Մեր Տէրը կ’ըսէ. «Ան որ իր խաչը չ’առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի» (Մտ.10.38):
Թող որ Քրիստոսի Ս. Խաչը իւրաքանչիւրիս համար միակ պարծանքը ըլլայ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ. «Գալով ինծի, քաւ’ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (ԳՂ.6.14):
Ս. Խաչի զօրութեան ապաւինելով աղօթենք. «Քու խաչդ թող մեզի ապաւէն ըլլայ, Տէր Յիսուս, երբ Հօրը Փառքով երեւիս՝ լուսաւոր ամպերու վրայ: Այն ատեն թող ամօթով չմնանք մենք՝ Քեզի հաւատացողներս, այլ քու մեծ զօրութեամբդ ուրախանանք՝ Քու աջ կողմդ բազմած, իբրեւ լոյսի որդիներ եւ փրկութեան ժառանգորդներ»:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան