Սուրբ Զատկուան Տօնին Առիթով Կաւէ Հաւկիթներու Ներկման Ծրագիր

Շաբաթ, 28 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Զատկուան առիթով կաւէ հաւկիթներու ներկման գեղեցիկ եւ ուրախ ծրագիր մը։

Աւելի քան հարիւր փոքրիկներ եւ պատանիներ համախմբուեցան Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն կողմէ։

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, երեխաներուն բացատրեց Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Զատկուան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ հաւկիթ ներկելու իմաստն ու խորհրդանշական նշանակութիւնը։ Անկէ ետք, բոլորը միասին աղօթքով արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։

Այնուհետեւ, Կիրակնօրեայ Դպրոցի պատասխանատուներուն եւ ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, երեխաները ուղղուեցան սրահ, ուր մեծ ոգեւորութեամբ սկսան կաւէ հաւկիթներու ներկման աշխատանքին։