Կիրակի, 10 Օգոստոս 2025-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Ուինիփէկի «St. Bernadette» Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան:

Իր քարոզին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ Իր բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար: Ապա իր գնահատանքը յայտնեց Ուինիփէկի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, որոնք կը փորձեն համայնքը ի մի խմբել: Նաեւ ողջունեց ներկայ բոլոր հաւատացեալները:
Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները առիթը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ զրուցելու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ