ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ  ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ  ՊԱՏԿԵՐԸ ԸՍՏ  ՔԵՐԹՈՂԱՀԱՅՐ  ՄՈՎՍԷՍ  ԽՈՐԵՆԱՑԻԻՆ

Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն  վերջ կ’ապրի Երուսաղէմի մէջ Յովհաննէս Աւետարանիչի խնամատարութեան ներքեւ: Շուրջ տասնըհինգ  տարի, Աստուածամայրը կը յարատեւէ աղօթքներու ու պահքի մէջ, յաճախ կ’այցելէ իր սիրասուն Որդւոյն գերեզմանն ու անդադար կ’աղօթէ: Այդ այցելութիւններէն մէկուն ժամանակ ալ իրեն կը յայտնուի Գաբրիէլ Հրեշտակապետն ու կ’աւետէ Տիրամօր՝ երկրային աշխարհէն Վերին Երուսաղէմ վերափոխուելու լուրը: Աստուածածինն ալ այս բարի լուրը կը յայտնէ իր ազգականներուն ու միւս բոլոր քրիստոնեաներուն՝ պատուիրելով, որ զինքը թաղեն Գեթսեմանիի ձորակին մէջ: Սուրբ Կոյսը նաեւ Յովհաննէս Առաքեալին կը պատուիրէ, որ ան Սուրբ Պատարագ մատուցանէ, որպէսզի ինքը վերջին անգամ ստանայ Սուրբ Հաղորդութիւն: Հաղորդուելէ վերջ, Աստուածամայրը կ’երթայ Վերնատուն: Մինչ առաքեալները կ’արտասուեն, Յովհաննէս կը վերցնէ տախտակ մը ու կու տայ Աստուածածնին եւ կը խնդրէ, որպէսզի ան իր պատկերը դրոշմէ անոր վրայ:Տիրամայրը կը վերցնէ տախտակը, կը խաչակնքէ ու կը դնէ երեսին, այնուհետեւ զայն կը թրջէ իր արցունքներով, եւ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ այդ տախտակի միջոցաւ մարդիկ բժշկուին իրենց ախտերէն եւ զանազան հիւանդութիւններէ: Երբ առաքեալները կը շրջապատեն Տիրամօր մահիճը, աննկարագրելի լոյս մը կ’երեւի: Սենեակի վերեւին կ’երեւի Քրիստոս՝ հրեշտակներու զօրքերով: Տեսնելով իր Որդին՝ Աստուածամայրը կ’աւանդէ հոգին: Սուրբ Կոյսի երկրային կեանքի վախճանը եկեղեցին կ’որակէ <<ննջում>>բառով եւ ոչ թէ որպէս <<մահ>>՝ հասկնալի դարձնելու համար անոր երկինք փոխադրուած ըլլալը: Յուղարկաւորութենէն կը բացակայի Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալը, որ վերադառնալով Երուսաղէմ կը փափաքի վերջին անգամ տեսնել Աստուածամայրը: Սակայն,երբ առաքեալները իր խնդրանքով կը բանան գերեզմանը, այլեւս չեն գտներ Սուրբ Կոյսին մարմինը այնտեղ: Սա կը նշանակէ, որ Յիսուս իր խոստման համաձայն երկինք փոխադրած էր իր մայրը: Առաքեալներն ալ փայտի վրայ դրոշմուած պատկերը կու տան Բարթողիմէոսին որպէս մխիթարութիւն: Ըստ Սուրբ Մովսէս Խորենացիի, Հայաստանի առաջին լուսաւորիչը այդ  մէկը կը բերէ Հայաստան եւ կը զետեղէ Անձեւացեաց գաւառի (Վասպուրականի նահանգի հարաւ արեւմտեան շրջան) Դարբնոց կոչուած տեղը, ուր հետագային ի պատիւ Աստուածամօր կը հիմնադրուին եկեղեցի մը եւ կուսանոց մը: Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը Սուրբ Պատարագէ վերջ կը կատարուի խաղողօրհնէք: Սաղիմի եւ նոյն ժամանակ հայ ժողովուրդի հնագոյն աւանդութիւններէն մին է եւ խաղողի խորհրդանշանով կ’ընկալուի այս տաղաւարը: Խաղողի օրհնութեամբ խորհրդանշականօրէն կ’օրհնուին տարուան ամբողջ բերքն ու բարիքը: Հայ եկեղեցին դարեր շարունակ խորին յարգանք եւ երկիւղածութիւն կը տածէ Աստուածամօր հանդէպ՝ շեշտելով անոր՝ Աստուծոյ մայրը ըլլալու հանգամանքը, մաքրակենցաղութիւնը, անօրինակ խոնարհութեան ոգին, առաքինի վարքն ու նուիրուածութիւնը: Հայ կնոջ համար Սուրբ Կոյսը առաքինի, հաւատաւոր մօր, ընտանեկան սրբութեան պահապանի մարմնացումն է:

Համադրեց՝ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան