«Տե՛ս թէ ո՛րքան բարի է Աստուած եւ խիստ՝ միաժամանակ: Խիստ է հաւատքի մէջ կորածներուն հանդէպ եւ բարի՝ քեզի հանդէպ, պայմանաւ որ շարունակես անոր բարութեան արժանի մնալ. Այլապէս դուն ալ պիտի կտրուիս» (Հռ11.22):
Առաքելական նամակը հիմնականօրէն կը շեշտէ Աստուծոյ բարի կամեցողութիւնը համայն մարդկութեան նկատմամբ, առաւել եւս՝ հաւատքին եւ շնորհքին դերը քրիստոնեայի կեանքին մէջ:
Բարութիւնը վերջնական եւ կատարեալ ձեւով Աստուծոյ բնութեան կը համապատասխանէ, (Մտ 19.17): Աստուած Իր էութեան եւ Իր ստեղծագործութեան մէջ, բացարձակ բարի է: Մարդկային բարութիւնը աստուածային բարութենէն կը տարբերի եւ նոյն ժամանակ ներդաշնակօրէն կ’առնչուի հետեւեալ հասկացողութեամբ.
-Աստուծոյ բարութիւնը կը բացատրուի Իր բնութեան մէջ իբրեւ բացարձակ շարունակութիւն, ճշմարտութիւն եւ յաւիտենական ստորոգելի: Մինչ մարդը, հակառակ որ Աստուծոյ բարի նկարագրով ստեղծուած է, սակայն մարդկային բարութիւնը իր ազատ կամեցողութեամբ կը բացատրուի իբրեւ բարոյական բարին:
Աստուծոյ բարութիւնը յարաբերական, պարագայական, զգացական եւ տրամադրութեան համաձայն չէ, այլ՝ մնայուն եւ հաստատ նկարագիր: Մինչ մարդոց քով, բարին փոփոխութեան, երբեմն սպառող, այլ խօսքով՝ ազատօրէն ընտրելի ձեւ մըն է:
Աստուծոյ բարութիւնը Իր սիրոյն արտայայտութիւնն է մարդուն նկատմամբ, իսկ մարդուն բարութիւնը իր հաւատքին արդիւնքը եղող գործերն են, որպէսզի շողարձակող լոյս դառնայ մարդոց մէջ, որոնք պիտի տեսնեն իր բարի գործերը եւ փառաւորեն Հայրը, որ երկնքի մէջ է (Մտ 5.16):
Աստուածային բարութիւնը համատարած ու անխտիր է, մինչ մարդկայինը՝ յաճախ անձնական շահերու, եզակի սահմանափակ տարողութիւն ունի (Մտ 5.45-47): Այս պատճառով Յակոբոս Տեառնեղբայրը կ’ըսէ. «Երկնային իմաստութիւն ունեցող մարդը նախ որ մաքուր կ’ըլլայ, ապա նաեւ՝ խաղաղարար, ազնիւ, բարեացակամ, ողորմած եւ բարի գործերով արդիւնաւոր, անկողմնակալ եւ անկեղծ» (Յկ 3.17-18):
Աստուծոյ բարութիւնը Իր էութեան բնական արտայայտութիւնն է եւ Անոր բոլոր արդիւնքները բարի են, մինչ մարդուն գոյութիւնն ու բերեգործութիւնները Աստուծոյ տուած շնորհքով կրնան տեղի ունենալ: Մարդու բարի գործերուն արդիւնքը Տիրոջ ուրախութեան մասնակից ըլլալու վարձատրութիւնն է. (Մտ 25.21):
Աստուածային նկարագիրը պահող եւ կամ վերագտնող անձը, Աստուծոյ պարգեւած բարութեան գանձարանէն բարի գանձեր կը բխեցնէ եւ իր նմանները ուրախակից կը դարձնէ Աստուծոյ, որովհետեւ. «Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ՝ որպէսզի իր ճշմարիտ նպատակը յայտնուի, որովհետեւ կ’ուզէ որ մենք իր նոր ստեղծագործութեան առաջին պտուղները ըլլանք» (Յկ 1.18):
Բարութեան գաղափարը իր նեղ պարունակէն դուրս, միայն լայնախոհութեամբ կարելի է հասկնալ անոր ճշգրիտ իմաստը: Բարութիւնը երկչոտութեան, յուսահատութեան, տկարութեան եւ կրաւորական վիճակներով չի՛ բացատրուիր: Բարութիւն ունենալ, քաջութիւն ունենալ կը նշանակէ, բարի եւ նոյն ատեն քաջ ըլլալը դիւրին չէ: Բարութեան աղբիւրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թարգմանն է արիութեան՝ խիստ գտնուելով անհաւատներուն, Աստուծոյ տաճարը պղծողներուն եւ Աստուծոյ բարութիւնը ուրացողներուն նկատմամբ:
Հետեւաբար, մենք եւս առաքեալներուն նման մեր հաւատքի սուրերով զինուինք, անխոնջ պայքարելու մեր հաւատքը խոչընդոտողներուն դէմ, աներկիւղ վկայելու համար «ճշմարտութեան», որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն ինք է:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան