Պօղոս առաքեալ կոչ կ’ուղղէ Եփեսոսի ժողովուրդին, որպէսզի իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ օգտագործեն իրենց ապրած ժամանակը, խնդրելով Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու Անոր կամքը: Առաքեալը կը հրաւիրէ, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ օգտուի իր ապրած ժամանակէն՝ աշխատանքի, աղօթքի եւ բարեգործութեան ճամբով գանձ ապահովէ երկինքի մէջ «Ուր ո՛չ գողը կրնայ մօտենալ եւ ոչ ալ ցեցը կրնայ զայն կրծել» (Ղկ 12.33): Ժամանակին մէջ ապրելով ըլլայ հաւատարիմ ծառայ՝ փոխանակ անգործ ու դատարկ պտըտելու: Առաքեալը կ’ուզէ գիտցնել, թէ ներկայ ժամանակը Քրիստոսի պարգեւած շնորհքի ու փրկութեան ժամանակն է: Հետեւաբար՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հարկ է համբերութեամբ սպասէ եւ խաւարի գործերէն հեռանայ (Հռ 13.12): Առաքեալին այս խօսքերը ո՛չ թէ միայն իր ապրած ժամանակի եբրայեցիներուն կամ հեթանոսներուն ուղղուած է, այլ նաեւ այն քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց ժամերը ի զուր կը վատնեն՝ ընկղմելով մեղքի, տգիտութեան եւ հեթանոսական բարքերու մէջ:
Առաքեալը իր կոչով ի յայտ կը բերէ գոյութիւնը չար ուժերուն, որոնք յուսահատական կնիք կը դրոշմեն մեր ապրած օրերուն, յատկապէս երբ կ’ըսէ. «Բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար: Ընդհակառակը, ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է» (Եփ 5.11-12):
Առաքեալը կը թելադրէ արթնութեամբ Աստուծոյ կամքը կատարել, ի խնդիր սրբակենցաղ կեանքի. «Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէն» (Ա. Թս 4.3): Մենք կը սրբանանք, եթէ Աստուծոյ կամքը կատարենք, ինչպէս Տէրունական աղօթքին մէջ կ’ըսենք՝ «Սրբաբանուի անունդ, թող գայ արքայութիւնդ, թող կատարուի քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ» (Մտ 6.9-10):
Հետեւաբար, Առաքեալին խօսքերը ահազանքի նման կը հնչեն ամէն օր եւ բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն, հրաւիրելով զանոնք արթնութեան, սթափելու մեղքէն, մոլութիւններէն, վատաբարոյ կենցաղէն, խոհեմութեամբ հեռատես ըլլալու, Աստուծոյ կամքը կատարելու՝ Անոր փառքին եւ մեր հոգիներու սրբացման համար:
ՅԱՅՐՈՍԻ ԱՂՋԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ
ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 8.49-57

Յիսուս երբ Գալիլիա վերադարձաւ, ժողովուրդը զինք դիմաւորեց, քանի բոլորն ալ իրեն կ’ըսպսէին: Եւ ահա Յայրոս անունով մէկը, որ ժողովուրդապետ էր, ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ կ’աղաչէր որ իր տունը գայ, որովհետեւ իր մէկ հատիկ աղջիկը, որ տասներկու տարեկան էր, մահամերձ էր: (Ղկ 8.40-42):
Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ. -Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը:
Յիսուս ասիկա լսելով, ըսաւ ժողովրդապետին. -Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի: Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն: Ներս գտնուողները բոլորն ալ կու լային ու կ’ողբային: Յիսուս ըսաւ անոնց. – Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ: Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է: Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ.
-Աղջի՛կս, ոտքի ՛ ել:
Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանքնեցաւ: Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, մինչ ծնողները ապշահար եղած էին: Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն:
Աւետարանական այս հատուածին մէջ, նկատելի է Յայրոսի վիճակը, որովհետեւ Յիսուս իր տունը երթալու ճամբուն վրայ, քիչ մը ուշացած էր, մէկ հատիկ աղջիկը գրեթէ հոգեվարքի մէջ թողած եւ ծովեզերք եկած էր: Յիսուս համաձայնած էր երթալ իրենց, սակայն տեռատես կնկան միջադէպը պատճառ եղած էր Յիսուսի ուշացումին: Վերջապէս տեռատես կնկան բժշկութենէն ետք, Յիսուս կրկին քալելու հազիւ սկսած՝ ահա հեռուէն Յայրոսի տունէն մարդիկ գալով կ’ըսեն . «Աղջիկը մեռաւ,Վարդապետը մի յոգնեցներ» (Ղկ 8.49): Յիսուս կ’իմանայ եղելութիւնը՝ Յայրոսին կը դառնայ ու կ’ըսէ. Մի՛ շփոթիր, մի՛ վհատիր, հաւատքդ կատարեալ պահէ, աղջիկդ կ’ապրի: Յայրոսի տունը կը հասնին, որ արդէն մեռելի տուն դարձած էր, կոծ ու լաց ամէն կողմէ, սգակիրներու բազմութեան ամբոխ մը հաւաքուած էր ի պատիւ ժողովրդապետին:
Յիսուս հանդարտօրէն ներս կը մտնէ, բոլորին կը խրատէ լացն ու կոծը դադրեցնել, «Աղջիկը մեռած չէ , այլ կը քնանայ» կ’ըսէ: Յիսուս կը քաջալերէ Յայրոսն ու կինը, իր հետ առնելով զիրենք, ինչպէս նաեւ իր երեք առաքեալները՝ կը մտնեն սենեակ, ուր մեռած աղջկան դիակը կը գտնուէր, կը մօտենայ աղջկան անշնչացած մարմնին, կը բռնէ ձեռքէն ու հրամայական շեշտով կ’ըսէ. «Աղջիկս ոտքի ել» (Ղկ 8.54): Աղջիկը իսկոյն ոտքի կը կանգնի: Անհնար է Յայրոսի եւ իր կնոջ ուրախութիւնը բացատրել, ինչպէս նաեւ նոյն տան մէջ խռնուած բազմութեան զարմացումը՝, երբ սենեակին դուռը կը բացուի եւ մեռեալ կարծուած աղջիկը ողջ-առողջ, զուարթ ու կայտառ, քալելով մօրը հետ սենեակէն դուրս կու գայ՝ քունէ արթնցածի տպաւորութիւնը ձգելով: Յիսուս դառնալով ծնողքին կ’ըսէ որ աղջկան քիչ մը կերակուր տան, որպէս փաստ թէ՛ աղջիկը ողջ է: Որչափ ալ որ Յիսուս կը յայտարարէ՝ թէ պատահածը պատմելու կարիքը չկայ, սակայն եղելութիւնը գաղտնի չմնար, որով աղջիկը իր ծնողաց միակ աղջիկն էր որ վերակենդանացաւ, այս պատճառաւ ամբողջ Գալիլիոյ մէջ լուրը կը տարածուի:
Յիսուս Յայրոսի կ’ըսէ. «Մի վախնար, միայն հաւատայ» (Ղկ 8.50 ): Առանց հաւատքի ո՛չ հոգեկան եւ ո՛չ ալ մարմնական բժշկութիւն կրնայ կատարուիլ: Հաւատքը մարդկային բնութեան մէջ դրուած աստուածային շնորհք մըն է: Մարդ առանց հաւատքի չի կրնար ապրիլ: Կեանքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան մեծագոյն բանալին ու զսպանակող ուժն է հաւատքը, որ մարդ արարածին փրկութեան նախապայմանն է:
Մեր Տէրը բժշկելու եւ հրաշագործելու համար, հաւատքը նախապայման կը նկատէ: Պօղոս առաքեալ նոյնպէս հաւատացեալներուն կ’ըսէ. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք» (Բ.Կր.13.5): Սիրելի հաւատացեալ, այսօր նոյն հարցումը կ’ուղղուի նաեւ մեզի, արդեօք Քրիստոսի հանդէպ նոյն հաւատքը ունինք, ինչ որ ունէին մեր հայրերը:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան