ՊՕՂՈՍ  ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՆԱՄԱԿԷՆ. (Բ.Կր )

«Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով» (Բ.Կր 7.1)

Աստուծոյ իմաստուն ծրագիրն ու կամքը մարդէն կը պահանջէ, որ առողջ բարոյականի տէր ըլլայ, մաքուր ապրի եւ առողջ սերունդներ պատրաստէ:

Պօղոս առաքեալ իր երկրորդ Կորնթացիներու ուղղած նամակին մէջ հաւատացեալներուն կը պատուիրէ որ մաքուր, օրինաւոր եւ զուսպ կենցաղ մը ունենան անխտիր:

Հին Կտակարանի համաձայն, պղծութիւնը ընդհանրապէս մարմնական ապօրինի յարաբերութեան կը վերաբերի:

Իսկ Նոր Կտակարանին մէջ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս բացայայտօրէն կը յայտնէ, թէ ոչ միայն մարմնականը պղծութիւն է, այլ կ’ըսէ. «Ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սրտին մէջ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ» (Մտ 5.28): «Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ’ելլեն չար մտածումները՝ սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն» (Մտ 15.19):

Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ կը սահմանէ, որ մեր մարմինները Սուրբ Հոգիին տաճարներն են, եւ ոչ թէ՝ մեղքի բոյներ: «Չէ՞ք գիտեր, որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի» (Ա. Կր 6.19):

Առաքեալը բարձրաղաղակ կը հնչեցնէ իր խօսքերը աշխարհի թատերաբեմին վրայ այլանդակուած սերունդներուն եւ դալկահար պատանիներուն, որոնք անտարակոյս զոհեր են շարժանկարի անպարկեշտ տեսարաններու, անբարոյ տեսարաններու, անբարոյութեան մեղքը կը տարածուի եւ սերունդներ տակաւ առ տակաւ կ’այլասերին: Հետեւաբար, ընդունինք թէ արդի քաղաքակրթութեան բարոյական ըմբռնումները մեզ այլասերումի ու քայքայումի կ’առաջնորդեն: Ուրեմն, առաքեալը կը թելադրէ, որ մենք զմեզ մաքրենք. «Ով որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք կը մաքուր է» (Ա.Յհ 3.3) եւ անհրաժեշտ է մեր մաքրուիլը, որպէսզի դառնանք իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու. «Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր» (Տիտ 2.14):

Հետեւաբար, մաքուր քրիստոնեան պէտք է արհամարհէ մարմնական հեշտանքները, եւ ունենայ ազնիւ ձգտումներ իր հոգին սնուցանելու՝ անձանձրոյթ աղօթելով ու առաքինի գործերով հարստացած եւ այն ատեն առ Աստուած աղօթելով ըսէ. «Ով Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սղ 51.10):

Մեծ պիտի ըլլայ ուրախութիւնը մեղքէ մաքրուած հաւատացեալին, որ միշտ կը մտածէ արքայութեան, արդարներու պսակին եւ հանդերձեալ կեանքի երանական վիճակին մասին:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան