ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՄԸ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր Տեսուչն ու Հովիւը, Հոգաբարձութիւնն ու  եկեղեցւոյ յարակից մարմիններն ու Անդամները կը շնորհաւորեն Թորոնթոհայութիւնը՝  Կրթական-Մշակութային Վերելքին Նպաստող Սոյն Աստուածահաճոյ եւ Նշանակալից Իրագործումին Համար:

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը, մեծ հպարտութեամբ, կը յայտարարէ 211 Consumers Road հասցէին գտնուող, 15,05 միլիոն տոլար արժող ժամանակակից համալիրի  մը ձեռքբերումը, որ կը հանդիսանայ համայնքիս պատմութեան մէջ ամենամեծ ներդրումը։ Նոր համալիրին մէջ պիտի տեղակայուին նաեւ  A.R.S. Armenian Private Schoolի  7–12-րդ կարգերը, անմիջապէս առիթ ընծայելով մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու ընդլայնումին՝ գանատահայ յաջորդ սերունդներուն ապահովելով եռալեզու եւ ազգային կրթութեան բարգաւաճ ու կայուն ապագայ մը։

Այս նոր նախաձեռնութեան աջակցելու համար, ACC Beyond հանգանակային արշաւը՝ որ սկզբնապէս մեկնարկած էինք Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի աշխատանքներուն ի նպաստ, պիտի վերամեկնարկուի եւ ուղղուի այս նոր ծրագիրի իրականացումին։

Վճռական այս ներդրումը կը նպաստէ մեր ինքնութեան պահպանումին ու կրթական գերազանցութեան։

Շնորհաւորութի՜ւն թորոնթոհայ համայնքին։

A HISTORIC MILESTONE FOR THE ARMENIAN COMMUNITY IN TORONTO 

The Armenian Community Centre of Toronto is proud to announce the $15.05 million acquisition of a premier institutional facility at 211 Consumers Road, marking the largest investment in our community’s history. This state-of-the-art facility will also house ARS Armenian Private School students, allowing for the immediate expansion of our kindergarten and elementary departments and ensuring a thriving future for Armenian-Canadian trilingual education.

To support this new initiative, the ACC Beyond Campaign, originally launched to fund the expansion of the Armenian Youth Centre, will be relaunched and redirected toward this transformative project.

This decisive investment is aimed at preserving our identity and advancing our academic excellence.

Congratulations to the Toronto-Armenian community on this monumental achievement!