Մեծ Պահքի Հսկողութեան ժամերգութիւններուն, օրուան խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի անդամներէն մէկը: Արդարեւ, Չորեքշաբթի 25 փետրուարին, օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացուց տիկին Թամար Տէմիրճեան: Նիւթին շահեկանութեան համար խորհրդածութիւնը Կը ներկայացնենք ստորեւ: Յաջորդ թիւին մէջ պիտի ներկայացնենք ուրիշ մէկ խորհրդածութիւն:
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Այսօր պիտի խորհրդածեմ Մատթէոս աւետարանէն հատուածի մը մասին, ուր Յիսուս կը խօսի իր մահէն ետք աշակերտներուն սպասած դժուարութիւններուն մասին։ Բայց Յիսուս միայն այդ դժուարութիւններուն մասին չի խօսիր, այլեւ խոստում մը կու տայ։ Յիսուս կը խոստանայ անոնց, որ պիտի զօրացնէ զիրենք եւ ամենէն կարեւորը՝ փրկութեան արժանացնելու խոստումը կու տայ անոնց՝ որոնք մինչեւ վերջ կը դիմանան։
Կը կարդամ այդ հատուածը՝ Մատթէոս աւետարանի 9-րդ գլխու 16-22 համարները։
«Ահա կը ղրկեմ ձեզի իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս։ Զգո՛յշ եղէք, որովհետեւ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ձեզ դատարան պիտի տանին եւ իրենց ժողովարաններուն մէջ ծեծեն։ Իմ պատճառովս ձեզ կառավարիչներու եւ թագաւորներու դիմաց պիտի հանեն, որպէսզի անոնց եւ բոլոր ազգերուն իմ մասիս վկայութիւն տաք։ Արդ, երբ ձեզ դատելու տանին, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք եւ ի՛նչպէս. Որովհետեւ ինչ որ պիտի ըսէք՝ այդ ժամուն պիտի տրուի ձեզի, քանի խօսողը դուք պիտի չըլլաք, այլ ձեր Հօրը Հոգին պիտի խօսի ձեր միջոցաւ։
Եղբայրը իր եղբօրը մահուան պիտի մատնէ, հայրը՝ իր զաւակին։ Զաւակներ իրենց ծնողներուն դէմ պիտի ելլեն եւ սպաննեն զանոնք։ Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս։ Բայց ով որ մինչեւ վերջ դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի» (10.16-22):
Այս հատուածը, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, թէեւ մեր Տէրը անցեալին խօսած էր իր աշակերտներուն, այսօր մեզի ալ կը վերաբերի. Որովհետեւ «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ – երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8)։ Անոր խոստումը անսուտ է եւ ճշմարտութիւնը՝ յաւիտենական։
Ուրեմն, այսօր մեզի ալ կը ղրկէ Յիսուս «իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ»:
Տիրոջ այս խօսքը առաջին հայեացքով տարօրինակ կը թուի։ Ինչպէ՞ս կարելի է ոչխար ղրկել գայլերու մէջ։ Չէ՞ որ բնականօրէն ոչխարը անպաշտպան է, իսկ գայլը՝ յարձակող։ Բայց Քրիստոս երբեք պատահական պատկերներ չի գործածեր։ Ան կը յայտնէ իր աշակերտը դառնալու ճշմարիտ բնոյթը։ Բացատրեմ։
Յիսուս բնաւ իր աշակերտներէն չպահանջեց բռնի կամ զէնքի ուժով աշխարհը փոխել, այլ աշխարհը փոխել՝ սիրոյ եւ ճշմարտութեան վկայութեամբ, ինչպէս որ ինք ըրաւ։ Քրիստոս թագաւորը, չուզեց նմանիլ աշխարհի թագաւորներուն. այլ, աշխարհ եկաւ խոնարհութեամբ՝ ծնաւ աղքատ մսուրի մէջ, ապրեցաւ հեզութեամբ եւ խաչուեցաւ սիրոյ համար։ Ուստի, իր հետեւորդները չեն կոչուած առիւծի պէս ահաբեկելու, այլ ոչխարի պէս հեզութեամբ վկայելու։
Եթէ աշակերտները առիւծի կերպարանքով ներկայանային, մարդիկ գուցէ վախնային, եւ հաւանաբար դարձի չգային։ Աստուծոյ կամքը վախ ներշնչել չէ, այլ սիրտեր շահիլը։
Յիսուս չի բաւարարուիր իր հետեւորդները «ոչխարներու» նմանցնելու, այլեւ կը թելադրէ. «Խորագէտ եղէք օձերու պէս եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս»
Քրիստոս այստեղ կը միացնէ երկու որակ. խորագիտութիւն՝ այսինքն իմաստութիւն եւ անմեղութիւն։ Պարզ բառերու մէջ եթէ դնեմ Յիսուսի կ’ըսէ. խելացի եղէք բայց անմեղ մնացէք։
Օձը Սուրբ Գիրքին մէջ զգօնութիւն եւ խորագիտութիւն կը խորհրդանշէ։ Երբ վտանգ կը զգայ, իր գլուխը կը պաշտպանէ, որովհետեւ գիտէ՝ կեանքը այնտեղ է։ Մեր հոգեւոր կեանքին մէջ մեր «գլուխը» Քրիստոս է. ինչպէս կ’ըսէ առաքեալը, Քրիստոս է Եկեղեցւոյ գլուխը (Եփեսացիս 1.22)։ Երբ հալածանք, փորձութիւն կամ յարձակման ենթարկուինք, մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ Քրիստոսի հետ մեր միութիւնը պահպանել։
Այս կը նշանակէ՝
ոչ թէ տրտնջալ,
ոչ թէ յուսահատիլ,
այլ Աստուծոյ խօսքով զինուիլ։
Որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիներ 4.13)։ Աստուածաշունչը միշտ սորվեցուցած է, թէ փորձութեան մէջ յաղթանակը ոչ թէ արտաքին պայմաններու փոփոխութեամբ է, այլ ներքին մարդուն նորոգութեամբ։
Օձին մասին երբ խօսինք, չենք կրնար անոր մորթափոխութեան մասին չանդրադառնալ։ Օձի մորթափոխութիւնը մեզ կը յիշեցնէ հոգեւոր նորոգութեան կարեւորութիւնը։ Սակայն, այդ նորոգութիւնը կը կատարուի «նեղ դռնէն» անցնելով (Մատթէոս 7.13)։ Քրիստոնէական կեանքը դիւրին եւ լայն ճանապարհ չէ. ան ճգնութեան, ինքնաքննութեան, զղջումի եւ յարատեւ աղօթքի ճանապարհ է։
Իսկ աղաւնին խաղաղութեան եւ Սուրբ Հոգիին նշանն է։ Մկրտութեան ատեն Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ իջաւ Քրիստոսի վրայ։ Ուստի անմեղութիւն եւ խաղաղութիւն կարելի է միայն Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ ունենալ։ Իմաստութիւն առանց անմեղութեան կը դառնայ խորամանկութիւն, իսկ անմեղութիւն առանց իմաստութեան՝ միամտութիւն։ Քրիստոս կ’ուզէ երկուքը միասին ունենանք։
Այսօրուան աւետարանի հատուածը, նաեւ կը հրաւիրէ մեզ մեր Հալածանքները եւ դժուարութիւնները վկայութեան առիթ դարձնելու։
Այս հատուածին մէջ, մեր Տէրը բացայայտօրէն ըսաւ, որ իր առաքեալները պիտի դատուին, պիտի ծեծուին, կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի հանուին։ Բայց այդ բոլորը պիտի ըլլան «որպէսզի վկայութիւն տան»։
Եւ իսկապէս, Յիսուսի Առաքեալները, իրենց բազում տառապանքները, նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները, նոյնիսկ իրենց նահատակութիւնը վկայութեան առիթի վերածեցին։ Իսկ առաջին Քրիստոնեաները, երբ եղբայրը եղբօրը դէմ ելաւ, երբ ընտանիքներ բաժնուեցան հաւատքին պատճառով, Քրիստոսի հետեւորդները հաւատարմութիւնը ընտրեցին իրենց Տիրոջ նկատմամբ։
Պօղոս առաքեալ, որ Սաւուղ անունով կը հալածէր Եկեղեցին, Աստուծոյ շնորհքով դարձի եւ իր ամբողջ կեանքով, որ դժուարութիւններով լեցուն էր, վկայեց Քրիստոսի մասին, եւ ապրեցաւ Քրիստոսի համար։
Անոր համար, Յիսուս մեզի այսօր կը յիշեցնէ, որ մեր դժուարութիւններուն ատեն չտկարանանք, այլ՝ իրմով զօրանանք, եւ մեր նեղութիւններու ատեն նոյնիսկ իր անուան փառաբանիչները դառնանք։
Որովհետեւ մէկ բան կայ, որ մեր միտքը պէտք է պահենք այսօր. Որքան ալ դժուարութիւններդ մեծ եւ անտանելի թուին, Յիսուս ըսաւ «Մինչեւ վերջ դիմացողը պիտի փրկուի»։
Այս խօսքը մեզի ինքնաքննութեան առջեւ կը դնէ. Որովհետեւ Մենք ալ ունինք հաւանաբար մեր ներքին եւ անձնական բազմաթիւ պայքարները։
Անոնք կրնան ըլլալ՝
սխալ սովորութիւններ,
ընտանեկան դժուարութիւններ,
գործի ընթացքին անարդարութիւններ,
հիւանդութեան կամ նիւթական նեղութիւններ։
մեր դժուարութիւններու ատեն՝
Կը կորսուի՞ մեր համբերութիւնը։
Կը յաղթէ՞ մեր բարկութիւնը։
Կը տկարանա՞յ մեր հաւատքը։
Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու ատեն.
Յիսուս բազմիցս ըսաւ, Յակոբոս առաքեալն ալ կը գրէ. «Եթէ մէկը նեղութեան մէջ է՝ աղօթք թող ընէ» (Յակոբոս 5.13)։ Հոգեւոր կեանքի սիրտը աղօթքն է։ Քրիստոս ինք, թէեւ Աստուծոյ Որդին էր, գիշերներ ամբողջ կ’անցընէր աղօթքով։ Եթէ Ան աղօթեց, մենք որչա՞փ աւելի կարիք ունինք աղօթելու։
Ուրեմն, մեր դժուարութիւնները պէտք է տանինք Քրիստոսի Խաչին մօտ, այն Յիսուսին մօտ որուն «վէրքերով բժշկուեցանք» (Եսայի 53.5)։ Պէտք է սորվինք, մեր տառապանքը միացնել Քրիստոսի տառապանքին, որպէսզի անոնք դառնան փրկութեան ճանապարհ։
Եզրակացութիւն,
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Քրիստոս մեզի դիւրին կեանք չխոստացաւ, այլ՝ Իր ներկայութեամբ լեցուն կեանք։ «Մի՛ մտահոգուիք… ձեր Հօրը Հոգին պիտի խօսի ձեր միջոցաւ»։
Մեր յոյսը մեր ուժը չէ, այլ Աստուծոյ շնորհքը։
Մեր ապահովութիւնը մեր կարողութիւնը չէ, այլ Քրիստոսի ներկայութիւնը։
Եթէ աշխարհը մերժեց Քրիստոսը, կրնայ նաեւ մեզ մերժել։ Բայց Ան չյանձնուեցաւ, եւ մենք ալ կոչուած ենք հաւատարիմ մնալու մինչեւ վերջ։
Ուստի՝
իմաստուն ըլլանք, բայց մաքուր,
հեզ ըլլանք, բայց հաստատ,
եթէ հալածուինք, չյուսահատինք,
եթէ տառապինք, չկորսնցնենք յոյսն ու հաւատքը։
Քանզի Տիրոջ խոստումը յստակ է.
«Ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի»։
Ամէն։
Թամար Տէմիրճեան