Չորրորդ պատուիրանը կ’ըսէ, Շաբաթ օրը սուրբ պահէ։ Այս պատուիրանը գործնական հաստատումն է առաջին երեք պատուիրաններուն։ Այսինքն՝ երբ մարդը կը պահէ չորրորդ պատուիրանը, անով կը վկայէ թէ կը հաւատայ առաջին երեքին եւ զանոնք կ’ապրի պաշտամունքով։
Չորրորդ պատուիրանը մարդուն կը յորդորէ շաբաթը մէկ օր աշխարհիկ գործերով չզբաղիլ, որպէսզի առօրեայի մտահոգութիւններէն կտրուելով եւ մարմնական կարիքներուն ժամանակաւոր դադար տալով, հոգայ իր յաւիտենական հոգիին կարիքները։
Երբ Աստուած տասը պատուիրանները տուաւ, Մովսէս, Ահարոն եւ ժողովուրդին առաջնորդները խիստ նախանձախնդրութեամբ կը հսկէին անոնց գործադրութեան վրայ։ Այս խստութեան վկայութիւնը կը գտնենք Թուոց գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի թէ շաբաթ օրով փայտ հաւաքող մարդ մը քարկոծելով սպաննուեցաւ (Թուոց 15։32–36)։
Առաջին հայեացքէն այս դէպքը կրնայ չափազանց անարդար թուիլ. միթէ կ’արժէ՞ մարդ սպաննել շաբաթ օրով փայտ հաւաքելու համար։ Սակայն, իրենց համար խնդիրը փայտը չէր, ոչ ալ գործի ծանրութիւնը կամ թեթեւութիւնը, այլ Աստուծոյ խօսքին անհնազանդութիւնը, որ իրենց համար զԱստուած արհամարհել կը նշանակէր։
Այդ օրերուն եւ մինչեւ այսօր շատ մը հրեաներ, այս չորրորդ պատուիրանին լոյսին տակ, շաբաթ օրը ճաշ չեն պատրաստեր, կրակ չեն վառեր, եւ եթէ ստիպուած ըլլան քալել, իրենց ոտքերը գետին քսելով կը քալեն, որպէսզի 2000 քայլէն աւելի չքալեն՝ որովհետեւ միայն այդքան արտօնուած էր քալել։ Նոյնիսկ ասեղները նախօրօք կը հանեն իրենց հագուստներէն, որպէսզի չըլլայ թէ գործ ըրած համարուի եւ զԱստուած արհամարհած ըլլան։
Շաբաթ օրուան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը Հին Կտակարանին մէջ յստակ կը դրսեւորուի նաեւ այն ժամանակաշրջանին, երբ հրեաները գերութենէն վերադարձան Երուսաղէմ՝ Տասը պատուիրանները ստանալէն մօտաւորապէս 800-1000 տարի ետք։ Այդ օրերուն, երբ շատեր այլեւս շաբաթ օրը չէին պահեր, Տիրոջ ծառան՝ Նէեմեայ մարգարէն, խիստ կերպով յանդիմանեց ժողովուրդը՝ ըսելով. «Այս ի՞նչ գէշ բան է որ դուք կ’ընէք ու շաբաթ օրը կը պղծէք։ Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, եւ մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ։ Եւ դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլի վրայ բարկութիւն կը բազմապատկէք» (Նէեմեայ 13։17-18)։
Այսօր ալ, հրեաները, նոյն եւ երբեմն աւելի ծայրայեղ նախանձախնդրութեամբ, կը փորձեն պահել Շաբաթը՝ շատ անգամ չափազանցութեամբ։ Օրինակ, Երուսաղէմէն ծանօթ մը պատմած է, թէ Շաբաթը պահելու հարցը այնքան լուրջ կը նկատուի, որ նոյնիսկ կը վիճին այն հաւկիթին մասին, որ հաւը կ’ածէ շաբաթ օրով՝ արդեօք ան պիղծ է թէ մաքուր։ Նման օրինակները բազմաթիւ են եւ երբեմն ապշեցնող։
Այս մէկ օրինակը բաւարար է, որպէսզի ընթերցողը խորհի, թէ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ազատեց մեզ Օրէնքի ծանր ու ահաւոր կապանքներէն։ Յիսուս ուսուցանեց՝ «Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ոչ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան. ուրեմն Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէրն է» (Մարկոս 2․27-28)։
Այս ըմբռնումով է, որ քրիստոնեաներս Շաբաթ օրը Կիրակիով փոխարինեցինք. Աստուծոյ օրէնքը չանտեսեցինք, այլ անոր սիրտն ու էութիւնը հասկցանք առանց կուրօրէն բառին կառչելու։ Բայց Շաբաթը Կիրակիով փոխելու մեծագոյն պատճառը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Կիրակի օրով յարութիւն առնելն է, որ մենք ամէն Կիրակի աղօթքով ու պաշտամունքով կը փառաւորենք այն փրկարար Յարութիւնը։
Շարունակելի
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան