Ուխտագնացութիւնները հաւատքի կենդանի վկայութեան արտայայտութիւն մը ըլլալու համոզումով, Հինգշաբթի, 12 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 7-ին, Սուրբ Աստուածածնայ շաբթուան առիթով, ընթացք առաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կազմակերպած ուխտագնացութիւնը դէպի «Our Lady of Lebanon» սրբավայրն ու «Սուրբ Շարպէլ» եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի առաջնորդութեամբ երկու սրբավայրերուն մէջ, ուխտաւորները իրենց աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած՝ Սուրբ Աստուածամօր եւ Սուրբ Շարպէլին բարեխօսութիւնը հայցելով։
Գերպ. Հայր Սուրբը, ուխտաւորներուն բացատրութիւններ տուաւ երկու ուխտատեղիներուն մասին եւ անդրադարձաւ Սուրբ Շարպէլի թողած հոգեւոր ժառանգութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեան վառ օրինակին եւ թէ ինչպէս Սուրբերուն կեանքը մեր հաւատքի կրակը կը բորբոքէ։

Յայտնենք, թէ Windsor-ի Սուրբ Շարպէլ եկեղեցին աղօթքի տուն է նաեւ Windsor-ի Սուրբ Ստեփանոս Հայ համայնքին, որոնք ամսական դրութեամբ կը հաւաքուին իրենց սուրբ պատարագը մատուցանելու համար։ Այս առիթով, Թորոնթոյէն գացող ուխտաւորները դիմաւորուեցան եւ հիւրընկալուեցան Windsor-ի հայ համայնքի ներկայացուցնչներուն կողմէ, գլխաւորութեան Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Հրանդ Գէորգեանի, որ կ՛այցելէ եւ կը հոգայ Windsor-ի հայ համայնքի հոգեւոր կարիքները։
Ուխտաւորները տուն վերադարձան նորոգուած եւ Աստուծոյ հանդէպ շնորհակալ հոգիով։