ՈՐՈ՞ՒՆ ՈՐԴԻՆ Է ՔՐԻՍՏՈՍ ԵՒ ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԼՈՒՄԱՆ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Գղ 2.1-10):

«Այն ատեն՝ Յակոբոս, Կեփաս (Պետրոս) եւ Յովհաննէս, որոնք եկեղեցւոյ սիւները կը համարուէին, ճանչցան Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքը, իմ եւ բառնաբասի ձեռքը թօթուելով հաւանութիւն տուին որ մենք հեթանոսներուն մէջ աշխատինք, իսկ իրենք՝ հրեաներուն» (Գղ 2.9):

Աւետարանին քարոզութիւնը յայտնութիւններով տեղի ունեցաւ: Իսկ Հին Կտակարանի ժամանակաշրջանին, Աստուած եբրայեցիներու նախահայրերուն ու մարգարէներուն հետ խօսեցաւ Օրէնքի ու մարգարէութեան միջոցով: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ուրեմն Օրէնքը մեր խնամակալ դաստիարակը եղաւ, մեզ Քրիստոսի առաջնորդելով, որպէսզի հաւատքով արդարանանք» (Գղ 3.24): Մատթէոս աւետարանիչ, որ նորադարձ եբրայեցիներուն մէջ Աւետարանին՝ Քրիստոսի բերած փրկութեան բարի լուրին քարոզութիւնը բազմաթիւ մարգարէական մէջբերումներով կատարած, որոնք կ’ապացուցեն Քրիստոսի յայտնութիւնը որպէս Մեսիա:

Պետրոս առաքեալ, որ կրկին եբրայեցիներու մէջ քարոզեց, կը վկայէ. «Ահա թէ ինչու՝ հիմա աւելի ամրօրէն կապուած ենք մարգարէական վկայութիւններուն. եւ լաւ կ’ըլլայ որ դուք ալ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք անոնց, որովհետեւ անոնք այն ճրագն են, որ մութ տեղը լոյս կու տայ, մինչեւ բացուի այն օրուան արշալոյսը եւ առաւօտեան Աստղը ծագի ձեր սրտերուն մէջ» (Բ.Պտ 1.19):

Հեթանոսներուն մէջ հրաշքներով, զօրութիւններով, տեսիլքներով ու իմաստութեամբ եղաւ Աւետարանին քարոզութիւնը: Գործք Առաքելոցի մէջ օրինակներ կը գտնենք հեթանոսներու փրկութեան մասին: Կոռնելիոս, որ հարիւրապետ մըն էր, աղօթած պահուն տեսիլք մը ունեցաւ, ուր հրեշտակը յայտնեց անոր՝ Քրիստոսի գալստեան եւ փրկութեան մասին: Եթովպիացի Ներքինին քրիստոնէութիւնը ընդունեց Փիլիպպոս սարկաւագի միջոցաւ: Փիլիպպէի բանտապետը ու անոր տունի անդամները՝ Պօղոս եւ Շիղա, առաքեալներու միջոցաւ: Մելիտէ կղզիի բնակիչները, դարձեալ՝ Պօղոս առաքեալի միջոցաւ: Էականը Յիսուս Քրիստոսը ընդունիլն է, մարգարէութեան թէ հրաշքներու եւ Աստուծոյ զօրութեան ճամբով:

«Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին» (Ա.Տիմ 2.4): Սամարացիներու փրկութիւնը մեղաւոր կնոջ մը միջոցով եղաւ: Պետրոս՝ Կեփաս, Յովհաննէս եւ Յակոբոս  երբ տեսան թէ հեթանոսներուն մէջ եւս Աւետարանը կը քարոզուի, բազմաթիւ վկայութիւններով հաւանութիւն տուին, Պօղոս ու Բառնաբասի հետ ձեռնուելով:

Այսօրուան դրութեամբ, Աւետարանի քարոզութիւնը չէ սահմանափակուած, այլ ամբողջ տիեզերքի մէջ կը քարոզուի եւ կարելի չէ զայն սահմանել: Ինչպէս մեր Տէրը կ’ըսէ. «Արքայութեան Աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ աշխարհի մէջ իբրեւ վկայութիւն բոլոր ժողովուրդներուն» (Մտ 24.14):

Այսօր լրատուամիջոցներով, համացանցով, արբանեակային հեռահաղորդումով, եկեղեցիներով ու եկեղեցականներով, գիրով եւ գրականութեամբ՝ բոլոր լեզուներով կը կատարուի Արքայութեան Աւետարանի քարոզութիւնը: Այս բոլորը ապացոյցներ են, որ Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը  մօտեցած է:

ՄԱՐԿՈՍԻ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.35-44:

Որո՞ւն որդին է Քրիստոս.

Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ընթացքին  հարցուց ժողովուրդին.

-Օրէնքի ուսուցիչները ինչպէ՞ս կ’ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, երբ Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ’ըսէ.- «Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.- Աջ կողմս նստէ մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ  դնեմ  որպէս պատուանդան»: Եթէ Դաւիթ զայն տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոսը անոր որդին է:

Ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ’ընէր Յիսուսի, որ իր ուսուցումները շարունակելով կ’ըսէր.

-Զգո՛յշ եղէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր զգեստներով շրջիլ, հրապարակներուն վրայ մարդոցմէ յարգալիր բարեւներ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը: Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ’երկարեն: Ասոր համար աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին:

ԱՅՐԻ  ԿՆՈՋ  ԼՈՒՄԱՆ

Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ: Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին: Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ քանի մը դահեկան կ’ընէր: Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.

-Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարնրէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը:

Ընդհանրապէս եբրայեցի ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար Օրէնքի ուսուցիչներուն համար հիմնական հարց էր խոստացուած Փրկիչին ինքնութիւնը՝ թէ ո՞վ պիտի ըլլար Ան: Անոնք իմանալով Հին Կտակարանեան ուսուցումներէն եւ մարգարէութիւններէն կը հաւատային, թէ Փրկիչը Դաւիթ մարգարէին սերունդէն պիտի ըլլար: Իսկ Քրիստոս կ’ըսէր. Օրէնքի ուսուցիչները ինչպէ՞ս կ’ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, երբ Դաւիթ ինք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած կ’ըսէ.

«Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.- Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուրդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան» (Մր 12.35-36):

Ճշմարութիւնը այն է, որ Քրիստոս որպէս կատարեալ մարդ, ծնաւ Ս. Կոյս Մարիամէն, այսինքն՝ Դաւիթ թագաւորին սերունդէն եւ նաեւ կատարեալ Աստուած էր, որ ժամանակներէն առաջ իսկ գոյութիւն ունէր, Դաւիթի Տէրն էր եւ ո՛չ թէ անոր որդին:

Քրիստոս մարդոց կը զգուշացնէր նաեւ փարիսեցիներու անօրէնութիւններէն, եւ կը դատապարտէր անոնց կեղծաւորութիւնը: Անոնք մակերեսային սկզբունքներու տէր մարդիկ էին, առանց ճշմարիտ ուսուցիչներ ըլլալու: Անոնք Օրէնքը շատ լաւ գիտնալով հանդերձ Օրէնքին դէմ կը գործէին, հետեւաբար իրենց կեղծաւորութեան պատճառով, Քրիստոսի «Վայ»երուն արժանացան եւ որոնց համար Քրիստոս ըսաւ. «Աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն  պիտի ընդունին» (Մր 12.40):

Մարկոս աւետարանիչ մեզի կը պատմէ նաեւ  հետեւեալ դրուագը, թէ ինչպէս Քրիստոս տաճարի գանձանակին մօտ կեցած կը դիտէր անոնց, որոնք նուէրներ կը ձգէին գանձանակին մէջ. (Մր 12.42-44): Քրիստոս կ’եզրակացնէ, թէ այն այրի կինը որ միայն երկու լումայ ձգեց ու անցաւ, ան ամէնէն շատ դրամ նետած եղաւ: Նիւթական արժէքին մասին չէ խօսքը, այլ՝ կամեցողութեան: Քրիստոս կը շեշտէ, թէ նուէրին քանակը կարեւոր չէ, այլ սրտաբուխ ըլլալն է եւ մանաւանդ՝ նուիրողին նպատակը: Քրիստոս կը շեշտէ թէ երբ աջ ձեռքդ ողորմութիւն մը ընէ, ձախը թող չիմանայ, այսինքն՝ գաղտնօրէն պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ փառաբանուելու կամ գովասանք ստանալու համար:

Քրիստոս կ’ըսէ. «Անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (Մր 12.44): Այսինքն՝ ինք կարիքաւոր ըլլալով հանդերձ եւ իր չքաւորութեանը մէջ, ինչ որ ունէր եւ հաւանաբար իր որբուկներուն հացի բաժինն էր, որ ձգեց գանձանակին մէջ, եւ ոչ թէ իր աւելորդէն:

Սիրելի հաւատացեալ, տաճարին մէջ դրուած գանձանակը խորքին մէջ մեր կեանքը կը խորհրդանշէ, որ Աստուած պարգեւած է մեզի: Այրի կնոջ օրինակը կոչ մըն է մեր բոլորին, որ Աստուծմէ մեզի շնորհուած այս կեանքը արժեւորենք եւ արդիւնաւորենք: Այսօր ձեր թանկագին լումաները մի՛ մսխեք վաղանցուկ հաճոյքներու եւ յումպէտս վատնելու զանոնք, այլ այրի կնոջ նման զայն արժեւորենք   յաւիտենական կեանքը վաստակելու համար:

Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան