ՈՏՆԼՈՒԱՅ

Ոտնլուան, Հայց.Առաքելական Եկեղեցւոյ արարողութիւններու մէջ եզակի է իր բովանդակութեամբ եւ իմաստով: Ան խոնարհութեան մեծագոյն օրինակն է, պատմուած Աւետարանի այն դրուագով, երբ Յիսուս Վերնատան մէջ, ծունկի գալով իր աշակերտներուն դիմաց, մէկ առ մէկ կը լուայ անոնց ոտքերը:

Արդարեւ նոյն օրինակին հետեւելով, Հինգշաբթի 2 Ապրիլ 2026-ի Երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ.Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեան նախագահեց եւ Ոտնլուայի կարգը կատարեց, ինչպէս նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց:

Սրբազան Հայրը իր պատգամի ժամանակ ըսաւ. «Ոտնլուան մեզ կը հրաւիրէ խոնարհութեամբ եւ սիրով ծառայելու։ Սէրը կը խոնարհի, կը ծառայէ, կը մաքրէ եւ ուրիշներուն բեռը կը թեթեւցնէ։ Այո՛, քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքը նոյնպէս պէտք չէ հանդիսատեսի կեանք ըլլայ, այլ նուիրումի եւ զոհողութեան կեանք»։

Այս տարուան Ոտնլուան կատարուեցաւ թիւով 12 ազգայիններու, որոնք եկեղեցւոյ կառուցման առթիւ Կնքահայրութիւնը ստանձնած էին, եւ տարուայ ընթացքին զանազան առիթներով իրենց կամաւոր ծառայութիւնը կը մատուցեն եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ՝ ուխտաւորաբար ներկայացած հայորդիներուն անխտիր: