Ամէն տարի, երբ Ապրիլ 24-ը կը մօտենայ, մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ հին վէրք մը դարձեալ կը բացուի։ Ժամանակը անցած է, սերունդները փոխուած են, աշխարհը նոր պատմութիւններ գրած է, բայց Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւը տակաւին կը մնայ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ՝ ոչ միայն իբրեւ անցեալի ողբերգութիւն, այլ իբրեւ հարց, որ կը բարձրանայ մեր խղճին, մեր հաւատքին եւ երբեմն նոյնիսկ Աստուծոյ դիմաց։
Այդ հարցումն է՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած»։
Ո՞ւր էիր, երբ մեր ժողովուրդը տեղահան կ’ըլլար իր հայրենի տուներէն։ Ո՞ւր էիր, երբ մայրեր իրենց զաւակները կը կորսնցնէին անապատներու մէջ։ Ո՞ւր էիր, երբ եկեղեցիներ կը քանդուէին, խաչեր կը պղծուէին, եւ անմեղներու աղաղակը երկինք կը բարձրանար։ Ո՞ւր էիր, երբ ժողովուրդ մը, որ դարերով Քեզի երգած էր, Քեզի աղօթած էր, Քու Խաչիդ հաւատացած էր, կը խաչուէր պատմութեան անողոք բեմին վրայ։
Այս հարցումը անհաւատութեան հարցում մը չէ անպայման։ Ընդհակառակը, երբեմն անիկա ամենախոր հաւատքի աղաղակն է։ Միայն այն մարդը, որ կը հաւատայ Աստուծոյ ներկայութեան, կրնայ հարցնել՝ «Ո՞ւր էիր»։ Ցաւին դիմաց կանգնած, կը հարցնենք, որովհետեւ կը սպասենք, կը յուսանք, կը պայքարինք հասկնալու համար։ Ուրեմն, այս հարցումը մեր ժողովուրդի հոգեւոր մաքառումն է՝ ոչ թէ Աստուած ուրանալու, այլ տառապանքին մէջ Աստուծոյ դէմքը փնտռելու։
Այս հարցումը Սուրբ Գիրքին ալ օտար չէ։ Սաղմոսին մէջ կը կարդանք «Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։ Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար» (Սղ 22.1)։ Աւելի՛ն, այս նոյն աղաղակը մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, խաչին վրայ արտասանեց։ Բան մը, որ մտածել կու տայ մեզի, թէ Աստուած մարդկային տառապանքի ամենախոր մթութեան մէջ մտաւ եւ մարդոց տառապանքը Ի՛նք եւս կիսեց։ Աստուած հեռուէն՝ երկինքի ապահով լռութեան մէջէն չնայեցաւ մարդու ցաւին. մարդացաւ, տառապեցաւ, մերժուեցաւ, ծաղրուեցաւ, խաչուեցաւ եւ մահ ճաշակեց ու մասնակցեցաւ մեր ցաւին մէջ։ Աստուած միշտ չէ որ կը բացատրէ ցաւը, բայց Ան կը մտնէ այդ ցաւին մէջ։
Այդ իսկ պատճառով, երբ կը հարցնենք՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած», Խաչեալ Քրիստոս մեզի կը պատասխանէ ոչ թէ փիլիսոփայական երկար բացատրութեամբ, այլ Իր վէրքերով։ Ան կարծես կ’ըսէ. «Ես հոն էի՝ ձեր արցունքներուն մէջ, ձեր նահատակներուն աղօթքին մէջ, մայրերու լուռ տառապանքին մէջ, անապատին մէջ ինկած անմեղ մանուկներուն մօտ։ Ես հոն էի՝ ոչ իբրեւ բռնութեան հեղինակ, այլ իբրեւ տառապողին հետ տառապող Աստուած»։

Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը մեզի չի սորվեցներ, թէ ամէն պատահած բան Աստուծոյ կամքն է։ Ցեղասպանութիւնը Աստուծոյ կամքը չէր։ Սպանութիւնը, ատելութիւնը, բռնութիւնը, անարդարութիւնը եւ ժողովուրդ մը ոչնչացնելու ծրագիրը Աստուծմէ չեն գար։ Անոնք մարդկային մեղքի, խաւարի, չարի եւ Աստուծմէ հեռացած կամքի արդիւնք են։ Աստուծոյ կամքը կեանքն է, ոչ մահը։ Աստուծոյ կամքը սէրն է, ոչ ատելութիւնը։ Աստուծոյ կամքը արդարութիւնն է, ոչ անիրաւութիւնը։ Ուստի, երբ կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մենք պէտք է զգուշանանք ըսելէ, թէ «Աստուած այսպէս ուզեց»։ Ո՛չ։ Աստուած չուզեց, որ մանուկներ սովամահ ըլլան։ Աստուած չուզեց, որ մայրեր անապատին մէջ ողբան։ Աստուած չուզեց, որ ժողովուրդ մը ջնջուի իր հողէն, իր տունէն, իր եկեղեցիէն։ Չարը Աստուծոյ կամքին հակառակ է։
Բայց Աստուած գործեց նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ չարը կարծեց, թէ յաղթեց։ Ան գործեց նահատակներու հաւատքին մէջ։ Ան գործեց այն շրթունքներուն վրայ, որոնք մահուան դիմաց անգամ Տէրունական աղօթքը արտասանեցին։ Ան գործեց այն մայրերուն մէջ, որոնք իրենց զաւակներուն սորվեցուցին խաչակնքել, նոյնիսկ երբ ամէն բան կորսուած կը թուէր։ Ան գործեց որբերու վերապրումին մէջ, վերապրողներու կամքին մէջ, եկեղեցիներու վերաշինութեան մէջ, եւ հայ ժողովուրդի յարութեան մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր ժողովուրդի Գողգոթան էր։ Բայց հայ ժողովուրդը Գողգոթայի վրայ չմնաց։ Ինչպէս Քրիստոսի Խաչը վերջակէտ չեղաւ, այլ Յարութեան ճամբայ բացաւ, այնպէս ալ մեր ժողովուրդի տառապանքը վերջնական ոչնչացումի չվերածուեցաւ։ Մեզ ուզեցին լռեցնել, բայց մենք դարձեալ երգեցինք։ Մեզ ուզեցին առանց հաւատքի ձգել, բայց մենք դարձեալ եկեղեցի կառուցեցինք։ Մեզ ուզեցին առանց յիշողութեան թողուլ, բայց մենք դարձեալ մեր նահատակներուն անունը սուրբ պահեցինք։ Մեզ ուզեցին առանց ապագայի դարձնել, բայց մենք դարձեալ զաւակներ ունեցանք, դպրոցներ հիմնեցինք, աղօթեցինք, գրեցինք, ստեղծեցինք եւ ապրեցանք։
Այս յարութիւնը մարդկային յամառութիւն չէ։ Անիկա Աստուծոյ գործն է՝ հոգեւոր վկայութիւն է։ Վերապրիլ՝ առանց ատելութեան մէջ կորսուելու, յիշել՝ առանց հոգին թունաւորելու, արդարութիւն պահանջել՝ առանց մարդասպանին նմանուելու, ասիկա քրիստոնէական ուժ է։ Մեր նահատակները մեզի թողուցին ոչ միայն ցաւի ժառանգութիւն, այլ նաեւ հաւատքի պատգամ։ Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, թէ կեանքը մահէն զօրաւոր է, լոյսը՝ խաւարէն, ճշմարտութիւնը՝ ուրացումէն, եւ Աստուծոյ սէրը՝ մարդկային չարութենէն։
Այսօր, երբ կը հարցնենք՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած», թերեւս պէտք է նաեւ մենք մեզի հարցնենք՝ «Ո՞ւր ենք մենք այսօր»։ Ո՞ւր ենք մենք մեր նահատակներու յիշատակին դիմաց։ Ո՞ւր ենք մենք մեր հաւատքին մէջ։ Ո՞ւր ենք մենք արդարութեան պայքարին մէջ։ Ո՞ւր ենք մենք մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր եկեղեցին եւ մեր ինքնութիւնը պահելու պարտաւորութեան մէջ։ Որովհետեւ նահատակներու յիշատակը միայն ծաղիկ դնել չէ։ Անոնց յիշատակը կը պահանջէ կենդանի պատասխան՝ հաւատքով ապրիլ, ճշմարտութիւնը պահել, սուտին դէմ կանգնիլ, եւ նոր սերունդներուն փոխանցել այն, ինչ որ մեր ժողովուրդը փորձեց արիւնով փրկել։
Աստուած լուռ չէր Ցեղասպանութեան մէջ։ Մարդկային աղմուկը, բռնութեան ձայնը եւ մահուան մթութիւնը մեզի երբեմն այնպէս զգացնել տուին, թէ երկինքը փակուած էր։ Բայց Աստուծոյ ներկայութիւնը միշտ ալ ամենաբարձր ձայնով չի յայտնուիր։ Երբեմն Ան կը յայտնուի լուռ արցունքին մէջ, խաչին տակ կանգնած մօր համբերութեան մէջ, նահատակին վերջին աղօթքին մէջ, որբի փրկուած կեանքին մէջ, եւ ժողովուրդի մը անկոտրում յարութեան մէջ։
Ուստի մեր հարցումը՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած», թող աղօթք ըլլայ, որ Տէ՛րը, մնա՛ մեզի հետ, մնա՛ մեր յիշողութեան մէջ, մնա՛ մեր ցաւին մէջ, մնա՛ մեր արդարութեան պահանջին մէջ, մնա՛ մեր ժողովուրդին մէջ։ Եւ այդ ժամանակ, թերեւս մեր հոգիները պիտի լսեն խաչեալ բայց յարուցեալ Տիրոջ ձայնը. «Ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը»։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան