Աղօթք Վասն Հայ եկեղեցւոյ
Տէր, պահէ՝ Տունը հրաշակերտ, ոյր կառուցքին կազմն ու ծիր
Փողփողենէջ լոյսին շողովը դուն ինքնին գըծեցիր,
Ու կամեցար որ փոքրիկ Հօտըդ զայն ընէ ապաստան
Խարխլած կեանքին իր եւ հոգւոյն՝ իբրեւ Տապան փըրկութեան։
Փութա՛, հասի՛ր, այցելութեան ժամ է արդ, Տէր ապաւէն,
Տե՛ս վիշտն ու մահ, աղէտքն ու չարն ի՞նչպէս իր դէմ կը դաւեն։
Փըրթած՝ ժայռէն ան իր հիմքին, զերդ հողմակոծ նաւ մը մութ՝
Մերթ լոյծ լերանց բարձրերը, մերթ դէպի անդունդ խորամուտ,
Ցասկոտ ու խօլ կոհակներուն մէջ կը ծեծուի տարուբեր,
Մինչ հզօրները ափունքէն զայն կը դիտեն անտարբեր։

Կարկառէ՛ աջըդ, Տէր, փրկէ՛ զայն խութերէ, հէներէ,
Թո՛ղ խաչանիշ խարիսխիդ տեսքը իր մէջ Յոյսըդ հրահրէ։
Հրա՜շք. չէ խըլուած դեռ անոր կայմը իր կայքէն ամրակուռ,
Չէ պատըռտած առագաստին դեռ թըռչարանը մաքուր,
Չեն յօշոտուած կապարանները հաստապինդ զիստերուն,
Զի դեռ ղեկին ղամպարն – Հաւատքը – կը հեւայ մէջն անքուն։
Բայց կը գոռայ մրիկն իր շուրջ, մռայլն է պատեր իր չորս դին։
Խաղաղութեա՛ն Տէր, շո՛ւնչըդ, լոկ կըրնայ սաստել անդունդին։
Խարակներ թուխ՝ զերդ գազաններ յուշկապարիկ, փըրփրազայր
Յորձանքներէն յանկարծ ցըցած դուրս գլուխներնին բազմասայր,
Կը մղձկոտեն սիրտեն անոնց որ հոն մըթնած երկնից տակ
Կը գալարուին զահանդանքովը վիհերուն անյատակ։
Տէր սիրոյ՝ ոյր սըրտին ծնունդն է ամէն ինչ որ է բարի,
Պիտի ներե՞ս որ ողջ ազգի մ’հոգին այսպէս խաւարի։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒՇԵԱՆ 1969