ՇԱԲԹՈՒԱՅ  ՍՈՒՐԲԵՐԸ

Ս. ՄԱՐԿՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Ս. Մարկոս Աւետարանիչ Յիսուսի եօթանասուներկու աշակերտներէն եղած է:

Աւետարանիչը նոյն ինքն Յովհաննէս Մարկոսն է, որուն մասին յիշատակութիւններ կան Առաքեալներու Գործերուն եւ նամակներուն մէջ: Հաւանական է, Մարկոսի Աւետարանին մէջ յիշուած հետեւեալ համարը. «Երիտասարդ մը,  որ միայն կտաւով մը իր մերկութիւնը ծածկած էր, կը հետեւէր իրեն» (Մր14.51-52), իր մասին է որ կը խօսի:

Ան ծնած է բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ: Կը յիշատակուի որ Մարկոսին բնակարանը նշանաւոր եղած է որպէս Երուսաղէմի Քրիստոնեաներուն հաւաքատեղի: Ս. Մարկոս Ս. Պետրոս առաքեալի մտերիմ ընկերակիցն էր: Մարկոսի Աւետարանը չորս Աւետարաններէն ամէնէն կարճն է, ան կը բաղկանայ 16 գլուխներէ: Աւետարանիչը իր շեշտը կը դնէ Յիսուսի գերմարդկային զօրութեան վրայ, ուր կը ներկայացնէ զԱյն իբրեւ Աստուծոյ Որդի՝ ապացուցելու Անոր Աստուածութիւնը: Մարկոս Աւետարանիչ եբրայերէնէ յունարէնի կը թարգմանէր եւ կ’արձանագրէր Ս. Պետրոսի խօսածները: Ս. Մարկոս պարծանքն է նաեւ Վենետիկցիներուն, որոնք մինչեւ  այսօր պահած են անոր ամենահին ձեռագիրը անընթեռնելի վիճակի մէջ: Ս. Մարկոս Ս. Պօղոսէն բաժնուելով առանձնաբար կ’երթայ Եգիպտոս, Լիպիա եւ Պենտապոլիս, ուր կը քարոզէ, հրաշքներ կը կատարէ: Ապա անցնելով Աղեքսանտրիա այնտեղ կը ձերբակալուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներ կրելէ ետք կը նահատակուի:

Ս. ՂՈՒԿԱՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն՝ Ս. Ղուկաս Աւետարանիչը Նոր Կտակարանի երրորդ Աւետարանի ու Գործ Առաքելոցի հեղինակն է: Ծագումով յոյն: Ծնած է  Անտիոք, աշակերտած է Պօղոս առաքեալի եւ դարձած անոր հաւատարիմ գործակիցը: Պօղոս առաքեալի վկայութեամբ Ս. Ղուկաս մասնագիտութեամբ բժիշկ եղած է: Պօղոս առաքեալի նահատակութենէն ետք, կը հեռանայ Հռոմէն, շրջելով Աքայիա, Լիպիա, Եգիպտոս եւ Թեբայի, ամէնուրեք տարածելով Աստուծոյ խօսքը: Աւանդութեան համաձայն, կը նահատակուի Թեբայի մէջ Անդրէաս առաքեալի աճիւններուն հետ իր աճիւններն ալ կը փոխադրուի Կ.Պոլիս, Կոստանդին կայսեր օրով: Ս. Ղուկասի Աւետարանը կը բաղկանայ 24 գլուխներէ եւ նախատեսուած է հեթանոսութենէ դարձի եկողներուն համար: Աւետարանիչը իր ձեռքին տակ ունենալով այլ աղբիւրներ, կը փորձէ աւելի համակարգուած ներկայացնել իր գործը:

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Ս. Յովհաննէս կոչուած է սիրոյ առաքեալ, որդին է Զեբէթէոսի եւ Սողոմէի. ծնած է Գալիլիոյ մէջ: Ան իր եղբօր՝ Յակոբոսի հետ նախ աշակերտած էր Յովհաննէս Մկրտիչին:  Արհեստով ձկնորս էր: Աւանդութեան համաձայն Ս. Յովհաննէս կանուխ տարիքին կանչուած է Քրիստոսի առաքեալ կոչուելու: Ան օժտուած էր հաւատարմութեան առաքինութեամբ: Մինչեւ Խաչ կը հետեւի Քրիստոսի եւ չի լքեր իր Տէրը, եւ Յիսուս որպէս վարձատրութիւն Իր մայրը կը յանձնէ իրեն: Սուրբ Կոյսը կը մնայ սիրոյ առաքեալին մօտ, մինչեւ երկինք փոխադրուիլը: Ս. Յովհաննէս իր աւետարանը կը գրէ 97թուին, որ իր բնույթով եւ բովանդակութեամբ կը տարբերի միւս երեք աւետարաններէն: Առաքեալը պատմական դէպքերը նկարագրելէ անդին, ուշադրութիւն դարձուցած է յատկապէս, Քրիստոսի աստուածութեան անհերքելի ճշմարտութեան հաստատումին: Ան իր կեանքի աւարտին կ’աքսորուի Պատմոս կղզին, ուր Ս. Հոգիով լեցուած, կը գրէ «Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքը: Կը մահանայ բնական մահով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան