Ի պատիւ Հայրապետական Սուրբ Աթոռի արժանընտիր գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ առաջին Կաթողիկոսի գահակալութեան 30-ամեայ յոբելեանին՝ լոյս տեսաւ երկլեզու (Հայերէն եւ Անգլերէն) պատկերազարդուած հատոր մը, որ համապարփակ կերպով կը բովանդակէ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական ծառայութեան ընդմէջէն Սուրբ Աթոռին պատմութեան գիրքին մէջ դրոշմած անկրկնելի առաքելութիւնը, որ կը շողարձակուի Սուրբ Աթոռէն դէպի Հայ Եկեղեցի, ազգ եւ հայրենիք։
Յայտնենք, որ յիշեալ պատկերազարդուած հատորը Նորին Սրբութեան 30-ամեայ շնորհազարդուած առաքելութեան միայն հպանցիկ մէկ բաժինը կը ներկայացնէ: Կարելի չէ ըսել, որ անիկա ամբողջական եւ կատարեալ հատոր մըն է, որովհետեւ միա՛յն 400 էջերու մէջ կարելի չէ 30-ամեայ առաքելութիւն մը ամփոփել։ Հայրապետը իր կեանքը գերազանցօրէն առաքելութեան վերածեց, եւ հետեւաբար կարելի չէ կեանք մը լոկ հատորով մը պատկերել։