Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ ԵՒ ՍՆՈՒՆԴԸ» ԾՐԱԳԻՐԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Կենսոլորտը եւ սնունդը» ծրագիրի պատասխանատուները, ծրագիրի տնօրէն փրոֆ. Շատի Համատայի գլխաւորութեամբ:

Այցելութեան նպատակն էր յիշեալ ծրագիրի աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը ներկայացնել Նորին Սրբութեան եւ իրմէ իմանալ համայնքներն ու կազմակերպութիւնները գործնապէս մասնակից դարձնելու կարելիութիւններուն մասին:

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ նման ծրագիր մը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աջակցութեամբ ի գործ դրուած է Լիբանանի մէջ: Որեւէ ծրագիր, որուն նպատակը կենսոլորտի առողջ պահպանումն է՝ սիրելի է մեզի համար, եւ կը հաւատամ, որ սիրելի է առողջ մտածող որեւէ համայնքի, կազմակերպութեան կամ պետութեան համար եւս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Ան իր խօսքը շարունակելով՝ շեշտեց, թէ կենսոլորտային հարցերը տեսական չեն, այլ գոյութենական են եւ պատճառ կը հանդիսանան ահաւոր ողբերգութիւններու, որոնց մասին յաճախ կը լսենք, նաեւ որոշ չափով ականատես կ՚ըլլանք՝ նոյնիսկ Լիբանանին մէջ:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ կենսոլորտային հարցերու լուծման գծով միջազգային համայնքին առած որոշումները ու որդեգրած քաղաքականութիւնը դժբախտաբար չեն համապատասխաներ կենսոլորտային հարցերուն յառաջացուցած ահաւոր վտանգներուն: Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է յիշեցնել պետութիւններուն՝ ստանձնելու իրենց պարտաւորութիւնները ապագայի նկատմամբ:

Ներկաները մեծապէս գոհ մնացին Հայրապետին տուած բացատրութիւններէն ու կատարած վերլուծումներէն եւ հրաւիրեցին զինք նոյն նիւթին շուրջ հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: